Յունաց հիմնարկի ընտրութիւնն ալ ջնջուած

Հայ հա­մայնքէ ներս Սուրբ Եր­րորդու­թիւն եկե­ղեց­ւոյ ընտրու­թեան յանձնա­խումբի ձեռ­քով գոր­ծո­ւած խայ­տա­ռակու­թեան նմա­նը իրա­կանա­ցած է յոյն հա­մայնքէ ներս, այս ան­գամ Մեծ Կղզիի որ­բա­նոցի վար­չութեան ընտրու­թեան մի­ջոցին։ Ար­դա­րեւ այստեղ ալ Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թիւնը առար­կեց կա­տարո­ւած գայ­թակղու­թեան դէմ եւ ընտրու­թիւնը չե­ղեալ հա­մարեց։

Նշենք որ ընտրու­թեան յանձնա­խումբը մեր­ժած էր երկրորդ ցան­կի մը մաս­նակցու­թիւնը։ 52 ձայ­ներ գոր­ծա­ծուած ընտրու­թեան ըն­թացքին 18 ձայ­ներ ան­զօր հռչա­կուե­ցան եւ 6 ալ պա­րապ քո­ւէ գոր­ծա­ծուե­ցաւ։

Բո­ղոք­նե­րու եւ առար­կութիւննե­րու դի­մաց Վա­քըֆ­նե­րու Շրջա­նային Տնօ­րէնու­թիւնը որո­շեց ընտրու­թեան նոր յանձնա­խումբ մը կազ­մա­կեր­պել եւ ընտրու­թիւնը կրկնել ամե­նակարճ ժա­մանա­կի ըն­թացքին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ