Արցախը անջատուած է աշխարհէն

Արդէն երեք շա­բաթէ աւե­լի, որ Ար­ցա­խը աշ­խարհին կա­պող միակ ճամ­բան՝ Լա­չինի մի­ջանցքը, կը շա­րու­նա­կէ մնալ փակ։ Մի­ջանցքը 12 Դեկ­տեմբե­րին փա­կեցին իրենց զի­րենք բնա­պահ­պան անո­ւանող ատրպէյ­ճանցի­ները։

Այս շրջա­փակ­ման պատ­ճա­ռով, բա­ւական մեծ վտան­գի դէմ յան­դի­ման կը գտնո­ւին Ար­ցա­խի 120 հա­զար բնա­կիչ­նե­րը։

Խախ­տած են ան­ձե­րու ազատ տե­ղաշար­ժի, նո­ւազա­գոյն կեն­սա­մակար­դա­կի ապա­հով­ման, բժշկա­կան խնամք ստա­նալու, կրթու­թեան եւ մարդկա­յին տար­րա­կան այլ իրա­ւունքներ։

Ար­ցա­խի մէջ գոր­ծող խա­նութնե­րը, դե­ղարան­նե­րը եւ շու­կա­ները գրե­թէ դա­տարկ են։ Ար­ցա­խի կա­ռավա­րու­թիւնը 29 Դեկ­տեմբե­րէն, ու­տե­լիքի հան­րա­յին ծա­ռայու­թիւննե­րու մա­տու­ցումը սահ­մա­նափա­կելու որո­շում տո­ւաւ։ Ար­ցա­խի մէջ խա­նութնե­րը մա­տակա­րարումներ կը ստա­նան պա­հես­տա­յին մի­ջոց­նե­րէ՝ միայն կա­ռավա­րու­թեան որո­շու­մով:

Հի­ւան­դա­նոց­նե­րուն մէջ ոչ-ան­մի­ջական վի­րահա­տու­թիւններ չեն կա­տարո­ւիր. ըստ 30 Դեկ­տեմբե­րի տո­ւեալ­նե­րուն՝ «Արե­ւիկ» բժշկա­կան հիմ­նարկին մէջ, 12 մա­նուկներ կը գտնո­ւին նո­րածին­նե­րու եւ վե­րակեն­դա­նաց­ման բա­ժան­մունքնե­րուն մէջ։ «Հան­րա­պետա­կան բժշկա­կան կեդրոն»ին մէջ 12 հի­ւանդներ կը գտնո­ւին վե­րակեն­դա­նաց­ման բա­ժան­մունքին մէջ. անոնցմէ 5-ը ծայ­րա­յեղ ծանր վի­ճակի մէջ են։

13 Դեկ­տեմբե­րին, Ար­ցա­խի պե­տական նա­խարա­րի խորհրդա­կան Ար­տակ Բեգ­լա­րեան եւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րի պաշ­տօ­նակա­տար Դա­ւիթ Բա­բայեան յայ­տա­րարե­ցին, որ Լա­չինի մի­ջանցքը փա­կած ան­ձե­րը ոչ թէ բնա­պահ­պա­նական գոր­ծիչներ են, ինչպէս կը ներ­կա­յանան, այլ Ատրպէյ­ճա­նի յա­տուկ ծա­ռայու­թիւննե­րուն եւ բա­նակին մէջ աշ­խա­տող մար­դիկ։Մի­ջանցքը փա­կելու առա­ջին իսկ օրե­րէն տա­րածո­ւած են տե­սանիւ­թեր եւ լու­սանկար­ներ, որոնք կը վկա­յեն, որ ճամ­բան փա­կած ան­ձե­րուն մէջ կան նաեւ թրքա­կան ծայ­րա­յեղա­կան «Գորշ գայ­լեր» կազ­մա­կեր­պութեան հա­մակիր­ներ։

«Ար­ցա­խի բնակ­չութեան առաջ­նա­յին կա­րիք­նե­րու ապա­հով­ման հա­մար պե­տական պա­հուստա­յին պա­շար­նե­րէն որոշ ապ­րանքա­տեսակ­նե­րու մա­տակա­րարում կ՛իրա­կանա­ցուի խա­նութնե­րուն»։ 3 Յու­նո­ւարին այս հաս­տա­տու­մը կա­տարեց պե­տական նա­խարար Ռու­բէն Վար­դա­նեանի գրա­սենեակը, որ կա­րեւոր նկա­տեց ապ­րանքա­տեսակ­նե­րու հա­մաչափ բաշ­խումը, որ­պէսզի բնակ­չութիւ­նը կա­րելիու­թիւնը ու­նե­նայ զա­նոնք ձեռք բե­րելու բո­լոր խա­նութնե­րէն։

Եթէ ճա­նապար­հը չբա­ցուի…

Ար­ցա­խի մէջ մարդկա­սիրա­կան ճգնա­ժամը կան­խե­լու հա­մար դա­տապար­տող յայ­տա­րարու­թիւննե­րէն բա­ցի, անհրա­ժեշտ է, որ մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյցնե­րը յստակ պատ­ժա­միջոց­ներ կի­րար­կեն Ատրպէյ­ճա­նի նկատ­մամբ, որով­հե­տեւ ար­ցա­խահա­յու­թիւնը վտան­գա­ւոր վի­ճակի դէմ յան­դի­ման է։ «Ազա­տու­թեան» հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցի մը ըն­թացքին այս ահա­զան­գը հնչե­ցուց Ար­ցա­խի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րի պաշ­տօ­նակա­տար Դա­ւիթ Բա­բայեան՝ աւելցնե­լով, որ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րը ինքնին ա՛յս ուղղու­թեամբ քայ­լե­րու պէտք է ձեռ­նարկեն։

«Դա­տապար­տել պէտք է այդ յայ­տա­րարու­թիւննե­րի տես­քով, եւ ի հար­կէ շատ կա­րեւոր է, որ­պէսզի պատ­ժա­միջոց­ներ կի­րառէր Ատրպէյ­ճա­նի նկատ­մամբ։ Խնդիրն այն չէ, որ մենք պէտք է այս ամէ­նը ցոյց տանք որ­պէս յաղ­թա­նակ կամ պար­տութիւն։ Պար­զա­պէս հու­մա­նիտար ճգնա­ժամը, ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը կան­խե­լու հա­մար։ Ու­րիշ ոչ մի բան մեզ այս պա­հի դրու­թեամբ պէտք չէ», ըսաւ ան։

Ըստ Դա­ւիթ Բա­բայեանի՝ մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյցնե­րը, որոնց կար­գին Կար­միր Խա­չը, ՄԱԿ-ը, մար­դա­սիրա­կան օգ­նութեան զու­գա­հեռ, պէտք է նաեւ յայ­տա­րարու­թիւննե­րով հան­դէս գան՝ այ­լա­պէս 120 հա­զար ան­ձեր սո­վամահ պի­տի ըլ­լան։ Ըստ անոր՝ ներ­կայ դրու­թեամբ Ար­ցա­խի մէջ կայ դե­ղորայ­քի, ու­տե­լիքի եւ վա­ռելի­քի խիստ պա­կաս եւ 30 հա­զար մա­նուկներ այս իրա­վիճա­կին մէջ կը փոր­ձեն գո­յատե­ւել։ «Մենք ի հար­կէ շնոր­հա­կալ ենք, որ Կար­միր Խա­չը նման քայ­լեր է ձեռ­նարկում՝ տե­ղափո­խում է բեռ­ներ եւ այլն, փոր­ձում են օգ­նել ըստ ամե­նայ­նի, բայց կա­րեւոր է շատ նաեւ, որ քա­ղաքա­կան հա­մապա­տաս­խան պատ­գամներ հնչե­ցուեն։ Մարդկանց օգ­նե­լը շատ լաւ է, ծայ­րա­յեղ դէպ­քե­րում ինչ-որ բան տե­ղափո­խելը շատ լաւ է, բայց չէ՞ որ լա­ւագոյն տար­բե­րակը այն է, որ­պէսզի այդ ահա­բեկ­չութիւ­նը Ար­ցա­խի նկատ­մամբ կան­գնեցո­ւի։ Դրա հա­մար նոյն Կար­միր Խա­չը, ՄԱԿ-ը, մար­դու իրա­ւունքնե­րի պաշտպան­նե­րը, տար­բեր կա­ռոյցներ պէտք է լծո­ւեն այդ գոր­ծին։ Սա ոչ այլ ինչ է, քան մար­տահրա­ւէր քա­ղաքա­կիրթ աշ­խարհին։ Որով­հե­տեւ մի ողջ ժո­ղովուրդ սո­վամահ է լի­նում։ Ոչ մի բան… ու­րիշ երկրնե­րում պա­րում են, Ձմեռ պա­պից ինչ որ ակնկա­լիք­ներ են սպա­սում երե­խանե­րը։ Մեր երե­խաներն էլ հաց չու­նեն ու­տե­լու, սո­ված են», ըսաւ Բա­բայեան:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ