Սահմանադրական Ատեանի յուսադրիչ վճիռը

Հայկական երկու հաստատութիւններ յուսադրուեցան արդէն իրենց սեփականութիւնը հանդիսացող կալուածներու վերատիրանալու առումով։ Այսպէս Վաքըֆգիւղի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ թաղականութիւնը 27 կտոր կալուածի վերատիրանալու համար դիմում կատարած էր Սահմանադրական Ատեան։

Նոյն դատարանին դիմած էր նաեւ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը։ Սահմանադրական Ատեանը այս դիմումները քննելով միաձայնութեամբ վճռեց թէ բռնագրաւուած են հայ հաստատութիւններու կալուածները եւ վճիռը ուղարկեց նախապէս բռնագրաւման որոշում կայացնող դատարաններուն։

Այժմ կ՚ակնկալուի թէ այս դատարանները վերատեսութեան պիտի մատնեն իրենց նախորդ վճիռները եւ պիտի վերադարձնեն կամ հատուցեն նախապէս գրաւուած այդ կալուածները։

Այս մասին Վաքըֆգիւղի եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Ճեմ Չափար «Ակօս»ին կը յայտնէ թէ խնդրոյ առարկայ կալուածները բացի Վաքըֆգիւղէն երբեմնի Մուսա Լերան եօթը գիւղերու տարածքին լքուած եկեղեցիներ, գերեզմաններ եւ այգիներ են։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ