Պատրիարք Հայրը Երուսաղէմի մէջ

Ն.Ա.Տ. Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք Հայ­­րը ձեռ­­նարկեց իր գա­­հակա­­լու­­թեան շրջա­­նի դէ­­պի Ս. Երու­­սա­­­ղէմ անդրա­­նիկ պաշ­­տօ­­­նական այ­­ցե­­­լու­­թեան։ Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թեան սոյն այ­­ցե­­­լու­­թիւնը հա­­մընկնե­­ցաւ Հին Տո­­մարով Սուրբ Ծննդեան տօ­­նակա­­տարու­­թեան օրե­­րուն։

Նոյն առ­­թիւ Սուրբ Երու­­սա­­­ղէմ կ՚այ­­ցե­­­լեն նաեւ Իս­­թանպու­­լէն, Հա­­յաս­­տա­­­նէն եւ ար­­տա­­­սահ­­մա­­­նէն բազ­­մա­­­թիւ ուխտա­­ւոր­­ներ։

Մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը, 17 Յու­­նո­­­ւար 2023, Երեք­­շաբթի առա­­ւօտ Իս­­թանպու­­լի Օդա­­կայա­­նէն մեկ­­նե­­­ցաւ Սուրբ Երու­­սա­­­ղէմ, ու­­ղեկցու­­թեամբ՝ գա­­ւազա­­նակիր Արժ. Տ. Շիր­­վան Քհնյ. Միւրզեանի։

Սոյն այ­­ցե­­­լու­­թեան ըն­­թացքին Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թեան շքա­­խումբի մաս կը կազ­­մեն Պատ­­րիար­­քա­­­րանի Հրա­­տարա­­կու­­թեան Բաժ­­նի Տե­­սուչ՝ Հոգշ. Տ. Յո­­վակիմ Աբղ. Սե­­րով­­բեան, Աթո­­ռանիստ Մայր Եկե­­ղեց­­ւոյ Երէց՝ Հոգշ. Տ. Գաս­­պար Աբղ. Կա­­րապե­­տեան, Պատ­­րիար­­քա­­­կան փո­­խանորդ Արժ. Տ. Գրի­­գոր Աւ. Քհնյ. Տա­­մատեան, Քա­­հանա­­յից դա­­սէն՝ Արժ. Տ. Նա­­թան Քհնյ. Արա­­պեան, Արժ. Տ. Ներ­­սէս Քհնյ. Այ­­վա­­­զեան, եւ Արժ. Տ. Մել­­քոն Քհնյ. Փը­­նար­­ճեան։

Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը Թէլ Ավի­­վի Պէն Կու­­րիոն օդա­­կայա­­նին մէջ դի­­մաւո­­րուե­­ցաւ Երու­­սա­­­ղէմի Պատ­­րիար­­քա­­­կան Ս. Աթո­­ռոյ Դի­­ւանա­­պետ՝ Հոգշ. Տ. Կո­­րիւն Վրդ. Պաղ­­տա­­­սարեանի կող­­մէ։

Ժա­­մը 13.30-ին Երու­­սա­­­ղէմի պատ­­մա­­­կան Եաֆա­­յի դրան առ­­ջեւ հա­­ւաքուած էր հո­­գեւո­­րական­­նե­­­րու, ուխտա­­ւոր­­նե­­­րու եւ ժո­­ղովուրդի մեծ բազ­­մութիւն մը։ Թա­­փորին կը գլխա­­ւորէր Ս. Աթո­­ռոյ Լու­­սա­­­րարա­­պետ Գերշ. Տ. Սե­­ւան Ար­­քեպս. Ղա­­րիպեան։

Սոյն դի­­մաւոր­­ման հան­­դի­­­սու­­թեան մաս­­նակցե­­ցան նաեւ Ս. Երկրի յա­­րանուանու­­թեանց ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րը՝ Ասո­­րի եպիս­­կո­­­պոսը, Ղպտի Եկե­­ղեց­­ւոյ միաբան­­ներ, Լա­­տին եկե­­ղեց­­ւոյ Կիւսթո­­տը, ինչպէս նաեւ Իս­­րա­­­յէլի մօտ Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պեու­­թեան Լիազօր Դես­­պա­­­նը։ Հան­­դի­­­սու­­թեան կը մաս­­նակցէր նաեւ Ս. Երկրի Հայ սկաուտնե­­րու խումբը։

Եաֆա­­յի դրան առ­­ջեւ Լու­­սա­­­րարա­­պետ Սրբա­­զան Հայ­­րը բա­­րի գա­­լուստ մաղ­­թեց Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թեան։ Հո­­գեւո­­րական­­նե­­­րու թա­­փօրը, սկաուտնե­­րու նո­­ւագի եւ ժո­­ղովուրդի ծա­­փող­­ջոյննե­­րով մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը առաջ­­նորդեց Հա­­յոց Վանք, ուր սկսաւ Հրա­­շափա­­ռի արա­­րողու­­թիւնը։

Սրբոց Յա­­կոբեանց Մայր Տա­­ճարի մուտքին երեք սար­­կա­­­ւագ­­ներ խունկով ըն­­դա­­­ռաջ ելան Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թեան եւ սկսաւ հո­­գեւո­­րակա­­նաց դա­­սու եւ դպիր­­նե­­­րու եր­­գե­­­ցողու­­թիւնը։

Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը հան­­դի­­­սաւո­­րապէս մուտք գոր­­ծեց Մայր Տա­­ճար, ուր կա­­նոնա­­կան ուխտի աղօթք կա­­տարեց Ս. Գլխադ­­րի Մատ­­րան մէջ։

Ապա դա­­սի մէջ կա­­տարո­­ւեցաւ կա­­նոնա­­կան աղօ­­թասա­­ցու­­թիւն։

Աւար­­տին՝ Լու­­սա­­­րարա­­պետ Սրբա­­զան Հայ­­րը բա­­րի գալստեան ու­­ղերձ ար­­տա­­­սանեց, որու ըն­­թացքին իր գո­­հու­­նա­­­կու­­թիւնը յայտնեց այն պա­­րագա­­յին հա­­մար, որ Պոլ­­սոյ Հա­­յոց Պատ­­րիար­­քը ուխտի կու գար Երու­­սա­­­ղէմ եւ Ս. Ծննդեան այս օրե­­րուն կը զօ­­րակ­­ցէր Ս. Աթո­­ռի զի­­նուո­­րեալ միաբա­­նու­­թեան։

18 Յու­­նո­­­ւար 2023, Չո­­րեք­­շաբթի սկսաւ Ս. Ծննդեան հան­­դի­­­սու­­թիւննե­­րը՝ դէ­­պի Բեթ­­ղե­­­հէմ եր­­թով։ Նոյն առ­­թիւ, Ս. Ծննդեան սրբա­­վայ­­րին մէջ տա­­ղաւա­­րի հան­­դի­­­սաւոր Ս. Պա­­տարա­­գը կը մա­­տու­­ցա­­­նէ Ն.Ա.Տ. Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք Հայրը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ