Սուրբ Ծնունդը Երուսաղէմի մէջ

Ն.Ա.Տ. Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք Հօր Երու­սա­ղէմ այ­ցե­լու­թեան օրե­րուն, Հին Տո­մարով Ս. Ծննդեան տօ­­նակա­­տարու­­թիւնը իր գա­­գաթ­­նա­­­կէտին հա­­սաւ 18 Յու­­նո­­­ւար 2023, կէս գի­­շերի հան­­դի­­­սու­­թեամբ։

Նոյն գի­­շեր, Բեթ­­ղե­­­հէմի Ս. Ծննդեան տա­­ճարին մէջ կա­­տարո­­ւեցաւ տա­­ղաւա­­րի գի­­շերա­­յին եւ առա­­ւօտեան Ժա­­մեր­­գութիւններ։

Կէս գի­­շերին, Ս. Ծննդեան այր իջան Երու­­սա­­­ղէմի Ն.Ա.Տ. Նուրհան Պատ­­րիարք Հայ­­րը եւ Պոլ­­սոյ Ն.Ա.Տ. Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք Հայ­­րը, ինչպէս նաեւ միաբա­­նու­­թիւնը եւ այնտեղ ան­­գամ մը եւս սկսաւ եր­­գո­­­ւիլ հրեշ­­տակնե­­րու օրհներ­­գութիւ­­նը. «Փառք ի բար­­ձունս Աս­­տուծոյ եւ յեր­­կիր խա­­ղաղու­­թիւն…»։

Ապա Երու­­սա­­­ղէմի Ն.Ա.Տ. Նուրհան Պատ­­րիարք Հայ­­րը Ս. Ծննդեան այ­­րէն կար­­դաց իր պատ­­գա­­­մը, ընդգծե­­լով Քրիս­­տո­­­սի խա­­ղաղու­­թեան իշ­­խան ըլ­­լա­­­լու հան­­գա­­­ման­­քը, շեշ­­տեց նաեւ սի­­րոյ եւ խա­­ղաղու­­թեան կա­­րեւո­­րու­­թիւնը։

Եր­­գո­­­ւեցան Ս. Ծննդեան շա­­րական­­ներ։

Ս. Այ­­րի մէջ կա­­տարո­­ւած արա­­րողու­­թեան մաս­­նակցե­­ցան նաեւ յա­­նուն Պա­­ղես­­տի­­­նի Նա­­խագա­­հի՝ Վար­­չա­­­պետ Մու­­համմէտ Իշ­­թիյյէ եւ Բեթ­­ղե­­­հէմի Քա­­ղաքա­­պետ Հան­­նա Հա­­նանիա։

Փառք ի բար­­ձունսի արա­­րողու­­թեան աւար­­տին, ներ­­կայ պե­­տական ան­­ձինք շնոր­­հա­­­ւորե­­ցին զոյգ պատ­­րիարքնե­­րը եւ բա­­րեմաղ­­թանքներ կա­­տարե­­ցին Հա­­յոց Ս. Ծննդեան տօ­­նին առ­­թիւ։

Յետ ճա­­շու ժա­­մեր­­գութեան, ժա­­մը 02.00-ին, Ս. Ծննդեան Տա­­ճարի Հա­­յոց Ս. Սե­­ղանին վրայ պա­­տարա­­գեց աթո­­ռոյս միաբան­­նե­­­րէն Հոգշ. Տ. Յո­­վակիմ Աբղ. Սե­­րով­­բեան։

Իսկ ժա­­մը 04.00-ին Ս. Ծննդեան սրբա­­վայ­­րին վրայ Ժա­­ռան­­գա­­­ւորաց Վար­­ժա­­­րանի տե­­սուչ Հոգշ. Տ. Թէոդո­­րոս Ծ. Վրդ. Ս. Պա­­տարագ մա­­տոյց։

Ն.Ա.Տ. Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք Հայ­­րը, առիթ հա­­մարե­­լով իր Ս. Երու­­սա­­­ղէմ կե­­ցու­­թիւնը, 19 Յու­­նո­­­ւար 2023, Հինգշաբ­­թի, ժա­­մը 16.00-ին, պաշ­­տօ­­­նական այ­­ցե­­­լու­­թիւն մը տո­­ւաւ քա­­ղաքի Թուրքիոյ Աւագ Հիւ­­պա­­­տոս Ահ­­մէտ Ռը­­զա Տէ­­միրէ­­րի։

Աւագ Հիւ­­պա­­­տոս Տէ­­միրէր ու­­րա­­­խու­­թիւնը յայտնեց սոյն այ­­ցե­­­լու­­թեան հա­­մար եւ բա­­րի գա­­լուստ մաղ­­թեց Ամե­­նապա­­տիւ Հիւ­­րին։

Ջերմ ըն­­դունե­­լու­­թեան ըն­­թացքին Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը ստո­­րագ­­րեց Աւագ Հիւ­­պա­­­տոսա­­րանի պա­­տուոյ տո­­մարը եւ ի յի­­շատակ այս այ­­ցե­­­լու­­թեան, մե­­ծայարգ Աւագ Հիւ­­պա­­­տոսին նո­­ւիրեց Անի քա­­ղաքի սրբան­­կարնե­­րու մա­­սին Վէ­­տաթ Աք­­չա­­­յէօզի պատ­­րաստած եւ Հայ­­ճա­­­րի հրա­­տարա­­կած նո­­րատիպ հա­­տորը։

Ն.Ա.Տ. Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք Հայ­­րը, Հին Տո­­մարով Ս.Ծննդեան արա­­րողու­­թեան մաս­­նակցե­­լէ ետք, քա­­ղաքէս եւ զա­­նազան եր­­կիրնե­­րէ ուխտա­­ւոր­­նե­­­րու հետ մեկ­­նե­­­ցաւ Գա­­լիլիոյ շրջա­­նը՝ այ­­ցե­­­լելու հա­­մար Սուրբ Գրա­­կան վայ­­րեր։

Հան­­գիստ ճամ­­բորդու­­թե­­­նէ ետք, ուխտա­­ւոր­­ներ ժա­­մը 09.30-ին հա­­սան Թա­­փօր Լեռ, ուր Տէր Յի­­սուս Քրիս­­տոս իր երեք առա­­քեալ­­նե­­­րուն ներ­­կա­­­յու­­թեան պայ­­ծա­­­ռակեր­­պո­­­ւած էր, ինչպէս ար­­ձա­­­նագ­­րո­­­ւած է Ս. Աւե­­տարան­­նե­­­րուն մէջ։ Տա­­ճարի Ս. Մով­­սէս Մար­­գա­­­րէի մատ­­րան մէջ եր­­գուեցան Ս. Պա­­տարա­­գի ճա­­շու բա­­ժինէն հո­­գեւոր եր­­գեր, ապա Հոգշ. Տ. Յո­­վակիմ Աբղ. Սե­­րով­­բեան կար­­դաց Աւե­­տարա­­նական բա­­ժինը, Արժ. Տ. Նա­­թան Քհնյ. Արա­­պեան բա­­ցատ­­րութիւններ տո­­ւաւ ներ­­կայ եկե­­ղեց­­ւոյ պատ­­մութեան մա­­սին, ապա Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը կարճ հո­­գեւոր խորհրդա­­ծու­­թիւն կա­­տարեց։

Սրբա­­զան Պատ­­րիարք Հայ­­րը եւ իրեն հե­­տեւող հո­­գեւո­­րական­­նե­­­րէ եւ 46 ուխտա­­ւոր­­նեէ բաղ­­կա­­­ցող խումբը այ­­ցե­­­լեցին Սուրբ երկրի Նա­­զարէթ ու Կա­­նայ շրջան­­նե­­­րը, նա­­ւու պտոյտ Գա­­լիլիոյ Լճի վրայ, այ­­ցե­­­լեցին Երա­­նեաց Լեռ ուր Յի­­սուս ար­­տա­­­սանած էր Լե­­րան քա­­րոզը։

Երու­­սա­­­ղէմի մէջ տա­­ղաւա­­րի հան­­դի­­­սու­­թեանց չափ իւ­­րա­­­յատուկ է Տէր Յի­­սուս Քրիս­­տո­­­սի մկրտու­­թեան խորհրդա­­նիշ ջրօրհնէ­­քը, որ կը կա­­տարո­­ւի Յոր­­դա­­­նան գե­­տի ափին։

Այս տա­­րի ջրօրհնէ­­քի հան­­դի­­­սու­­թիւնը աւե­­լի փա­­ռաւոր դար­­ձաւ Ս. Երու­­սա­­­ղէմի Ն.Ա.Տ. Նուրհան Պատ­­րիարք Հօր հետ միասին Պոլ­­սոյ Ն.Ա.Տ. Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք Հօր մաս­­նակցու­­թեամբ։

Ժա­­մը 11.30-ին, եր­­կու Պատ­­րիարքներ, ըն­­կե­­­րակ­­ցութեամբ՝ Ս. Երու­­սա­­­ղէմի Լու­­սա­­­րարա­­պետ՝ Գերշ. Տ. Սե­­ւան Ար­­քեպս. Ղա­­րիպեանի եւ միաբան հայ­­րե­­­րու, այ­­ցե­­­լեցին աշ­­խարհի ամե­­նահին քա­­ղաք՝ Երի­­քով եւ հան­­դի­­­պում ու­­նե­­­ցան կու­­սա­­­կալ՝ Մա­­ճիտ Ալ-Ֆի­­տանիի հետ։

Հան­­դի­­­պու­­մէն յե­­տոյ զոյգ Սրբա­­զան Պատ­­րիարքնե­­րու գլխա­­ւորած պա­­տուի­­րակու­­թեան միացան նաեւ ողջ Միաբա­­նու­­թիւնը, Ժա­­ռան­­գա­­­ւոր սա­­ներ եւ ուխտա­­ւոր­­նե­­­րու խուռնե­­րամ բազ­­մութիւ­­նը, որոնք ուղղո­­ւեցան դէ­­պի Յոր­­դա­­­նան գետ, ուր ձե­­ռամբ Պոլ­­սոյ Ն.Ա.Տ. Սա­­հակ Պատ­­րիարք Հօր կա­­տարո­­ւեցաւ Ջրօրհնեաց արա­­րողու­­թիւնը։ Այս տա­­րուան խաչ-քա­­ւորն էր ժա­­ռան­­գա­­­ւոր սա­­ներէն Մու­­շեղ Սարգսեան։

Մինչ այդ Յոր­­դա­­­նանի Հա­­յոց Առաջ­­նորդ՝ Հոգշ. Տ. Աւե­­տիս Ծ. Վրդ. Իփ­­րա­­­ճեանի գլխա­­ւորու­­թեամբ Յոր­­դա­­­նանա­­հայեր, գե­­տի դի­­մացի ափէն մաս­­նակցե­­ցան արա­­րողու­­թեան։

Երե­­կոյեան, Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը գլխա­­ւորե­­լով ուխտա­­ւոր­­նե­­­րու խումբը, այ­­ցե­­­լեց Փոր­­ձութեան Լե­­րան մեր­­ձա­­­կայ­­քը։

Իսկ կէս գի­­շերէն ետք, Ս. Յա­­րու­­թեան Տա­­ճարին մէջ ժա­­մեր­­գութիւն կա­­տարո­­ւեցաւ։ Ժա­­մօրհնողն էր Հոգշ. Տ. Կո­­միտաս վրդ. Շէր­­պէթճեան։ Ժա­­մը 03.30-ին Քրիս­­տո­­­սի Լոյս Գե­­րեզ­­մա­­­նին վրայ իր ուխտի Ս. Պա­­տարա­­գը մա­­տոյց Աթո­­ռոյս միաբան­­նե­­­րէն Հոգշ. Տ. Յո­­վակիմ Աբղ. Սե­­րով­­բեան։ Պոլ­­սա­­­հայ ուխտա­­ւոր­­նե­­­րու խումբը մաս­­նակցե­­ցաւ սոյն արա­­րողու­­թեանց եւ Ս. Հա­­ղոր­­դութիւն ստա­­ցաւ։

Ն.Ա.Տ. Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք Հայ­­րը 23 Յու­­նո­­­ւար 2023, Եր­­կուշաբ­­թի, յետ մի­­ջօրէին ան­­պաշտօն այ­­ցե­­­լու­­թիւն տո­­ւաւ Ս. Յա­­րու­­թեան Տա­­ճար, ուր դի­­մաւո­­րուե­­ցաւ տեղ­­ւոյն տե­­սուչ՝ Հոգշ. Տ. Սա­­մուէլ Ծ. Վրդ. Աղո­­յեանի կող­­մէ։

Ինչպէս ծա­­նօթ է, նո­­րոգո­­ւած էր Քրիս­­տո­­­սի Ս. Գե­­րեզ­­մա­­­նը, իսկ վեր­­ջերս ձեռ­­նարկո­­ւած՝ Ս. Յա­­րու­­թեան տա­­ճարի սա­­լայա­­տակի նո­­րոգու­­թեան ու նոյն ժա­­մանակ գետ­­նի հնաբա­­նական ու­­սումնա­սիրութեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ