Շրջափակուած Արցախի մէկ օրը

ԱՐՄԻՆԷ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

(Հետք)

Արցախի շրջա­փակ­ման 41-րդ օրն է։ 120,000 մարդ կը կրէ տնտե­սական, սո­ցիալա­կան, հո­գեբա­նական ու կեն­ցա­ղային բազ­մա­թիւ զրկանքներ։ 120,000-էն 4-ը՝ Թա­մարա Գրի­գորեանը, Տա­թեւ Ազի­զեանը, Վիք­թո­րիա Պետ­րո­սեանն ու Ար­ման Մար­տի­րոսեանը, կը ներ­կա­յաց­նեն շրջա­փակո­ւած Ար­ցա­խի մէկ օրը։

07։30, Ստե­փանա­կերտ։ Թա­մարա Գրի­գորեանը վեր­մա­կի տա­կէն զգու­շօ­րէն կը հա­նէ ոտ­քը, սե­նեակի ջեր­մաստի­ճանը կը ստու­գէ ու ոտ­քը հետ կը քա­շէ հապ­ճե­պով։ Երկրորդ փոր­ձին վեր կը կե­նայ, արագ շար­ժումնե­րով բրդեայ բաճ­կո­նը կը հագ­նի ու վա­ռարա­նին կը մօ­տենայ։ Գի­շերո­ւայ ըն­թացքին փայ­տերն ած­խա­ցած են։ Թա­մարան ձեռ­քը կը վերցնէ սուրճի տա­րան, դգա­լը կ՚ըն­կի անու­շա­բոյր զան­գո­ւածի մէջ, կը նա­յի դգա­լի պա­րու­նա­կու­թեան ու կէ­սը յետ կը դա­տար­կէ տա­րայի մէջ. խնա­յել է պէտք։

«Առա­ւօտեան ամե­նակա­րեւոր առա­ջին գործս վա­ռարա­նը թէ­ժաց­նելն է։ Տաք բոցկլտա­ցող վա­ռարա­նը ապա­հովու­թեան զգա­ցում կու տայ… Յե­տոյ սուրճ կ՚եփեմ (պա­րենա­յին խնդիր­նե­րու պատ­ճա­ռով կը փոր­ձեմ խնա­յել սուրճը, բայց այդ կ՚ար­տա­յայ­տո­ւի միայն աւե­լի թոյլ սուրճ պատ­րաստե­լով, լրիւ հրա­ժարո­ւիլ չեմ պատ­կե­րաց­ներ)։ Կը բա­նամ հա­մակար­գի­չը ու աշ­խա­տան­քա­յին օրս սկսած է։ Մին­չեւ Ար­ցա­խի շրջա­փակու­մը, երբ մտքովս չէր ալ անցներ, թէ իմ ամե­նօրեայ գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը որ­քան կա­րեւոր դեր ու­նի աւ­տո­մեքե­նանե­րու վա­ռելի­քը, ամէն առա­ւօտ թաք­սի կը պա­տուէի՝ աշ­խա­տան­քի հաս­նե­լու հա­մար։ Հի­մա խա­թարո­ւած է կա­զատար խո­ղովա­կի աշ­խա­տան­քը, թաք­սի գտնե­լը բարդ է, տնէն կ՚աշ­խա­տիմ։

Սուրճս դեռ չա­ւար­տած՝ կը ստու­գեմ էլեկտրա­կանու­թեան ան­ջատման կրա­ֆիկը իւ­րա­քան­չիւր շրջա­նի։ Իմ աշ­խա­տան­քը Ար­ցա­խի տար­բեր շրջան­նե­րուն աշ­խա­տող ու­սուցիչ­նե­րու հետ է. լոյ­սի ան­ջատման կրա­ֆիկը անհրա­ժեշտ է՝ անոնց հետ առ­ցանց հան­դի­պումներս ծրագ­րե­լու հա­մար։

Յե­տոյ հան­դի­պումնե­րու հրա­ւէր­ներ կ՚ու­ղարկեմ եւ կը ստու­գեմ էլեկտրո­նային փոստս։ Կը ժպտիմ։ Բո­լոր նա­մակ­նե­րուն՝ ըլ­լայ գործնա­կան, թէ անձնա­կան, ան­պայման քա­ջալե­րող, ուժ տո­ւող տո­ղեր են, օգ­նե­լու պատ­րաստա­կամու­թիւն։ Կը ջեր­մա­նամ այդ տո­ղերէն, հա­մակար­գիչս գրկած յար­մար կը տե­ղաւո­րուիմ վա­ռարա­նի մօտ ու կը սկսիմ աշ­խա­տիլ Ար­ցա­խի տար­բեր հա­մայնքա­յին ծրագ­րե­րու ուղղու­թեամբ, որ կ՚իրա­կանաց­նեն մեր ու­սուցիչ­նե­րը։ Որոշ ծրագ­րեր անհրա­ժեշտ է ձե­ւափո­խել՝ առ­կայ իրա­վիճա­կը հա­շուի առ­նե­լով, որոշ­ներն ալ յե­տաձ­գել պէտք է, բայց բո­լոր ծրագ­րե­րը կ՚իրա­կանա­նան։

Ջե­ռուցման խնդիր­նե­րու պատ­ճա­ռաւ դա­դարե­ցուած է Ար­ցա­խի բո­լոր 117 դպրոց­նե­րու աշ­խա­տան­քը, իսկ այդ կը նշա­նակէ, որ 20,000-ի մօտ երա­խայ զրկո­ւած է կրթու­թիւն ստա­նալու իրա­ւունքէն։ Մեր ու­սուցիչ­նե­րը այս պա­հին խնդիր ու­նին հաս­կա­նալու, թէ ինչպէս պէտք է աշ­խա­տին աշա­կերտնե­րու հետ։ Բո­լորս հա­մակար­ծիք ենք, որ հար­կա­դիր պա­րապու­մի շրջա­նին չենք կրնար անոնց մի­նակ թող­նել։ Եթէ ֆոր­մալ կրթու­թիւն չենք կա­րողա­նար կազ­մա­կեր­պել, գո­նէ օրո­ւայ տաք ժա­մերուն դպրո­ցի բա­կին կամ որե­ւէ արե­ւօտ վայ­րին ոչ ֆոր­մալ հան­դի­պումներ կը կազ­մա­կեր­պենք, ին­տե­լեկ­տո­ւալ խա­ղերու, ֆիլ­մի դի­տումնե­րու, քննար­կումնե­րու մի­ջոցաւ կը զբա­ղեց­նենք աշա­կերտնե­րը։

Մեր ու­սուցիչ­նե­րը ար­դէն տար­բեր հա­մայնքնե­րուն ծրա­գիր­ներ ու­նին, բայց անոնք շատ յա­ճախ եղա­նակի բա­րեհա­ճու­թե­նէն կա­խուած են։ Անընդհատ կը քննար­կենք, թէ ինչ մի­ջոց­նե­րով, ինչ եղա­նակով ու ձե­ւաչա­փով կա­րող ենք շրջան­ցել խո­չըն­դոտնե­րը։ Կլա­նուած աշ­խա­տան­քը իմ փրկօ­ղակն է, երբ կ՚աշ­խա­տիմ, կը մոռ­նամ բո­լոր ան­հանգստու­թիւններս ու մեր անե­լանե­լի թո­ւացող իրա­կանու­թեան լա­ւատե­սօրէն կը նա­յիմ»։

11։30, Տա­թեւ Ազի­զեանը կը որո­շէ երա­խային զբօ­սան­քի տա­նիլ, միեւ­նոյն է՝ յա­ռաջի­կայ ժա­մերուն տու­նը չի ջե­ռու­ցո­ւելու։ Բայց նա­խորդ շա­բաթո­ւայ հար­բուխի ու մրսա­ծու­թեան մա­սին յի­շելով՝ կը գրկէ երա­խային, կը հա­ւաքէ անոր սի­րելի գրքե­րը ու ան­կո­ղին կը մտնէ։ Պա­հարա­նէն ծած­կոց կը հա­նէ ու կը փռէ վեր­մա­կի վրայ։ Թող տաք ըլ­լայ։

«Դուրսը մռայլ է, մարդկանց դէմ­քին անո­րոշու­թիւն կայ, զայ­րոյթ, սար­սափ, մենք չենք գի­տեր՝ վա­ղը կամ եր­կու տա­րի անց ինչ կ՚ըլ­լայ։ Առա­ւօտեան տու­նէն դուրս գա­լէ առաջ կ՚ու­զեմ որե­ւէ հանգստաց­նող խմել, նոր դուրս գալ, որով­հե­տեւ դժո­ւար է, անա­սելի դժո­ւար է տես­նել այս ամէ­նը ու հո­գեկան հա­ւասա­րակշռու­թիւնը պա­հել։

Շրջա­փակ­ման առա­ջին օրե­րուն գնումներ ըրին աւե­լի փոր­ձա­ռու մար­դիկ, ես, օրի­նակ, կը կար­ծէի, որ 2-3 օրէն կը բա­ցուի ճա­նապար­հը, հե­տեւա­բար կա­րիք չկայ աւե­լորդ շատ բան գնե­լու։ Հի­մա խա­նութնե­րու մէջ դա­տար­կութիւն է, ձո­ւի ու կաթ­նամթեր­քի հա­մար պէտք է ժա­մերով հերթ կանգնել։ Պատ­կե­րացու­ցէք՝ մի­նուս ջեր­մաստի­ճանին կեր­թաս հերթ կը կան­գես եր­կար։ Ազ­գա­կանու­հիս ձո­ւի հեր­թին 260-րդն էր, հէնց 259-ին էր հեր­թը հա­սած, ձուն վեր­ջա­ցած էր։ Կը հասկնա՞ք՝ տա­սը ձու գնե­լու հա­մար 6 ժամ կը կանգնես, դուն կը թող­նես աշ­խա­տանքդ, երա­խայիդ, հերթ կը կանգնես, ընդ որում՝ չգի­տես՝ քեզ կը հաս­նի, թէ՞ չէ։ Այդ հեր­թե­րը կը նսե­մաց­նեն մարդկանց ար­ժա­նապա­տուու­թիւնը, 21-րդ դա­րուն սննդի հա­մար կանգնիլ, սպա­սել, յու­սալ, սա ստո­րացու­ցիչ է… Կաթ­նամթեր­քի հեր­թը առա­ւօտ 6-ին կը սկսի։ Ես չեմ եր­թար կաթ­նամթերք, չնա­յած ման­կա­հասակ երա­խայ ու­նիմ։ Պան­քո­մաթ­նե­րուն ալ անա­սելի հեր­թեր կան։ Նա­խորդ ան­գամ այդ հեր­թին հի­ւան­դա­ցայ, իսկ դե­ղատ­նե­րուն դեղ չկար, մէկ շա­բաթ հի­ւանդ էի, լաւ էր, որ տու­նը մի չո­րացած կիտ­րոն գտնո­ւեցաւ։

Օրդ չես կա­րող սո­վորա­կանի պէս ծրագ­րա­ւորել։ Ես երեք տեղ կ՚աշ­խա­տիմ, ու որ­պէսզի օրս չտա­պալո­ւի՝ էլեկտրաէներ­գիայի ան­ջատման կրա­ֆիկը ձեռ­քիս կը տե­ղաշար­ժո­ւիմ։ Եր­բեմն անսպա­սելի ան­ջա­տումներ կ՚ըլ­լան կամ նա­խատե­սուա­ծէն մէկ ժամ շուտ կամ ուշ հով­հա­րային ան­ջա­տումնե­րը տե­ղի կ՚ու­նե­նան։ Այ­սինքն՝ հնա­րաւոր չէ չփլա­նուած ազատ ժա­մանակ ու­նե­նաս, այդ իրա­վիճակ­նե­րու հա­մար պա­յու­սա­կումս միշտ գիրք ու­նիմ։

Շրջա­փակու­մը առա­ւել դժո­ւար է փոք­րիկ երա­խանե­րու ծնող­նե­րու հա­մար։ Երա­խան խա­նութ կը մտնէ, դա­տարկ է խա­նու­թը, ճնշող տպա­ւորու­թիւն կը թող­նէ այդ տե­սարա­նը։ Կամ մութ փո­ղոց­նե­րով կ՚ու­ղեկցես երա­խայիդ որե­ւէ տեղ, ու կը տես­նես, որ երա­խան կար­ծես վա­խեցած ըլ­լայ։ Դժո­ւար է նաեւ, որ ծնո­ղը պի­տի կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւննե­րուն փո­խարի­նէ, ես պի­տի տա­ռեր սո­վորեց­նեմ երա­խայիս, միաժա­մանակ պի­տի աշ­խա­տիմ, փոր­ձեմ երա­խայիս փո­փոխո­ւած առօ­րեային մի փոքր նոր­մա­լու­թեան զգա­ցում տալ, ան­ջա­տումնե­րու կրա­ֆիկին հե­տեւիլ, ու­ժեղ մնալ։ Բազ­մա­զաւակ ըն­տա­նիք­նե­րու կեանքն ալ իս­կա­կան մար­տահրա­ւէր է, ես նաեւ ան­ճար մե­ծահա­սակ­նե­րու հա­մար կը տխրիմ։ Այն մարդկանց հա­մար, որոնք փող չեն ու­նե­ցած, գնումներ չեն ըրած նա­խապէս։ Որոշ մարդկանց տա­նը բա­ռի բուն իմաս­տով սնունդ չկայ, կտրո­նով մթերք ստա­նալը անոնց իրա­վիճա­կը թէ­կուզ չնչին, բայց կը մեղ­մէ»։

14։00, Ստե­փանա­կերտ։ Վիք­թո­րիա Պետ­րո­սեանը երա­խանե­րուն կը կան­չէ ճա­շի։ Սե­ղանին կը դնէ ջրա­մանը, 4 բա­ժակ եւ մա­կարո­նով լի­քը 4 ափ­սէ։ Մա­կարոն­նե­րու արան­քէն կը ծիկ­րա­կեն գա­զարի մանր կտոր­նե­րը։ Վիք­թո­րիան տան վեր­ջին գա­զարով ար­դէն եր­րորդ ան­գամ է ճա­շերուն գոյն կու տայ ու երա­խանե­րուն ցոյց կու տայ, իբ­րեւ բան­ջա­րեղէն կու տեն։

«Չոր­սով ենք սե­ղանի շուրջ՝ ամու­սինս, եր­կու երա­խաներս, ես։ Երա­խանե­րը տանն են, քա­նի որ կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւննե­րը շրջա­փակ­ման պատ­ճա­ռով չեն գոր­ծեր։ Եր­կու ամ­սա­կան բա­լիկս քնած է հաստ վեր­մա­կի տակ։

Պէտք է խոս­տո­վանիմ, որ բա­ւակա­նին պա­կասող բա­ներ կան։ Ճիշդ է, ճա­նապար­հի փա­կուե­լէն ան­մի­ջապէս ետք մենք գնում ըրած էինք (դէ, ման­կա­հասակ երա­խաներ ու­նինք, պէտք էր անոնց մա­սին մտա­ծել, պա­հուստով գնումներ ընել), բայց հի­մա ամէն ինչ գրե­թէ վեր­ջա­ցած է։ Աննշան քա­նակու­թեամբ բան­ջա­րեղէն կայ, իսկ միրգ չու­նինք վա­ղուց։ Իմ երա­խանե­րը կը սի­րեն բան­ջա­րեղէ­նով ապուրներ, դդում, պրո­քոլի, ծաղ­կա­կաղամբ, բա­զուկ, տաք­դեղ… Քա­նի որ այդ ամէ­նը հի­մա չ՚ու­նինք, ստի­պուած անոր փո­խարէն ձա­ւարե­ղէն ու մա­կարո­նեղէն կ՚եփեմ, կը փոր­ձեմ ճա­շերուն գոյն հա­ղոր­դել, բա­րեբախ­տա­բար, կա­նաչի ու­նենք։ Ամէն ին­չին կա­նաչի կ՚աւե­լաց­նեմ կամ գա­զար կը կտրա­տեմ մանր… Չնա­յած՝ վեր­ջին գա­զարն այ­սօր օգ­տա­գոր­ծե­ցի։ Ճա­շէն ետք նախ­կի­նում միրգ կամ տնա­կան խմո­րեղէն կը մա­տու­ցէի երա­խանե­րուն, բայց քա­նի որ հի­մա ձո­ւի, կաթ­նամթեր­քի, շա­քարա­ւազի, ալիւ­րի պա­կաս ու­նինք, զրկո­ւած են երա­խանե­րը, միայն նո­րածինս է, որ ոչնչի կա­րիք չու­նի, մայ­րա­կան կաթ կ՚ու­տէ։

Նախ­կի­նում եր­բեք «դա­տարկ» մա­կարոն չէի դներ սե­ղանին, ծայ­րա­յեղ դէպ­քե­րուն, երբ ժա­մանակ չկար կամ կը շտա­պէինք, կա­րող է հնդկա­ձաւա­րը մա­ծու­նով ու­տէին։ Հի­մա այլ է։ Ամէն ինչ փո­խուած է շրջա­փակ­ման պատ­ճա­ռով։ Մեր տու­նը ամե­նէն շատ բրինձ կը սի­րեն։ Ապուրնե­րուն բրինձ կ՚աւե­լաց­նէի առաջ, հի­մա եր­բեմն ալ հնդկա­ձաւար կ՚աւե­լաց­նեմ, որ­պէսզի խնա­յողա­բար օգ­տա­գոր­ծեմ բրին­ձը։ Կտրոն­նե­րը երեկ չէ առա­ջին օրը ստա­ցած ենք։ Նշո­ւած է, որ մէկ ան­ձին մէկ ամ­սո­ւայ կտրո­ւած­քով կէս քի­լօկ­րամ մա­կարո­նեղէն, կէս քի­լօկ­րամ ձա­ւարե­ղէն, 1 լիթր ձէթ կը հաս­նի։ Մենք դեռ չենք հաս­ցուցած ամ­սո­ւայ մթեր­քը վերցնել, բայց իմ կար­ծի­քով՝ այս պա­հուն դա հար­ցի լու­ծում է, ամէն դէպ­քին, մի­ջոց­նե­րը հա­ւասա­րաչափ կը բաշ­խո­ւին։ Ստե­փանա­կեր­տին թէեւ խա­նութնե­րը ապ­րանք կը ստա­նան, բայց մարդ կայ, որ փոքր կամ հի­ւանդ երա­խայ ու­նի, ամու­սի­նը աշ­խա­տան­քի է, չի կա­րողա­նար գնալ հերթ կանգնիլ։

Նախ­քան շրջա­փակու­մը, օրո­ւայ այս ժա­մուն երա­խաներս պա­րի ու սպոր­տի կը յա­ճախէին, բայց կա­զամա­տակա­րար­ման, էլեկտրաէներ­գիայի, սննդի խնդիր­նե­րու պատ­ճա­ռաւ տու­նը մնա­ցած են։ Երա­խանե­րը զրկո­ւած են կրթու­թե­նէն ալ, խմբակ­նե­րէն ալ։ Եղա­նակա­յին պայ­մաններն ալ այնքան ան­բա­րեն­պաստ են, որ բակ տա­նել չեմ կա­րողա­նար։ Անընդհատ կը շե­ղեմ երա­խանե­րուն իրա­կանու­թե­նէն, աղ­ջիկս կը հարցնէ՝ ին­չու այ­սօր ես պա­րի չգա­ցի, չեմ ըսեր, որ վատ է վի­ճակը, յոյս կու տամ, կ՚ըսեմ՝ այս ալ կանցնի, այս ալ կը յաղ­թա­հարենք։ Հո­գեպէս կա­յուն ու լա­ւատես մնալն առաջ­նա­յին է, պէտք է ամուր կանգնենք մեր հո­ղի վրայ, ես յանդգնած եմ այս պայ­մաննե­րուն եր­րորդ երա­խային ու­նե­նալ, կը հա­ւատամ, որ լաւ կ՚ըլ­լայ ամէն ինչ»։

17։00, Աս­կե­րանի շրջան, գիւղ Նո­րագիւղ։ Ար­ման Մար­տի­րոսեանը աշ­խա­տան­քէն ետք առանց վայրկեան կորցնե­լու տուն կը շտա­պէ։ Տուն հաս­նե­լուն պէս 15 րո­պէ կը խա­ղայ դստեր հետ, դրա­կան լից­քեր կը ստա­նայ ու կ՚անցնի կա­րեւոր գոր­ծի. ըն­տա­նիքի գի­շերո­ւայ վա­ռելի­քը նա­խապատ­րաստել պէտք է։

«Մին­չեւ աշ­խա­տան­քէն կը վե­րադառ­նամ, կինս կը հասցնէ երա­խայի խնամ­քը կազ­մա­կեր­պել։ Իսկ 18։00-էն գի­շերա­յին ռե­ժիմի կ՚անցնինք։ Կա­խուած էլեկտրաէներ­գիայի ան­ջատման կրա­ֆիկէն՝ եր­բեմն կ՚ընթրենք մո­մի լոյ­սի տակ։ Բայց չենք նե­ղուիր, կը յար­մա­րունք այդ կրա­ֆիկին։ Ընթրի­քէն ետք կը հա­ւաքո­ւինք վա­ռարա­նի մօտ, մին­չեւ 19։00 կը խա­ղանք երա­խայի հետ, այդ ժա­մերը մեզ հա­մար ու­րախ ժա­մեր են, կը մոռ­նանք շրջա­փակու­մը։ Յե­տոյ ես կը վա­ռեմ ննջա­րանի վա­ռարա­նը, սե­նեակը կը տաք­նայ, իսկ 20։00-ին մեր փոք­րի­կի քնի ժամն է։ Մին­չեւ քնե­լը, կը վա­յելենք անոր ծի­ծաղը, քայ­լե­լու փոր­ձե­րը, ամէն մի գղգղան­քը։

Առա­ջին հա­յեաց­քին գիւ­ղի կեան­քը չէ փո­խուած։ Բայց սահ­մա­նափա­կուած է մեր տե­ղաշար­ժը՚ առաջ յա­ճախա­կի հիւր կ՚եր­թա­յինք, հիւր կ՚ըն­դունէինք։ Քա­նի որ գի­տենք, որ դե­ղորայք չկայ, դե­ղատ­նե­րուն մէջ կը բա­ցակա­յեն առաջ­նա­յին ու երկրոր­դային անհրա­ժեշ­տութեան պա­րագա­ները, ամէն ինչ կ՚ընենք, որ երա­խան չհի­ւան­դա­նայ։ Մեր երա­խային պաշտպա­նելէն բա­ցի՝ կ՚աշ­խա­տինք կո­լապ­սի չեն­թարկել առող­ջա­պահա­կան հա­մակար­գը։

Ես գի­տէի, որ օր մը շրջա­փակում կ՚ըլ­լայ, սնունդ ալ ու­նինք, փայտ ալ։ Երա­խայի տա­կդիր­նե­րու հարցն ալ լու­ծած էի։ Մեր բախ­տը բե­րած է, գիւղն ենք, փայ­տի վա­ռարա­նով կը յաղ­թա­հարենք կա­զամա­տակա­րար­ման ու էլեկտրաէներ­գիայի խա­փան­ման հե­տեւանքնե­րը։ Իսկ մեր ըն­կերնե­րը ու բա­րեկամ­նե­րը, ով­քեր Ստե­փանա­կեր­տը կ՚ապին, աւե­լի դժո­ւար վի­ճակին են։ Ստե­փանա­կեր­տի մէջ մար­դիկ նախ ան­ցան կա­զի վա­ռարան­նե­րու, իսկ հի­մա կը փոր­ձեն փայ­տի վա­ռարան դնել, այդ հարցն ալ բարդ է, թի­թեղ չկայ, որ վա­ռարան սար­քեն արագ, բայց եթէ նոյ­նիսկ վա­ռարան ըլ­լայ, փայտ տուն հասցնելն ալ բարդ է առա­ջադ­րանք եղա­նակա­յին այս պայ­մաննե­րու ու վա­ռելի­քի բա­ցակա­յու­թեան պատ­ճա­ռաւ։

Մե­ծահա­սակ­նե­րը կրնան ռա­ցիոնալ բա­ցատ­րութիւննե­րով հան­գիստ սպա­սել իրա­վիճա­կի հան­գուցա­լուծմա­նը, երա­խանե­րու վի­ճակը տխուր է։ Նոր Տա­րուան հիւր գա­ցած էինք, 4 երա­խայ կար տու­նը, բո­լորը տխուր էին, կնոջս ըսին, որ Ձմեռ Պա­պիկը նո­ւէր չէ բե­րած, ճա­նապար­հը փակ է… Շրջա­փակ­ման պատ­ճա­ռով մեծ քա­նակի աշ­խա­տատե­ղեր կրճա­տուած են, խա­նութներ, պա­հեստներ, կա­զալ­ցա­կայան­ներ, բեն­զալցա­կայան­ներ, լեռ­նա­հան­քա­յին հա­մալի­րի փակ­ման պատ­ճա­ռով 1000 հո­գուց աւել մարդ աշ­խա­տան­քը կորցնե­լու եզ­րին է։ Տղա­մարդկանց հա­մար մեծ սթրես է այդ, տղա­մար­դիկ սո­վոր չեն տա­նը հան­գիստ նստիլ, երբ գի­տեն, որ ըն­տա­նիքում խնդիր­ներ ու կա­րիք­ներ կան։

Ընդհա­նուր առ­մամբ հի­մա մենք կար­ծես մի քա­նի հա­զար քի­լօմեթ­րի մէջ բան­տարկո­ւած ըլ­լանք։ Մար­դիկ փլա­նային վի­րահա­տու­թիւննե­րու չեն կրնալ եր­թալ, մար­դիկ հանգստի չեն մէկ­նիր, ան­գամ զբօ­սանք կազ­մա­կեր­պել ան­կա­րելի է եր­բեմն։ Լաւ լուրն այն է, որ չնա­յած բա­ցասա­կանը շատ է ու հո­գեպէս կ՚ընկճէ, բայց կը տես­նենք, որ զսպե­լով դիւ­րագրգիռ հո­գեվի­ճակը՝ մար­դիկ կը փոր­ձեն սրտա­ցաւ ու հա­մախմբո­ւած մնալ։ Չեմ կրնար ըսել, որ բա­ցար­ձակ հա­մախմբո­ւած ենք, բայց այս պա­հուն անոր հիմ­քը կայ, ու շրջա­փակու­մը կ՚ամ­րապնդէ հա­մախմբուածու­թիւնը»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ