Հրանդ Տինք ոգեկոչուեցաւ սպանութեան 16-րդ տարելիցին

Թերթիս Հիմնադիր Հրանդ Տինքի ոգեկոչման առթիւ հազարաւոր մարդիկ ինչպէս նախորդ տարիներ, այս տարի եւս հաւաքուեցան իր սպաննուած վայրը։ Այս տարուայ յիշատակման բանախօսն էր բեմադրիչ Էմին Ալփեր։

Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք Էմին Ալ­փե­րի ելոյ­թը։

«Բա­րեւ սի­րելի բա­րեկամ­ներ,

Այ­սօր ճիշդ 16 տա­րի եղաւ։ Մեր սիր­տե­րը կրկին յու­սա­հատ են, կրկին գիտ­նա­լով որ ար­դա­րու­թիւնը չէ հաս­տա­տուած եւ ոճ­րա­գործներ աճեց­նող խա­ւարը չէ ան­հե­տացած, թե­րեւս նոյ­նիսկ թան­ձա­րացած է՝ հո՛ս հա­մախմբո­ւեցանք, այն մայ­թին վրայ ուր անոր մար­մի­նը երկնցաւ ան­ձայնօ­րէն յա­ւիտե­նական քու­նի։

Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թեան վրա­յէն 16 տա­րիներ ան­ցան։ Օս­մանպէ­յի մայ­թե­րուն վրայ տա­պալող մեր բա­րեկա­մին վէր­քը դեռ կ’արիւ­նի։ Արիւ­նը, իրա­րու դէմ դար­ձած ոտ­քե­րուն մի­ջեւ բա­րակօ­րէն հո­սելով իրեն ճամ­բայ մը կը բնտռէ։ Արօ­րեայ վազվզուկնե­րով սպաուած մարդկանց խճո­ղու­մին մէջ, իր ետե­ւէն ող­բա­ցող զայ­րա­ցած բա­րեկամ­նե­րուն քո­վէն, ար­դա­րու­թիւն պա­հան­ջողնե­րուն կրնակ դար­ձած դա­տարան­նե­րուն դռնե­րուն ստո­րեւ, ամէն գի­շեր հանգստօ­րէն տուն վե­րադար­ձող չա­րակա­մու­թիւն եւ նա­խանձ լե­ցուն մարդկանց առ­ջե­ւէն հո­սելով, Քամբ Ար­մէ­նին աւե­րակ­նե­րուն մէ­ջէն դէ­պի իր ծննա­դավայ­րին, դէ­պի Մա­լաթիա, դէ­պի Անա­տոլեան հո­ղեր ճամ­բայ մը կը փնտռէ։

Արեան այս բա­րակ հո­սան­քը իր ճամ­բան պի­տի գտնէ՛։ Հրան­դին արիւ­նը պի­տի միանայ՝ այն նա­ւակին մէ­ջի արիւ­նով որ կը տա­նէր Մուսթա­ֆա Սուփհի եւ ըն­կերնե­րը, այն կոտ­րո­ւած ակ­նո­ցին վրա­յի արիւ­նով որ կը պատ­կա­նէր Սա­պահաթ­թին Ալիին, այն արիւ­նով որ Մու­սա Ան­դէ­րին սպի­տակ մա­զերէն ի վար կը հո­սէր, 1915-ին Անա­տոլո­ւի ամէն կող­մէն կը հո­սէր, 38-ին Տէր­սի­մի լեռ­նե­րէն կը հո­սէր, 55-ին Պոլ­սոյ մէջ խա­նութնե­րուն կոտ­րո­ւած ապա­կինե­րէն կը հո­սէր, Մա­ռաշ ու Սե­բաս­տիայէն կը հո­սէր։

Անոնք որոնք կը տես­նեն այս ճամ­բա­ները ինքնա­բերա­բար կ՚ըսեն. «Որ­քա՜ն արիւն հո­սէր է»։ Մինչդեռ անոնց թի­ւը որ­քա՜ն քիչ էր։ Քիչ էին թի­ւով սա­կայն առատ էր արիւ­նա­հոսու­թիւնը։ Որով­հե­տեւ այս հո­ղերուն վրայ չար­չա­րուե­լու հա­մար միշտ բա­ւարար է փոք­րա­թիւ ըլ­լալ։ Ան որ փոք­րա­թիւ էր, միայն այս պատ­ճա­ռաւ անոր վրան մղո­ւեցաւ մե­ծամաս­նութեան զայ­րոյթը։ Փոք­րա­մաս­նութիւննե­րը յայ­տա­րարե­ցին մե­ծամաս­նութեան ըսե­լով թէ «բազ­մա­թիւ ու հզօր ըլ­լա­լով իրա­ւունք ու­նիս կը կար­ծես սա­կայն դուն չես կրցած քե­զի նմա­նաց­նել զիս, որ­քան ատեն որ ես կը գո­յատե­ւեմ, քու տի­րապե­տու­թիւնդ եր­բեք լիակա­տար եւ ան­թե­րի պի­տի չըլ­լայ»։ Ահա­ւասիկ այս պատ­ճա­ռով է որ մե­ծամաս­նութիւ­նը կ’ատէ փոք­րա­մաս­նութիւ­նը։ Կը ջա­նայ զայն ան­տե­սանե­լի դարձնել, ան­ձայնաց­նել, աք­սո­րել, փախցնել, լիովին ոչնչաց­նել։

Իրեն գլու­խը եկած փոր­ձանքնե­րուն հա­մար պա­տաս­խա­նատու հա­մարո­ւիլ մե­ծամաս­նութեան դժգո­հու­թիւն պատ­ճա­ռեց։ Քա­նի որ մե­ծամաս­նութեան սխա­լիլը ան­կա­րելի էր, ու­րեմն այս բո­լոր փոր­ձանքնե­րուն պատ­ճա­ռը միշտ պէտք էր ըլ­լար փոք­րա­մաս­նութիւն մը։ Փոք­րա­մաս­նութիւն ըսել, սպառ­նա­լիք ըսել էր։ Անոնք բա­ցար­ձա­կապէս կամ գաղտնա­պէս թշնա­մինե­րուն գոր­ծընկեր­ներն էին։ Անոնք պո­չաւոր էին, անոնց սար­քած մա­տաղը չէր ու­տո­ւեր, անոնցմէ հի­ւան­դութիւններ կը տա­րածո­ւէր, մեր երա­խանե­րը անոնք կը յափշտա­կէին, մեր եր­կի­րը ար­տա­սահ­ման կը գան­գա­տէին, մեր հո­ղերուն վրայ աչք դրած էին, մե­զի կը բաժ­նէին, լրտես էին, դա­ւաճան էին եւ մեր թշնա­մինե­րուն հետ աշ­խա­տակից էին։

Մե­ծամաս­նութիւ­նը փա­փաքե­ցաւ ոչնչանցնել փոք­րա­մաս­նութիւ­նը, որով­հե­տեւ ան ան­պաշտպան էր։ Մարդկու­թեան հա­մար նա­խընտրե­լի է իր բո­լոր նա­խան­ձը, ատե­լիու­թիւնն ու զայ­րոյթը ուղղել ամե­նէն ան­պաշտպան առար­կա­յին, քան թէ իր բուն նպա­տակին։ Ան­պաշտպան­նե­րը չար­չա­րել շա­հելի էր որով­հե­տեւ ոճ­րա­գոր­ծե­րուն հա­մար պատ­ժո­ւելու հա­ւանա­կանու­թիւնը շատ տկար էր։ Մարդ էակը իր տնօ­րէնին հան­դէպ, իրեն տի­րապե­տող իշ­խա­նու­թեան հան­դէպ, իրեն ճնշող զօ­րաւո­րին հան­դէպ, կեան­քի դժո­ւարու­թիւննե­րուն եւ աղէտ­նե­րուն հան­դէպ որ­քան ան­ձայն, ճա­կատագ­րա­պաշտ եւ վախ­կոտ կը վա­րուի, այնքան ալ կը խստա­նայ փոք­րա­մաս­նութեան դէմ։ Որով­հե­տեւ գաղտնա­բար գի­տէ թէ ան­պաշտպան փոք­րա­մաս­նութեան մը դէմ գոր­ծո­ւած բռնու­թիւն մը ան­պա­տիժ պի­տի մնայ։ Եւ ձեռնհաս­ներ...։ Անոնք ալ մե­ծամաս­նութիւ­նը կատ­ղե­ցու­ցին երե­ւակա­յական թշնա­մինե­րու հան­դէպ, որ­պէսզի հա­սարա­կու­թեան զայ­րոյթը իրենց դէմ չուղղո­ւի։ Ձեռնհաս­ներ կազ­մա­կեր­պե­ցին, տնօ­րինե­ցին, աջակ­ցե­ցան ու ոճ­րա­գոր­ծե­րուն եր­դում ըրին թէ իրենց յան­ցանքը ան­պա­տիժ պի­տի մնայ։

Այս պատ­մութիւ­նը միայն մեր հո­ղերուն չէր պատ­կա­ներ, այլ հա­մայն մարդկու­թեան։ Կո­տորած­ներ, ող­բերգու­թիւններ, աք­սորներ, ջար­դեր եւ ցե­ղաս­պա­նու­թիւններ աշ­խարհի գրե­թէ բո­լոր հո­ղամա­սերուն վրայ, ժա­մանա­կակից պատ­մութեան էջե­րուն մէջ կրկնո­ւեցաւ ու կրկնո­ւեցաւ։ Մե­ծամաս­նութիւ­նը ատեց փոք­րա­մաս­նութեան։ Բայց մե­ծագոյն ատե­լու­թիւնն ցոյց տո­ւաւ անոնց որոնք կը խօ­սէին ի յա­նուն փոք­րա­մաս­նութիւննե­րուն, կը պաշտպա­նէին ապ­րիլ իբ­րեւ հա­ւասար ու ազատ քա­ղաքա­ցիներ, ոչ թէ անհպե­լիներ, իրենց դէմ կա­տարուած բո­լոր յան­ցանքնե­րը ան­վա­խօրէն կը պատ­մէին իրենց ոճ­րա­գործնե­րուն երե­սը։ Ահա­ւասիկ Հրանդ Տինքն ալ այս պատ­մութեան անզսպե­լի տի­պար­նե­րէն մէկն էր։ Կա­րելի չէր որ իրեն հան­դուրժէին, որով­հե­տեւ ան առանց խռո­վելու ան­կեղծու­թեամբ կը խօ­սէր, առանց թշնա­մանա­լու թշնա­մու­թիւնը կ’ատէր, առանց կռո­ւելու կը յա­ջողէր ան­զի­ջող մնալ, քա­ջասիրտ էր քան­զի ու­րիշ ձեւ մը չէր գի­տեր, առանց պո­ռալու կը ցնցէր, ան կը դո­ղաց­նէր իր դպչած ամէն մէկ սիր­տը։ Ան ո՛չ թէ միայն հա­յերու հա­մար կը պայ­քա­րէր, այլ բո­րոր ճնշո­ւած­նե­րու, բո­լոր անլսե­լի դար­ձածնե­րու հա­մար պայ­քա­րող ըն­կերվա­րական մըն էր։ Գրի­գոր Զոհ­րա­պին շա­րաւիղն էր ան։ Կա­րելի չէր որ հան­դուժէին այս ձայ­նին։ Եւ մե­ծամաս­նութեան ըմբռնո­ղակա­նու­թեան անու­նով յան­ցանք գոր­ծողներ 16 տա­րի առաջ զայն հո՛ս սպան­նե­ցին։

Մարդկա­յին պատ­մութիւ­նը այսպէս սկսաւ ու շա­րու­նա­կեց սա­կայն այսպէս վեր­ջա­նալու պա­րտաւոր չէ։ Այս պատ­մութիւ­նը կրնանք փո­խել եւ փո­խելու պար­տա­ւոր ենք։ Եթէ ար­դա­րու­թիւն կը ցան­կանք, Հրան­դը սպա­նող­նե­րուն, միայն ոճ­րա­գոր­ծե­րուն չէ սպառ­նա­ցող­նե­րուն ալ, միայն սպառ­նա­ցող­նե­րուն չէ թի­րախ ցցնող­նե­րուն, կատ­ղեցնող­նե­րուն ալ, թշնա­մու­թեան եւ ատե­լու­թեան հունտեր ցա­նող­նե­րուն ալ պատ­ժո­ւիլը կ՚ու­զենք։ Միայն Հրան­դին արիւ­նը չէ որ մեր մէջ կը հո­սի, այլ այս հո­ղերուն վրայ ջար­դո­ւած հա­զարա­ւոր մարդկանց արեան հա­մար պար­տա­ւոր ենք այս պատ­մութիւ­նը փո­խելու։ Այս պատ­մութիւ­նը վերստին գրե­լու հա­մար միանա­լու, մե­ծամաս­նութեան եւ կա­ռավա­րու­թեան բռնու­թեան դէմ միաս­նա­բար, եղ­բայրա­բար պայ­քա­րելու պար­տա­ւոր ենք։ Ան­պաշտպան պի­տի չըլ­լանք՝ երբ իր ամուսնոյն կամ սի­րահա­րին կող­մէ արիւ­նա­խան­ձութեամբ սպան­նո­ւած կի­նը մի­նակ չէ, երբ վար­կա­բեկո­ւող ու ան­մե­ղօրէն դա­տապար­տո­ւող սու­րիացին կամ քիւրտը մի­նակ չէ, երբ ջար­դո­ւած հա­յը, խտրու­թեան են­թարկուող գնչուն մի­նակ չէ, երբ իրենց կեան­քը ազա­տօրէն վա­յելել փա­փաքող «LGBTİ» շար­ժումին ան­դամնե­րը մի­նակ չեն։ Մեզ­մէ որե­ւէ մէ­կուն հան­դէպ գոր­ծադրո­ւելիք բռնու­թեան հա­շիւը հարցնե­լու պատ­րաստ ենք։

Մարդկա­յին պատ­մութիւ­նը փո­խուե­լու պար­տա­ւոր է եւ մենք զայն պի­տի փո­խենք։ Նախ միանա­լով ու հա­մագոր­ծակցե­լով, յե­տոյ մեր խօս­քը մե­ծամաս­նութեան ուղղե­լով։ Պի­տի ձայ­նենք անոր. «Դուն առանց մեզ­մով ու­րախ չես, այլ մեզ­մով ու­րախ ես»։ Մենք քե­զի հա­մար ատե­լի օտար­ներ չենք, մենք քու հարստու­թիւնդ ենք։ Ատե­լու­թիւնդ միայն մե­զի չէ որ կը փճաց­նէ, այլ դուն ալ կը ոչնչա­նաս։ Այս դրու­թիւնը որուն մէջ զօ­րաւո­րը կը ճնշէ տկա­րին, մարդկա­յին պա­տիւը ոտ­նի տակ կ՚առ­նո­ւի, խտա­րակա­նու­թիւն եւ զա­տորո­շու­թիւն կը տի­րապե­տէ։ Մենք չէ որ հաս­տա­տած ենք բայց միաս­նա­բար մենք կրնանք զայն տակ­նուվրայ ընել։ Դի­մացինդ թշնա­մի չէ, բա­րեկամ է։ Ամէն առա­ւօտ երբ արթննաս դի­մացդ եղ­բայրդ պի­տի տես­նես։ Ան­կէ ուժ առ­նե­լով, ցա­ւերով, արիւ­նով, վախ ու սար­սա­փով, անար­դա­րու­թեամբ սլա­նող ձեռնհա­սերուն, իրենց իշ­խա­նու­թիւննե­րը պա­հելու հա­մար ան­կեղծ մար­դի­կը իրա­րու դէմ առ դէմ կատ­ղեցնող­նե­րուն «Կե­ցի՛ր» պի­տի ըսես։ Միաս­նա­բար ապ­րիլ ու թշնա­մու­թիւնը այս հո­ղերուն տա­կը թա­ղել ան­կա­րելի չէ։

Օս­մանպէ­յի մայ­թե­րէն Հո­զադ, Հո­զադէն Սա­սուն, Սա­սու­նէն Վան, Տիգ­րա­նակերտ եր­կա­րող արիւ­նոտ ճամ­բա­ները մին­չեւ հո­րիզոն կը հաս­նին։ Օր մը յու­շարձան­ներ պի­տի կանգնեց­նենք խաչ­մե­րուկնե­րուն։ Ամէն մէկ զո­հին պատ­մութիւ­նը պի­տի սոր­վինք ու սու­գը պի­տի յար­գենք։ Մարդկու­թեան պատ­մութիւ­նը այսպէս պի­տի փո­խենք։ Որով­հե­տեւ մենք Հրան­դին ըն­կերներն ենք եւ անոր եր­դում մը ըրինք։ Մեր եր­դումն է միաս­նա­բար, հա­ւասար ու ազատ կեանք մը վա­յելել։ Հո՛ս ենք ան­գամ մը եւս յի­շելու հա­մար այն եր­դումը։ Հո՛ս ենք միաբե­րան գո­չելու հա­մար՝ «Ազ­գա­մոլու­թեան դէմ եղ­բայրս ես Հրանդ»։ Վա­ղը ինչպէ՞ս միաբե­րան «կին, ալե­ւի, քիւրտ, հա­մասեռ, սե­ռափոխ» պի­տի ըլ­լանք, այ­սօր ալ հպար­տութեամբ, հաս­տա­տամ­տութեամբ եւ պա­տիւով «Բո­լորս Հրանդ ենք, բո­լորս Հայ ենք» պո­ռալու հա­մար հո՛ս ենք։ Մա­տիտը պատ­մութիւ­նը ար­ձա­նագ­րող մար­դասպան­նե­րուն ձեռ­քէն առ­նե­լու, միաս­նա­բար եղ­բայրու­թեան պատ­մութիւն մը գրե­լու հա­մար հո՛ս ենք։

Ու­րեմն ան­գամ մը եւս եւ միաբե­րան՝ «Ազ­գա­մոլու­թեան դէմ եղ­բայրս ես Հրանդ»։

19 Յու­նո­ւարի Հա­մար շա­րադ­րո­ւած պատ­գամնե­րէն մէկն ալ կը հաս­նէր Հրան­դի ըն­կերնե­րէն Պիր­ճան
Եորուլմա­զի գրի­չով։

Հրան­դի ըն­կերնե­րը՝ ող­ջո՜յն բո­լորիդ։

Վեր­ջին եր­կու տա­րի է որ կը բա­ցակա­յիմ Հրան­դը յի­շատա­կած այս հրա­պարա­կէն։ Բայց գի­տեմ թէ ամէն տա­րի նոյն յա­մառ կե­ցուած­քով, նոյն յոյ­սով այստեղ, այս հրա­պարա­կին վրայ ար­դա­րու­թիւն վան­կարկող­նե­րուն մէջ իմ նման ազա­տազրկո­ւած Հրան­դի բո­լոր ըն­կերնե­րուն ձայ­ներն ալ կը հնչեն։ Հրան­դի ըն­կերնե­րէն ոեւէ մէ­կուն գտնո­ւած վայ­րը մեր ձայնն ալ իր հետ է։

16 տա­րի է որ Հրան­դը յի­շատա­կելու պա­հուն կը պատ­մենք թէ ան բո­լոր ժո­ղովուրդնե­րու հա­ւասար, ազատ, ար­դար ժո­ղովրդա­վարա­կան եւ խա­ղաղա­պաշտ հա­մակե­ցու­թեան ջա­տագովն էր։

Այս տե­ղէն, այս հրա­պարա­կէն հա­ւասար, ազատ, ար­դար, ժո­ղովրդա­վար եւ խա­ղաղա­սէր աշ­խարհի մը հա­ւատա­լուն հա­մար գե­րավա­րուած Հրան­դի բո­լոր ըն­կերնե­րը կը բա­րեւեմ, կ՚ող­ջունեմ։ Օս­մա­նին, Սե­լահատ­տի­նին, Չիղ­տե­մին, բան­տախցի­կի ըն­կերնե­րուս Փեր­վի­նին եւ Մեր­յե­մին ու տա­կաւին անու­նը յի­շելու դժո­ւարա­ցած ան­հա­մար­նե­րուն կը յայտնեմ թէ մօտ ապա­գային այս նոյն վայ­րի վրայ միաս­նա­բար պի­տի ոգե­կոչենք Հրան­դը եւ պի­տի գո­չենք «Այստեղ ենք աղ­բա­րիկ»։ Այստեղ ենք, թէ երեկ, թէ այ­սօր եւ թէ վա­ղը։

Չիղ­տեմ Մա­թերի ու­ղերձը

Սի­րելի Հրանդ Տինք,

Այս ան­գամ ին­ծի վի­ճակած է երկրի բո­լոր ար­գե­լանոց­նե­րէն, բան­տախցիկ­նե­րէն քեզ յի­շատա­կող մարդկանց ձայ­նը փո­խան­ցե­լու պար­տա­կանու­թիւնը։

Հրանդ Տին­քի սի­րելի ըն­տա­նիքը, սի­րելի ըն­կերնե­րը…։ «Սե­պատ» շէն­քի առ­ջեւ 16-րդ ան­գամ յա­մառօ­րէն մէկ­տե­ղուած ենք։ Խնդրեմ են­թադրե­ցէք որ կամ­քէ ան­կախ բա­ցակա­յող­ներս ալ այս պա­հուն ձե­զի հետ ենք։

«Սե­պատ» շէն­քի առ­ջեւ հա­ւաքո­ւած այս զան­գո­ւածով միայն Հրանդ Տին­քի յի­շատա­կը չէ որ կը յար­գենք, այլ երկրի հա­րիւ­րա­մեայ լռու­թիւնը կը փա­ռատենք։ Գի­տենք որ լռու­թիւնը յան­ցա­գոր­ծութեան մեղ­սակցու­թիւն կը նշա­նակէ։ Գրի­գոր Զոհ­րա­պէն Կո­միտաս Վար­դա­պետ, 24 Ապ­րիլ 1915-ին իրենց տու­նե­րէն ձեր­բա­կալո­ւած կամ ամ­բողջ երկրի տա­րած­քին ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թարկո­ւած հա­յերուն, Թրա­քիոյ վայ­րա­գու­թիւննե­րէն Տէր­սի­մի ցե­ղաս­պա­նու­թեան, ու­նե­ւորու­թեան տուրքէն 6-7 Սեպ­տեմբե­րի կա­տաղու­թեան, 27 Մա­յիսի, 12 Մարտ, 12 Սեպ­տեմբե­րի անօ­րինու­թիւննե­րէն Տի­յար­պե­քիրի ար­գե­լանո­ցի տան­ջանքնե­րէն Մա­մաքի զին­տաննե­րուն, Շա­բաթօ­րեայ Մայ­րե­րէն Ռո­պոս­կիի զո­հերուն եւ «Կէ­զի» զբօ­սայ­գիի դի­մադ­րութեան…։

Սի­րելի Ռա­քէլ Տին­քի պատ­մա­կան հաս­տա­տու­մով «Մեզ վշտա­կից հա­րազատ­նե­րու վե­րածող» չա­րագոր­ծութեան դէմ ահա դար­ձեալ միասին ենք։

Ան­հա­մար զո­հուած մտա­ւորա­կան­նե­րու յի­շատա­կին պար­տադրած պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւնը շալ­կած եկած ենք հոս։ Ի՞նչ լաւ է որ ոչ միայն վշտով ու կսկի­ծով, այլ յոյ­սով ալ եկած ենք։ 19 Յու­նուար 2007-էն այս կողմ նոր սե­րունդներ ալ միացած են մե­զի։ Առանց Հրանդ Տին­քը ան­ձամբ ճանչնա­լու անոր գրած­նե­րը կար­դա­ցած, խօս­քե­րը լսած եւ իւ­րա­ցու­ցած երի­տասարդնե­րու հսկայ զան­գո­ւած մը։ Քա­նի մը տա­րի առաջ սի­րելի Ֆի­լիզ Ալի այդ զան­գո­ւածին նա­յելով ըսած էր՝ «Ահա հոս է յոյ­սը»։

Ան­ցեալի հետ առե­րեսո­ւելու, բո­լորին ար­դար պա­հան­ջը դի­մագ­րա­ւելու յոյ­սով հոս ենք։ Ոչ մէկ տեղ կ՚եր­թանք։ Յա­մառօրէն հոս ենք աղ­բա­րիկ։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ