Հրդեհ՝ Ղալաթիոյ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կացարանին մէջ

Երկուշաբ­թի գի­շերո­ւայ 21.45-ին, հրդեհ ծա­գեցաւ Ղա­լաթիոյ Հայ Կա­թողի­կէ Սուրբ Փրկիչ Եկե­ղեց­ւոյ կա­ցարա­նին մէջ։ Հրշէջ­նե­րու մի­ջամ­տութեամբ հրդե­հը հսկո­ւեցաւ կէս գի­շերո­ւայ ժա­մերուն։ Հա­զիւ բո­ցերու շիջումէն ետք հրշէջ­նե­րը յա­ջողե­ցան այ­րած շէն­քէն ներս մտնել։ Անոնք յայտնա­բերե­ցին եր­կու դիեր, որոնք կը պատ­կա­նէին Ժո­զեֆին Էք­մեքճիօղ­լո­ւի եւ Ֆե­հիմ Ադ­սուպի։ Իսկ չորս ան­ձեր՝ եր­կուքը իրենց մի­ջոց­նե­րով, իսկ եր­կուքն ալ հրշէջ­նե­րու օգ­նութեամբ յա­ջողած էին այ­րող շէն­քէն դուրս գալ։

Գե­րապայ­ծառ Լե­ւոն Զէ­քիեան հրդե­հը լսե­լով իս­կոյն փու­թաց Սուրբ Փրկիչ Եկե­ղեցի։ Գե­ռապայ­ծառ Զէ­քիեանի բա­ցատ­րութիւ­նով Եկե­ղեցին երեք հա­տուա­ծանի հա­մալիր մըն էր։ Հրդե­հէն վնա­սուած է հա­մալի­րի եռա­յարկ շէն­քը, որ կ՚օգ­տա­գոր­ծո­ւէր իբ­րեւ կա­ցարան։ Զո­հուած Ժո­զեֆին Էք­մեքճիօղ­լո­ւի յու­ղարկա­ւորու­թիւնը կը կա­յանայ 26 Յու­նո­ւար հինգշաբ­թի ժա­մը 14.00-ին Թաք­սի­մի Հայ Կա­թողի­կէ Ոս­կե­բերան Եկե­ղեցին։

Իսկ Ֆե­հիմ Ադ­սուպ իր կտա­կին հա­մաձայն կը յու­ղարկա­ւորո­ւի Մար­տի­նի Տէ­րիք գա­ւառը։

Եկե­ղեց­ւոյ վար­չութե­նէն Հա­թու­նէ Տե­միրօղ­լու կը յայտնէ թէ կա­ցարա­նին մէջ կը բնա­կէին այս եկե­ղեց­ւոյ ծու­խէն պատսպա­րեալ­ներ։

Ցարդ չէ յստա­կացած հրդե­հի ծագ­ման պատ­ճա­ռը։ Վար­կա­ծի մը հա­մաձայն հրդե­հը ծա­գած է շէ­նքի խո­հանո­ցին մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ