Գործադրուածը ցեղասպանութեան ծրագիր է

Ատրպէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թեան ար­ցա­խահա­յու­թեան դէմ ծրագ­րած մե­կու­սացման ռազ­մա­վարու­թիւնը ար­դէն հա­սած է մէ­կու­կէս ամ­սո­ւայ տե­ւողու­թեան։

Իլ­համ Ալիեւի առա­ւելա­պաշտ քա­ղաքա­կանու­թիւնը բա­ցայայտ կեր­պով կը ոտ­նա­կոխէ 9 Նո­յեմ­բեր 2020-ին Մոս­կո­ւայի մէջ կնքո­ւած եռա­կողմ հա­մաձայ­նութիւ­նը։ Այդ հա­մաձայ­նութեան գլխա­ւոր երաշ­խա­ւոր Փու­թին կը շա­րու­նա­կէ հա­կահայ դիր­քո­րոշու­մի մէջ մնալ, ան­տե­սելով Ատրպէյ­ճա­նի ոտնձգու­թիւնը։

Ֆրան­սա­յի նա­խագահ Մաք­րո­նի եւ այլ արեւմտեան եր­կիրնե­րու գոր­ծադրո­ւած շրջա­փակու­մը դա­տապար­տող ելոյթնե­րը կ՚ան­տե­սուին Ատրպէյ­ճա­նի կող­մէ։

Ատրպէյ­ճան ար­դէն իսկ յայ­տա­րարած էր թէ ար­ցա­խահա­յու­թիւնը բա­ցի իր երկրի քա­ղաքա­ցիներ ըլ­լա­լէ, ոչ մէկ հան­գա­մանք ու­նին։ Այ­սօր կա­տարո­ւած­ներն ալ Ար­ցա­խը հա­յաթափ ընե­լու չար մտքի գոր­ծադրու­թիւնն է պար­զա­պէս։

Շրջա­փակու­մին զու­գա­հեռ կը գոր­ծադրո­ւի կա­զի եւ ելեկտրա­կան հո­սան­քի մա­տակա­րարու­մը խա­փանե­լու մի­ջոց­ներ։ Այս ռազ­մա­վարու­թեան իբր հե­տեւանք 120 հա­զար բնակ­չութիւ­նով ար­ցա­խահա­յու­թիւնը ձմեռնային եղա­նակի ծանր պայ­մաննե­րու տակ ջե­րուցման մի­ջոց­նե­րէ զրկո­ւելու կող­քին, կ՚ապ­րի սննդամ­թերքի եւ դե­ղորայ­քի հա­սանե­լու լուրջ դժո­ւարո­ւիւններ։

Այս պա­հուն Ատրպէյ­ճա­նական սպառ­նա­լիքի հետ դէմ­յանդի­ման կը գտնո­ւի ոչ միայն Ար­ցա­խը, այլ բո­վան­դակ Հա­յաս­տա­նը։ Պա­հի թե­լադ­րանքը հա­մատա­րած եւ բազ­մա­տարր թշնա­մու­թեան դի­մաց լուծման ազ­գա­յին քա­ղաքա­կանու­թիւն մշա­կելն է։ Սա­կայն պար­զո­ւած պատ­կե­րը չի հա­մապա­տաս­խա­ներ խնդրի լրջու­թեան։

Փոր­ձը ցոյց կու տայ թէ պե­տակա­նու­թեան գի­տակ­ցութեան բա­ցակա­յու­մը շատ աւե­լի լուրջ վտանգ կը սպառ­նայ նոյ­նիսկ պա­տերազ­մա­կան պար­տութեան հետ բաղ­դատելով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ