Հայատեացութեան հերթական յարձակում Երուսաղէմի մէջ

Շաբաթավերջին Երուսաղէմի հայկական թաղամա­սի մեր­ձա­ւորու­թեամբ կրկին ան­գամ բե­մադ­րո­ւեցաւ հրեայ ծայ­րա­յեղա­կան­նե­րու քրիս­տո­նեանե­րուն ուղղուած յար­ձա­կումնե­րէն մէ­կը։

Այս ան­գամ ալ եր­կու հրեայ ծայ­րա­յեղա­կան­ներ դի­տումնա­ւոր կեր­պով փոր­ձե­ցին կռիւ հրահ­րել աշ­խա­տան­քէ վե­րադար­ձող եր­կու հայ երի­տասարդնե­րուն։ Հայ տղաք փոր­ձե­ցին զսպո­ւածու­թիւն պա­հել, կան­խե­լու հա­մար անոնց գրգռու­թիւնը։ Սա­կայն վեր­ջիններս ար­ցունքա­բեր կազ սրսկե­լով դի­մեցին փա­խուստի։ Հայ երի­տասարդնե­րը դի­մեցին տեղ­ւոյն ոս­տի­կանու­թեան։ Ոս­տի­կան­նե­րը յա­ջողե­ցան բեր­ման են­թարկել եր­կու նա­խայար­ձակնե­րը։ Անոնցմէ մին մի­ջոց մը ետք ազատ ար­ձա­կուե­ցաւ, իսկ ար­ցունքա­բեր կազ սրսկո­ղը ձեր­բա­կալո­ւեցաւ։

Դէպ­քե­րը շա­րու­նա­կուե­ցան հրէից նոր խումբի մը յայտնու­թիւնով։ Այս վեր­ջիննե­րը նոյ­նիսկ փոր­ձե­ցին մագլցիլ հայ­կա­կան թա­ղամա­սի պա­րիսպնե­րուն անար­գե­լու հա­մար հոն տե­ղադ­րո­ւած խա­չը եւ հայ­կա­կան եռա­գոյ­նը։ Թա­ղի հայ երի­տասար­դութեան մի­ջամ­տութեամբ այս վեր­ջիննե­րը եւս դի­մեցին փա­խուստի։ Հա­յերն ալ սկսան ետեւ­նէն վա­զել։ Երբ կը մօ­տենա­յին ոս­տի­կանա­տուն, փախ­չող հրեանե­րը սկսան աղա­ղակել «Ահա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում» գո­ռալով։ Այս լսե­լով ոս­տի­կան­նե­րը բեր­ման են­թարկե­ցին հայ երի­տասարդնե­րը։ Անոնցմէ մէ­կը մա­նաւանդ պա­հեցին հսկո­ղու­թեան տակ։ Այդ իրա­վիճա­կը փո­խուե­ցաւ Երու­սա­ղէմի Հա­յոց Պատ­րիարք Նուրհան Արք. Պատ­րիար­քի ջան­քե­րով։

Ծայ­րա­յեղ կրօ­նամոլ հրեանե­րու հա­յոց եւ այլ քրիս­տո­նեանե­րու հան­դէպ այս տե­սակի յար­ձա­կումնե­րը սո­վորական երեւոյթ են Սուրբ քաղաքի մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ