Միջոցառում՝ ձօնուած Արմենակ Պաքըրճեանի կեանքին ու պայքարին

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ինչպէս յա­ճախ կը նշենք իւ­րա­քանչնիւր տա­րի Յու­նո­ւար ամի­­սով մե­­զի հա­­մար մեկ­­նարկած կ՚ըլ­­լայ Հրանդ Տին­­քի յի­­շատակ­­ման մի­­ջոցա­­ռումնե­­րու եղա­­նակը։ Կը հար­­կադրո­­ւինք տար­­բեր բնոյթնե­­րով զա­­նազան մի­­ջոցա­­ռումնե­­րու մաս­­նակցե­­լու։ Այս տա­­րի ալ երե­­ւոյ­­թը տար­­բեր չէր եւ ըլ­­լայ երկրի տա­­րած­­քին, ըլ­­լայ սահ­­մաննե­­րէ դուրս ներ­­կայ գտնո­­ւեցանք բազ­­մա­­­թիւ ոգե­­կոչ­­ման մի­­ջոցա­­ռումնե­­րու։

Այս տա­­րի այդ ամ­­բողջին մէջ կար նաեւ յատ­­կանշա­­կան նոր օրի­­նակ մը, որ տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ Փա­­րիզի արո­­ւար­­ձաննե­­րէն մէ­­կուն մէջ։ Տա­­կաւին նա­­խորդ տա­­րուայ Նո­­յեմ­­բեր ամի­­սէն ստա­­ցանք հրա­­ւէր մը, հայ յե­­ղափո­­խական Ար­­մե­­­նակ Պա­­քըր­­ճեանի յի­­շատակ­­ման մաս­­նակցե­­լու հա­­մար։ Պար­­տինք նշել թէ Ար­­մե­­­նակ Հրանդ Տին­­քի ամե­­նամ­­տե­­­րիմ ըն­­կերնե­­րէն էր եւ սպան­­նուած էր ոս­­տի­­­կանու­­թեան հետ մտած բա­­խու­­մի մը ըն­­թացքին։ Իր կու­­սակցա­­կան ըն­­կերնե­­րը որո­­շած էին 29 Դեկ­­տեմբե­­րին զինք ոգե­­կոչել Նուրճան Եըլ­­տը­­­րըմի կող­­մէ պատ­­րաստո­­ւած վա­­ւերագ­­րա­­­կան ֆիլ­­մի մը ցու­­ցադրու­­թիւնով։ Ֆիլ­­մի խո­­րագիրն էր «Ճակ­­տին վրայ թու­­րի վէրք՝ Ար­­մե­­­նակ»։ Ֆիլ­­մը յա­­ջող նկա­­րահա­­նու­­մով մը կը ներ­­կա­­­յաց­­նէր Ար­­մե­­­նակ Պա­­քըրճեանի կեն­­սագրու­­թեան յատ­­կանշա­­կան դրո­­ւագ­­նե­­­րը, յատ­­կա­­­պէս պատ­­մա­­­կան տե­­ղեկու­­թիւններ փո­­խան­­ցե­­­լով անոր Զմիւռնիոյ բան­­տէն փախ­­ցո­­­ւելու դէպ­­քին։ Ըն­­կերնե­­րը որո­­շած էին զինք բան­­տէն փախցնել յա­­տուկ ծրագ­­րո­­­ւած գոր­­ծո­­­ղու­­թիւն մը կի­­րար­­կե­­­լով։

Այս հե­­տաքրքրա­­շարժ ներ­­կա­­­յացու­­մէն ետք թէ այդ օր այդ գոր­­ծո­­­ղու­­թեան մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րէն Ֆե­­րիտուն Պեր­­քին եւ թէ ֆիլ­­մի հե­­ղինակ Նուրճան Եըլ­­տը­­­րըմ ելոյթներ ու­­նե­­­ցան։ Ապա խօ­­սափո­­ղը յանձնո­­ւեցաւ մե­­զի, ուր անդրա­­դար­­ձանք մա­­նաւանդ ալ Սուրբ Խաչ Դպրե­­վանք վար­­ժա­­­րանի նշա­­նակու­­թեան Ար­­մե­­­նակի նման երի­­տասարդնե­­րու ձե­­ւաւոր­­ման մէջ։

Այդ տա­­րինե­­րու Սուրբ Խաչ Դպրե­­վան­­քը իբ­­րեւ յատ­­կա­­­պէս գա­­ւառէն եկած հա­­յու­­թեան գի­­շերօ­­թիկ վար­­ժա­­­րան իր աշա­­կերտնե­­րը կը պատ­­րաստէր ժա­­մանա­­կի զար­­գա­­­ցումնե­­րէն տե­­ղեակ մտա­­ւորա­­կան երի­­տասարդներ ըլ­­լա­­­լով։ Այդ գոր­­ծընթա­­ցին մէջ մին­­չեւ օրս երա­­նու­­թեամբ կը յի­­շատա­­կուին վար­­ժա­­­րանի ու­­սուցչաց կազ­­մէն որոշ անուններ։

Վար­­ժա­­­րանի շնոր­­հած տրա­­մադ­­րութեան բնա­­կան շա­­րու­­նա­­­կու­­թիւնը դար­­ձած էր Օս­­մանպէ­­յի մէջ հիմ­­նո­­­ւած սա­­նուց միու­­թիւնը։ Թէ Հրանդ եւ թէ Ար­­մե­­­նակ իրենց գա­­ղափա­­րական պա­­շարը կու­­տա­­­կած ու զար­­գա­­­ցու­­ցած էին այս մի­­ջավայ­­րի մէջ։

Մենք ակ­­նարկե­­ցինք նաեւ մի այլ կա­­րեւոր հան­­գա­­­ման­­քի, որ ամ­­բողջու­­թեամբ լե­­ցուն դահ­­լի­­­ճի հա­­մար ու­­նէր ինքնաքննա­­դատա­­կան բնոյթ։ Հայ, թուրք եւ քիւրտ հա­­սարա­­կու­­թեան որոշ տա­­րիքը անց ան­­հատնե­­րէ բաղ­­կա­­­ցող նե­­րկանե­­րու բազ­­մութեան մէջ փոք­­րա­­­մաս­­նութիւն կը կազ­­մէին թէ կա­­նայք եւ թէ երի­­տասար­­դութիւ­­նը։ Ակ­­նարկե­­ցինք այս տա­­րօրի­­նակ պատ­­կե­­­րին, նշե­­լով թէ հոս է 68-ի սե­­րունդը, 78-ի սե­­րունդը ու ապա հարց տո­­ւինք. «Ապա ո՞ւր է 88-ի կամ 98-ի սե­­րունդը։ Նոյ­­նիսկ 2008-ի սե­­րունդը։ Եթէ 2008-ին ծնած­­նե­­­րը այ­­սօր 15 տա­­րեկան են, կ՚ար­­ժէ յի­­շել որ մենք՝ այս դահ­­լի­­­ճի մե­­ծամաս­­նութիւ­­նը կազ­­մողներս, այդ նոյն տա­­րիք­­նե­­­րուն ար­­դէն ու­­նե­­­ցած էինք մեր հիմ­­նա­­­կան գա­­ղափա­­րական կա­­ռոյ­­ցը, որ զար­­գա­­­ցաւ տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին։ 2013-ին Իս­­թանպուլ «Կէ­­զի» զբօ­­սայ­­գիի պաշտպա­­նու­­թեան հա­­մար մեկ­­նարկած եւ ապա ամ­­բողջ երկրին տա­­րածո­­ւած դի­­մադ­­րա­­­կան շար­­ժումի մղիչ ու­­ժը դար­­ձեալ նոյն երի­­տարադ­­րութիւնն էր։ Ու­­րեմն կա­­րելի է հե­­տեւցնել թէ անոնք մե­­զի թո­­ւացա­­ծին նման բո­­լորո­­վին ան­­տարբեր չեն ըն­­կե­­­րային հար­­ցե­­­րու նկատ­­մամբ։ Պար­­զա­­­պէս մենք ենք որ կառ­­չած մնա­­ցինք 50 տա­­րի առա­­ջուան իմա­­ցու­­թիւննե­­րուն, հաս­­կա­­­ցողու­­թիւննե­­րուն եւ անոնցմէ բխող պատ­­գամնե­­րուն։ Դժո­­ւարա­­ցանք յա­­րատեւ զար­­գա­­­ցու­­մին հե­­տեւե­­լու եւ պատ­­ճառ դար­­ձանք որ ան­­դունդ մը գո­­յանայ սե­­րունդնե­­րու մի­­ջեւ»։

Աւար­­տին զա­­նազան­­ներ կի­­սեցին մեր հաս­­տա­­­տումնե­­րը, իսկ ոմանք ալ հիաս­­թա­­­փու­­թիւն ապ­­րե­­­ցան 50 տա­­րի առա­­ջուայ բար­­քե­­­րուն կառ­­չած մնա­­լով։ Կաս­­կած չկայ թէ Ար­­մե­­­նակը եւ իր գա­­ղափա­­րակից ըն­­կերնե­­րը, որոնք իրենց կեան­­քը զո­­հեցին յա­­նուն հա­­ւատա­­ցած պայ­­քա­­­րին, մին­­չեւ օրս կը շա­­րու­­նա­­­կեն մեր ճա­­նապար­­հը լու­­սա­­­ւորող փա­­րոս­­ներ մնա­­լու։

Պար­­տիմ նշել թէ այդ օր պատ­­շաճ կեր­­պով յի­­շատա­­կուե­­ցան նաեւ Լե­­ւոն Էք­­մեքճեան եւ Հայր Մա­­նուէլ Վրդ. Եր­­կա­­­թեան, իբ­­րեւ անար­­դա­­­րու­­թեան դէմ պայ­­քա­­­րող հե­­րոս­ներ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ