Հռոմի Պապէն դարձեալ կոչ. «Բացէք Լաչինի միջանցքը»

Անցեալ 18 Դեկտեմբերին եւս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը իր մտահոգութիւնը արտայայտած էր Լաչինի մի­ջանցքին մէջ ստեղ­ծո­ւած իրա­վիճա­կին կա­պակ­ցութեամբ, նշե­լով, թէ ինք «մաս­նա­ւորա­պէս մտա­հոգ է բնակ­չութեան մար­դա­սիրա­կան ան­կա­յուն պայ­մաննե­րուն հա­մար», ու այդ պայ­մաննե­րուն «վատ­թա­րացու­մի վտան­գին հա­մար, ձմե­ռային եղա­նակի ըն­թացքին»։

Նո­րին Սրբու­թեան մտա­հոգու­թիւնն ու կո­չը ուղղո­ւած էին Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի 120,000 հայ բնակ­չութեան, որոնց շար­քին կան 30,000 մա­նուկներ։

Ատրպէյ­ճանցի­ներու «բնա­պահ­պա­նական» նկա­տառումնե­րով կա­տարո­ւած անոնց շրջա­պատումն ու աշ­խարհէն մե­կու­սա­ցու­մը, մար­դա­սիրա­կան ճգնա­ժամի մեծ սպառ­նա­լիք է, եւ ահա, մէկ ամիս ետք, Նո­րին Սրբու­թիւնը դար­ձեալ բարձրա­ցուց իր ձայ­նը ու ան­գամ մը եւս կոչ ուղղեց Լա­չինի մի­ջանցքի հար­ցին լու­ծում գտնե­լու հա­մար։

«Ես կը նո­րոգեմ կոչս ՝ Հա­րաւա­յին Կով­կա­սի Լա­չինի մի­ջանցքին տա­րած­քին տի­րող մար­դա­սիրա­կան լուրջ իրա­վիճա­կին ի տես։ Մօ­տիկ եմ բո­լոր անոնց որոնք, ձմռան մէջ, ստի­պուած են դի­մակա­յել ան­մարդկա­յին այդպի­սի պայ­մաններ։ Անհրա­ժեշտ է մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դա­կով ամէն ջանք գոր­ծադրել, լու­ծումներ գտնե­լու հա­մար ի նպաստ մար­դոց բա­րօրու­թեան» ըսած է Ֆրան­չիսկոս Պա­պը իր ուղղած կո­չին մէջ։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ