«Կ՚ապաւինիմ զօրակցութեան ուժին»

ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Օնուր Եասեր Ճան ոստիկանութեան թմրեցուցիչներու բաժնի պաշտօնեանե­րու կող­մէ բեր­ման են­թարկո­ւած, ապա ազատ ար­ձա­կուած էր։ Այս դէպ­քէն ան­մի­ջապէս ետք անոր անձնաս­պա­նու­թեան դի­մելը դա­տական խնդրի վե­րածո­ւած է։ 2 Դեկ­տեմբեր 2022-ին կա­յացող նա­խորդ նիս­տին դա­տախա­զու­թիւնը պա­հան­ջած էր նար­քո­թիկ բաժ­նի ոս­տի­կան­նե­րուն ուղղեալ ծանր տան­ջանքի մե­ղադ­րանքնե­րու վե­րաբե­րեալ թղթած­րա­րը։ 3 Փետ­րո­ւարին կա­յանա­լիք յա­ջորդ նիս­տի ըն­դա­ռաջ Օնուր Եասեր Ճա­նի քոյ­րը Էզ­կի Սեւ­կի Ճան դա­տական գոր­ծընթա­ցը պատ­մեց «Ակօս»ին։

Ան նշեց թէ դէպ­քը պա­տահած էր 13 տա­րի առաջ եւ ծնող­նե­րուն ու իր յա­մառ պայ­քա­րին հե­տեան­քով այ­սօր կը դա­տուին մե­ղաւոր­նե­րը։ «Սա­կայն նշեմ որ Հա­քան Այ­տը­նի գլխա­ւորած ոս­տի­կանա­կան խումբը ոչ թէ գոր­ծադրած ծանր տան­ջանքնե­րուն, անար­գանքնե­րուն եւ ճնշումնե­րուն հե­տեւան­քով եղ­բօրս մա­հուան պատ­ճառ ըլ­լալնուն, այլ այս բո­լորը քօ­ղար­կե­լու եւ պաշ­տօ­նական փաս­տա­թուղթե­րու վրայ զեղ­ծա­րարու­թիւններ ընե­լու մե­ղադ­րանքով կը դա­տուին։ Ափ­սոս որ ծնողքս այս հանգրո­ւանը ան­գամ չկրցան տես­նել։ Անոնք հա­ւատա­ցած էին ար­դա­րու­թեան կա­յանա­լուն։ Բայց յու­սա­հատ եղան։ Պե­տական հա­մակար­գը ան­գամ մը եւս մեծ բծախնդրու­թեամբ գոր­ծադրեց իր պաշ­տօ­նեանե­րու հան­դէպ որ­դեգրած ան­պատժե­լինու­թեան սկզբունքը։ Այս բո­լորը նկա­տի ու­նե­նալով իմ ակ­նա­կալու­թիւններն ալ շատ մեծ չեն։ Սա­կայն այս վեր­ջին եր­կու նիս­տե­րու ըն­թացքին զգա­լիօրէն բարձրա­ցած է հա­սարա­կու­թեան եւ մա­մու­լի զօ­րակ­ցութիւ­նը։ Եղ­բայրս, մայրս կամ հայրս ճանչցող­նե­րէն եւ նոյ­նիսկ ան­ծա­նօթ­նե­րէ զօ­րացու­թեան պատ­գամներ կը ստա­նամ։ Այս բո­լորը կը խրա­խու­սէ զիս իմ շա­րու­նա­կած պայ­քա­րին մէջ։ Այս ջան­քե­րուն որոշ ար­դիւնքի մը հաս­նե­լուն հա­մար կը կա­րօտիմ զօ­րակ­ցութեան յա­րատե­ւու­թեան։ Մեր փաս­տա­բան­նե­րը յա­ռաջի­կայ դա­տավա­րու­թիւննե­րուն ալ պի­տի շա­րու­նա­կեն տան­ջանքնե­րով անձնաս­պա­նու­թեան պատ­ճառ դառ­նա­լու մա­սին մե­ղադ­րանքը։ Չենք կրնար յօ­ժարինլ եղ­բօրս մա­հուան պատ­ճառ եղող­նե­րուն միայն զեղ­ծա­րարու­թեամբ մե­ղադ­րո­ւելուն» ըսած է Էզ­կի Սեւ­կի Ճան։ Ան նաեւ նշած է թէ 3 Փետ­րո­ւար ուրբաթ օր Չաղ­լա­յանի դա­տարա­նին մէջ պի­տի կա­յանայ նաեւ Շա­բաթօ­րեայ Մայ­րե­րու դա­տավա­րու­թիւնը։ «Եր­կու դա­տավա­րու­թիւննե­րու հա­մար ալ զօ­րակ­ցութեան կը կա­րօտինք շեշ­տե­լով եզ­րա­փակած է իր խօսքերը»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ