Պոլիս ահաբեկչական սպառնալիքի ենթակայ

Շուէտի մէջ Թուրքիոյ դես­պա­նատան առ­ջեւ մահ­մէ­տական­նե­րու սուրբ գիր­քը այ­րե­լու ցոյ­ցէն ետք ահա­բեկ­չա­կան սպառ­նա­լիքը պա­տած է Իս­թանպու­լի երկնա­կամա­րը։

ԱՄՆ-ի եւ արեւմտեան Եւոր­պա­կան կարգ մը եր­կիրնե­րու Իս­թանպու­լի հիւ­պա­տոսա­րան­նե­րը հրա­պարա­կած յայ­տա­րարու­թիւննե­րով իրենց քա­ղաքա­ցինե­րը զգու­շա­ցու­ցած են Պոլ­սոյ զբօ­սաշրջա­կան բնոյթ ու­նե­ցող թա­ղամա­սերէն հե­ռու մնա­լու մա­սին։ Հա­ղոր­դագրու­թիւննե­րու մէջ յատ­կա­պէս կը նշո­ւին Պէ­յօղ­լու, Գա­տըգիւղ, Պէ­շիկ­թաշ ու Շիշ­լիի շրջան­նե­րը, յատ­կա­պէս ալ Իս­թիքլալ փո­ղոցը։ Այս ծի­րէն ներս Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցի հո­գաբար­ձութեան ատե­նապետ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լու հայ­կա­կան հաս­տա­տու­թիւննե­րու վար­չութեան ուղղո­ւած գրու­թիւնով մը կրկնած է նման բնոյ­թի զգու­շա­ցու­մը։ Ան նշած է թէ իր լսումնե­րուն հա­մաձայն ՏԱԻՇ ահա­բեկ­չա­կան խումբէն երեք գոր­ծիչներ ներ­խուժած են քա­ղաք, հո­գեւոր կամ քա­ղաքա­ցիական բնոյ­թով աղմկա­յարոյց ահա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն մը իրա­կանաց­նե­լու հա­մար։ Շի­րինօղ­լու այս առ­թիւ զգու­շութեան կը հրա­ւիրէ հա­մայնքա­յին վար­չութիւննե­րը եր­կու կամ երեք ամիս ժամ­կէ­տով հե­ռու մնա­լու հա­ւաքա­կան կազ­մա­կեր­պութիւններ իրա­կանաց­նե­լէ։ Ան նաեւ կը յայ­տա­րարէ թէ այս պայ­մաննե­րու մէջ չե­ղեալ կը հա­մարէ ԷՐ­ՎԱՊ-ի 6 Փետ­րո­ւարի ժո­ղովը։

Խորհրդա­րանի հա­յազ­գի պատ­գա­մաւոր Կա­րօ Փայ­լան ալ յա­տուկ հար­ցումնա­գիրով մը դի­մած է Ներ­քին Գոր­ծոց նա­խարար Սիւ­լէյման Սոյ­լո­ւի, այս մա­սին ի՞նչ կան­խազգու­շացման կամ կան­խարգել­ման մի­ջոց­ներ, եղա­նակ­ներ մշա­կելուն ուղղու­թեամբ։

Նշենք որ կարգ մը հիւ­պա­տոսա­րան­ներ այս հրա­պարա­կումնե­րու հետ զու­գա­հեռա­բար ժա­մանա­կաւոր կեր­պով դադ­րե­ցու­ցած են իրենց սո­վորա­կան աշ­խա­տու­թիւննե­րը։

Յիշենք որ յա­ռաջի­կայ եր­կու-երեք ամիս­նե­րու ըն­թացքին նա­խատե­սուած է խիստ կա­րեւոր նշա­նակու­թիւն ու­նե­ցող կարգ մը մի­ջոցա­ռումներ։ Անոնցմէ առա­ջինն է 12 Մար­տին կա­յանա­լիք Պէ­յօղ­լո­ւի թա­ղակա­նու­թեան ընտրու­թիւնը։ Բա­ցի այդ, նա­խագա­հական եւ երես­փո­խանա­կան ընտրու­թիւններն ալ պի­տի կա­տարո­ւին ոչ պաշ­տօ­նապէս ճշդո­ւած 14 Մա­յիս թու­կա­նին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ