Կատար

«Լացող դէմք խայթելու համար՝

իշամեղուները անպակաս են»

Ճապոնական ասացուածք

Ողբալի, մին­չեւ իսկ հա­մահայ­կա­կան ող­բերգու­թիւն է Բեր­ձո­րի մի­ջանցքի փա­կու­մը, յան­ցա­գոր­ծութիւն՝հա­մամարդկա­յին առու­մով։ Լա­ցակու­մած է հա­յու­թեան մե­ծամաս­նութիւ­նը ան­կախ կու­սակցա­կան դիր­քէն, բնա­կավայ­րէն ու դա­ւանան­քէն, որոնց հետ մէկ­տեղ ցա­ւակից են բա­րի խղճի ու կամ­քի բա­զում օտար­ներ ի սփիւռս աշ­խարհի։ Ցա­ւօք կան հա­յազ­գի, երկրի փրկու­թեամբ մտա­հոգո­ւած­ներ որ այլ գնա­հատա­կան, կամ մեկ­նա­բանու­թիւն կ՚ընեն տի­րող ող­բերգա­կան երե­ւոյթնե­րուն, հա­ւանա­կան է՝ ել­նե­լով իրենց հա­մար նպա­տակա­յար­մար տե­սան­կիւնէն։ Չեմ ցան­կա­նար այն անո­ւանել շա­համո­լու­թիւն, միայն թէ ստոյգ կա­րելի է այն գնա­­հատել քա­­ղաքա­­կան տխմա­­րու­­թիւն, եթէ ոչ բա­­ւական առա­­ջացած հաւ­­կուրու­­թիւն։ Դժբախ­­տա­­­բար այդ վի­­ճակի են ոչ միայն եր­­դո­­­ւեալ կու­­սակցա­­կան­­ներ, այլ նաեւ անոնց կոյ­­րօ­­­րէն միացած հե­­տեւորդներ եւ որոշ բարձրաս­­տի­­­ճան կրօ­­նաւոր­­ներ, որոնք ըստ կա­­նոնի պար­­տա­­­ւոր էին նման քայ­­լե­­­րէն հե­­ռու մնալ եւ առ­­նո­­­ւազն լռե­­լու տար­­րա­­­կան իմաս­­տութիւն ու­­նե­­­նային։

Օրերս ընդդի­­մադիր դա­­շին­­քը կազ­­մա­­­կեր­­պած էր ազատ մտքե­­րու փո­­խանակ­­ման հան­­դի­­­պում ԱԺ-ի դահ­­լի­­­ճը Բեր­­ձո­­­րի եւ ընդհա­­նուր կե­­ցու­­թեան վե­­րաբե­­րեալ։ Բա­­զում էին խօսք առ­­նողնե­­րը, բայց նոյնքան բազ­­մա­­­զան էին անոնց ցու­­ցադրած կար­­ծի­­­քը։

Ան­­հասկա­­նալի է, որ ոմանք կը պնդէին թէ Բեր­­ձո­­­րը փա­­կուած է քան­­զի ՀՀ մի­­ջանցք խոս­­տա­­­ցած ու չէ տո­­ւած, բայց խօսք չկայ թէ ո՞վ, երբ եւ ինչպէս է խոս­­տա­­­ցած է եւ որո՞ւ խոս­­տա­­­ցած։ Մէկ ու­­րիշ խումբ կը պնդէ, թէ Պրա­­հայի պայ­­մա­­­նագ­­րով՝ ինքնիշ­­խան Ատրպէյ­­ճա­­­նի տա­­րածք է Լա­չինի մի­ջանցքը եւ անոնք կ՚ընեն ինչ որ կը ցան­­կա­­­նան։

Ցնցող երե­­ւոյթ էր, երբ ար­­քե­­­պիս­­կո­­­պոս Մի­­քայել Աջա­­պանեանը խօսք առ­­նե­­­լով, այդ հա­­ւաքոյ­­թին,հա­­մոզ­­մունքով ակ­­նարկեց, թէ ՀՀ իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը փա­­կած են Լա­­չինի մի­­ջանցքը։ Ան­­կա­­­րելի է հարց չտալ, թէ այդ կղե­­րը, որ ընդդի­­մադ­­րի համ­­բաւ ու­­նի, ի՞նչու եւ որո՞ւ, եթէ ոչ իր վե­­րադա­­սի հրա­­մանով էր ներ­­կայ այդտեղ եւ ի՞նչ հրաշ­­քով ծնեց այդ հրա­­շալի միտ­­քը, որ ոչ միայն տգէտ, այլ կա­­տարեալ տխմա­­րու­­թիւն է։ Աւե­­լի ազ­­դե­­­ցիկ է երե­­ւոյ­­թը, երբ ներ­­կա­­­ները հա­­մակար­­ծիք էին, թէ մի­­ջանցք բա­­նալու միակ մի­­ջոցը՝ դա­­ւաճան իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րուն արագ հե­­ռաց­­նելն է։ Խնդանք թէ՞ լանք։ Այն պա­­հուն, երբ մեր այդ հո­­գետանջ հայ­­րե­­­նաբ­­նակնե­­րը, այդպի­­սի լու­­ծումներ կը գտնեն՝ Պու­­տի­­­նի գոր­­ծա­­­կից Պրի­­մակո­­վը այլ սպառ­­նա­­­լի խոր­­հուրդ կու տայ.- «Հրա­­դադա­­րը վստա­­հու­­թիւն է ներշնչած է հա­­յերուն եւ ատրպէյ­­ճանցի­­ներուն, եւ անոնք հա­­կուած չեն զի­­ջումնե­­րու եր­­թա­­­լու։ Բայց մենք պէտք է հաս­­կացնենք կող­­մե­­­րուն, որ անոնց յա­­մառու­­թիւնը կա­­րող է յան­­գեցնել ան­­ցանկա­­լի հե­­տեւանքնե­­րու»։ Կար­­ծեմ պարզ է պատ­­գա­­­մը։

Մէկ այլ հայ­­րե­­­նիքի հոգ­­սե­­­րով հալ ու մաշ եղած, ան­­քուն գի­­շեր­­ներ անցնող լրագ­­րող Սար­­գիս Մահ­­սէ­­­րէճեանը՝ թղթա­­կից, որ ճա­­նաչո­­ւած է իր հռե­­տորա­­բանու­­թեամբ, «Աս­­պա­­­րէզ»ի էջե­­րը կը զբա­­ղեց­­նէ հե­­տեւեալ տխմար տո­­ղերով՝ «Թաւ­­շեայ Հա­­յաս­­տան»ին մէջ չեն ու­­զէր տես­­նել, թէ բա­­րի խոս­­տումնե­­րով երկրի ղե­­կը գրա­­ւած մարդն ու գոր­­ծա­­­կից­­նե­­­րը հանգրո­­ւանա­­բար նո­­րանոր ան­­դունդներ կը փո­­րեն եւ մեր հայ­­րե­­­նիքը ան­­կումէ ան­­կում կը տա­­նին, զայն մօ­­տեցու­­ցած են անէանա­­լու վտան­­գին... Մեր ժո­­ղովուրդը ան­­կումէ եւ պար­­տո­­­ւողա­­կանու­­թե­­­նէ հե­­ռաց­­նե­­­լու կո­­չուած բո­­լոր ձեռ­­քե­­­րը վիթ­­խա­­­րի մար­­տահրա­­ւէրի մը դի­­մաց կը կանգնին. թօ­­թափել տալ ան­­ձի պաշ­­տա­­­մունքի մտա­­ծողու­­թիւնը եւ ճանչցնել իս­­կա­­­կան թուրքը...»։ Այս գրչա­­կի տո­­ղերու ու փո­­ղոցի ցու­­ցա­­­րար­­նե­­­րու հայ­­րե­­­նափրկիչ տգէտ կո­­չերու մի­­ջեւ, ի՞նչ է տար­­բե­­­րու­­թիւնը։ Զար­­մա­­­նալի է, թէ ինչպէս բծախնդիր խմբագ­­րա­­­պետ՝ Շա­­հան Գա­­լան­­տերհեանը կը հան­­դուրժէ դա­­րաւոր պար­­բե­­­րակա­­նի էջե­­րը զբա­­ղեց­­նել նման ան­­պա­­­տուա­­բեր գրա­­ռումնե­­րով, որ պար­­զամտու­­թեան կա­­տար են։ Բա­­ցառո­­ւած չէ, որ այդ բո­­լոր ճի­­գերը ուղղո­­ւած են մէ՛կ նպա­­տակի ու բա­­նի՝ ռու­­սի ձեռ­­քով իշ­­խա­­­նու­­թիւն ստա­­նալ՝ առանց ընտրու­­թեան. որով­­հե­­­տեւ՝ ար­­դար ու ժո­­ղովրդա­­վար ընտրու­­թեամբ ոչ մէկ յոյս կայ աթո­­ռի հաս­­նե­­­լու։ Այ­­լա­­­պէս ոչ Ար­­ցա­­­խը, ոչ Լա­­չինը, ոչ Մեղ­­րիի մի­­ջանցքը չեն հե­­տաքրքրեր անոնց եւ պատ­­րաստ ու յօ­­ժար են բո­­լորը տա­­լու։ Մի՚այն Երե­­ւանը բաւ է, իրենց իշ­­խա­­­նական աթո­­ռին եւ գան­­ձին տի­­րելու, ինչպէս այն եղաւ նախ­­կիննե­­րու շրջա­­նին։ Այս է խնդրոյ առար­­կան։ Հաս­­կա­­­ցողին բա­­րի ող­­ջոյն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ