Ժողովրդավար Հանրապետութեան խորհրդաժողով

Երբ Թուրքիոյ հան­րա­պետու­թիւնը կը պատ­րաստո­ւի հիմ­նադրու­թեան 100-ամեակը նշե­լու, այս կա­րեւոր դա­րադար­ձի շե­մին Ժո­ղովուրդնե­րու Ժո­ղովրդա­վարու­թեան Կու­սակցու­թիւնը կազ­մա­կեր­պեց երկրօ­րեայ խորհրդա­ժողով մը։ 4 եւ 5 Փետ­րո­ւար թո­ւական­նե­րուն Պա­քըր­գիւղ, Ճեմ Գա­րաճա մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ կա­յացած բա­նախօ­սու­թեան առա­ջին օրը հա­շուե­յար­դա­րի մը բնոյ­թը ու­նէր Թուրքիոյ Հան­րա­պետու­թեան ան­ցած հա­րիւ­րա­մեայ պատմութեան ըն­կե­րաքա­ղաքա­կան դիմագիծի մա­սին։

Կու­սակցու­թեան հա­մանա­խագահ­ներ Փեր­վին Պուլտան եւ Միթ­հատ Սան­ճա­րի բաց­ման ճա­ռերէն ետք մեկ­նարկեց առա­ջին նիս­տը, որուն ատե­նախօս­ներն էին Մու­րատ Պելկէ, Նեճ­մի­յէ Ալ­փայ, Օյա Պայ­տար, Ռը­զա Թիւրմեն եւ Սըր­րը Սիւ­րէյյա Էօն­տեր։ Այս նիս­տին ատե­նախօս­նե­րը ակ­նարկե­լով նաեւ հան­րա­պետու­թեան հռչակ­ման նա­խոր­դող տա­րինե­րու քա­ղաքա­կան զար­գա­ցումնե­րուն, նո­րակազմ պե­տու­թեան հիմ­նադրու­թեան հա­մար յե­նակէտ նկա­տեցին 1915 եւ 1923 թո­ւական­նե­րու մի­ջեւ գոր­ծադրո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թիւննե­րը եւ ազ­գա­յին պե­տու­թիւն հիմ­նե­լու ծա­ռայող գա­ղափա­րախօ­սու­թիւնը։ «Դա­րի մը հա­շուե­յար­դա­րը» խո­րագ­րեալ այս նիս­տին ժո­ղովա­վարն էր Սիւ­րէյյա Գա­րաճա­պէյ։

Յա­ջոր­դող երեք նիս­տե­րէն առա­ջին եր­կուքը դար­ձեալ քննար­կե­ցին հիմ­նադրու­թեան գոր­ծօննե­րը։ Այսպէս Այ­շէ­կիւլ Տե­ւեճիօղ­լո­ւի ժո­ղովա­վարու­թեամբ Պա­րըշ Իւնլիւ, Հա­միթ Պո­զարսլան եւ Թա­նըլ Պո­րա, Զէր­րին Քուրդօղ­լո­ւի ժո­ղովա­վարու­թեամբ։

Էօզ­կիւր Էօզ­թիւրք, Հիւլյա Օս­մա­նաղաօղ­լու եւ Այ­հան Եալ­չընքա­յա զե­կոյցներ ներ­կա­յացու­ցին քննար­կե­լով քա­փիթա­լիստ հա­մակար­գի զար­գա­ցու­մը, հայ­րիշխա­նական հա­մակար­գի դէմ կա­նանց պայ­քա­րը ժո­ղովրդա­վարու­թեան դէմ յա­րու­ցո­ւած ար­գելքնե­րը եւ նման բնոյ­թի զա­նազան տե­սու­թիւններ։

Օրո­ւայ չոր­րորդ եւ վեր­ջին նիս­տի խո­րագի­րը ճշտո­ւած էր «Հան­րա­պետու­թեան Սահ­մա­նադ­րութեան ոդի­սակա­նը» ըլ­լա­լով։ Այստեղ ալ Սե­ւիլայ Չե­լեն­քի ժո­ղովա­վարու­թեամբ Մու­րատ Սե­ւինչ, Տի­նչէր Տե­միր­քենթ եւ Լե­ւենդ Քէօքեր զե­կոյցներ ներ­կա­յացու­ցին քննար­կե­լով 1921, 1924, 1961 եւ 1982-ի սահ­մա­նադ­րութիւննե­րը։

Խորհրդա­ժողո­վի երկրորդ օրո­ւան հա­մար նա­խատե­սուած էր դար­ձեալ չորս նիս­տեր, որոնք այս ան­գամ նիւթ կ՚ու­նե­նային Թուրքիոյ Հան­րա­պետու­թեան երկրորդ հա­րիւ­րա­մեակի մա­սին զա­նազան կան­խա­տեսումներ։ Այսպէս Ֆա­րուք Ալփքա­յայի ժո­ղովա­վարու­թեամբ Նիւլկիւն Թո­քէր, Պե­քիր Աղըր­տըր, Էլ­չին Աք­թոփրաք, Ֆիւ­սուն Իւսթել եւ Ճեն­կիզ Չի­չէք զեկոյցներ ներկայացուցին։

Այս ժո­ղովի խո­րագիրն էր «Բ. դա­րու շե­մին ժո­ղովրդա­վարու­թիւն եւ հան­րա­պետու­թիւն»։ Օրո­ւայ երկրորդ նիս­տը հա­մարեա նոյն բո­վան­դա­կու­թիւնը ու­նէր, ուր Փե­րիհան Քո­ճայի ժո­ղովա­վարու­թեամբ Ճան Սո­յէր, Ֆեր­տա Գօչ, Նու­րայ Սան­ճար, Քե­նան Քալ­յոն եւ Հայ­տար Էր­կիւլ քննար­կե­ցին հան­րա­պետու­թեան ժո­ղովրդա­վարա­կան դի­մագիծ ստա­նալուն ար­գելք հան­դի­սացող գոր­ծօննե­րը։

Օր­ուան եր­րորդ եւ չոր­րորդ նիս­տե­րը եւս ուղղո­ւած էին կան­խա­տեսումնե­րու։ «Ինչպի­սի՞ ապա­գայ մը, ինչպի­սի՞ հան­րա­պետու­թիւն մը» խո­րագ­րեալ այս եր­կու նիս­տե­րէն Օնուր Համ­զաօղ­լո­ւի ժո­ղովա­վարու­թեամբ կա­յացող առա­ջինին մէջ Եիւքսել Կենչ, Աս­լը Օտ­ման, Մուսթա­ֆա Աս­լան եւ Թայ­յիպ Թե­մել նկա­րագ­րե­ցին կա­նանց, բա­նուոր­նե­րու, ալե­ւիադա­ւան­նե­րու եւ քիւրտե­րու ակնկա­լու­թիւննե­րը։ Նոյն խո­րագի­րով երկրորդ նիս­տի ժո­ղովա­վարն էր Շեպ­նեմ Օղուզ։ Այս ան­գամ կու­սակցու­թեան երի­տասարդ ու­ժե­րէն Լի­վան Օր­ման զե­կու­ցեց երի­տասար­դութեան ակնկա­լու­թիւննե­րը նիւթ ու­նե­նալով։ Էճե­հան Պալ­թա նիւթ առաւ հա­սարա­կու­թեան բնա­պահ­պանման նիւ­թե­րու հետ ապ­րած փոր­ձութիւննե­րը։ Բագ­րատ Էս­դուգեան ելոյթ ու­նե­ցաւ նիւթ ու­նե­նալով երկրի ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու հան­րա­պետու­թեան հան­դէպ ակնկա­լու­թիւննե­րը ու հե­ռան­կարնե­րը։ Օրո­ւայ վեր­ջին զե­կու­ցո­ղը եղաւ Հա­լուք Լե­ւենդ, որ խօ­սեցաւ երկրի տնտե­սու­թեան ժո­ղովրդա­վարաց­ման կա­րելիու­թիւննե­րը եւ հնա­րաւո­րու­թիւննե­րը նիւթով։

Եր­կօ­րեայ այս խորհրդա­ժողո­վը ինքնին ապա­ցոյց մըն էր Ժո­ղովուրդնե­րու Ժո­ղովրդա­վարա­կան Կու­սակցու­թեան երկրի ապա­գայի հան­դէպ ստանձնած պա­տաս­խա­նատո­ւու­թեան։ Կա­րելի է են­թադրել թէ այս կու­սակցու­թիւնը երկրի քա­ղաքա­կան դաշ­տի վրայ ակա­դեմա­կան նման բարձր մա­կար­դա­կով ժո­ղով մը կազ­մա­կեր­պե­լու կա­րողու­թեան մէջ եզա­կի է։ Այս հա­տատու­մը ալ աւե­լի կը շեշ­տո­ւէր դահ­լի­ճը ամ­բողջո­վին լեց­նող ունկնդիր­նե­րու պար­զած ընդհա­նուր տպա­ւորու­թիւնով։ Ափ­սոս որ ժո­ղովի աւար­տէն ժա­մեր անց պա­տահած երկրա­շար­ժը ար­գելք եղաւ այս լուրջ խորհրդա­ժողո­վի ար­ձա­գանգնե­րուն մա­մու­լի եւ հե­ռուստա­կայան­նե­րու օրա­կար­գին մաս կազ­մե­լուն։ Միայն որոշ հե­ռուստա­կայան­ներ եր­կօ­րեայ ժո­ղովը ամ­բողջու­թեամբ ներ­կա­յացու­ցին իրենց հե­տեւող­նե­րուն։ Այս պա­հուն կը սպա­սուի ժո­ղովի եզ­րա­փակիչ պաշ­տօ­նական տե­ղեկագ­րի հրա­պարակումը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ