Քըլըչտարօղլու՝ «Եթէ պէտք է ձերբակալուեցէք»

Հանրապե­տական Կու­սակցու­թեան նա­խագահ Քե­մալ Քը­­լըչ­­տա­­­րօղ­­լու երկրա­­շար­­ժի եր­­րորդ օրը այ­­ցե­­­լեց աղէտի գօ­­տի։ Ան նախ այ­­ցե­­­լեց Ատա­­նա եւ 7 Փետ­­րո­­­ւարին ալ ան­­ցաւ Հա­­թայ նա­­հան­­գը։ Այստեղ Իսքենտե­­րու­­նի քա­­ղաքա­­պետի հետ հե­­տեւե­­ցաւ փրկա­­րարա­­կան աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րուն։ Նշենք որ Իս­­քենտե­­րու­­նի նա­­ւահան­­գիստին մէջ բռնկած հրդե­­հը թեր­­թիս հրա­­տարա­­կու­­թեան պատ­­րաստո­­ւելու պա­­հուն տա­­կաւին բո­­լորո­­վին չէր հան­­գած եւ հրդե­­հին կը մի­­ջամ­­տեն Իս­­թանպու­­լի քա­­ղաքա­­պետ Էք­­րեմ Իմա­­մօղ­­լո­­­ւի տրա­­մադ­­րած հրշէջ­­նե­­­րը։ Ան­­գա­­­րայի քա­­ղաքա­­պետ Ման­­սուր Եաւաշ ալ լծո­­ւած է Հա­­թայի օդա­­կայա­­նի վե­­րանո­­րոգ­­ման աշ­­խա­­­տան­­քին։ Օդա­­կայա­­նի վազ­­գուղին վնա­­սուած ըլ­­լա­­­լուն պատ­­ճա­­­ռաւ ինքնա­­թիռ­­ներ չեն կրնար վայ­­րէջք կա­­տարել։

Զմիւռնիոյ քա­­ղաքա­­պետ Թունչ Սո­­յէր իր հետ բե­­րած օգ­­նութեան մի­­ջոց­­նե­­­րով կը փոր­­ձէ սփո­­փել Հա­­թայի Ան­­թա­­­քիա եւ շրջա­­կայ գա­­ւառ­­նե­­­րու խնդիրները։

Կա­­ռավա­­րու­­թիւնը կը փոր­­ձէ փրկա­­րարա­­կան եւ օգ­­նութեան բո­­լոր մի­­ջոց­­նե­­­րը պա­­հել իր հսկո­­ղու­­թեան տակ։ Այս որո­­շու­­մին ակ­­նարկե­­լով Հան­­րա­­­պետա­­կան Կու­­սակցու­­թեան պետ Քե­­մալ Քը­­լըչ­­տա­­­րօղ­­լու ու­­շագրաւ յայ­­տա­­­րարու­­թիւն մը ու­­նե­­­ցաւ իր կու­­սակցու­­թե­­­նէն ընտրո­­ւած քա­­ղաքա­­պետ­­նե­­­րուն։ «Եթէ ժո­­ղովուրդին օգ­­նութեան հաս­­նե­­­լու հա­­մար պի­­տի ձեր­­բա­­­կալո­­ւիք, յանձն առէք այդ ձեր­­բա­­­կալու­­թիւնը եւ շա­­րու­­նա­­­կեցէք ձեղ աշ­­խա­­­տու­­թեան»։ Քը­­լըչ­­տա­­­րօղ­­լու շատ լուրջ կեր­­պով քննա­­դատեց Էր­­տո­­­ղանի իշ­­խա­­­նու­­թիւնը պնդե­­լով թէ ժո­­ղովուրդէն գան­­ձո­­­ւած երկրա­­շար­­ժի տուրքե­­րը փո­­խանակ նպա­­տակին ծա­­ռայե­­լու տրա­­մադ­­րո­­­ւած է Էր­­տո­­­ղանի մեր­­ձա­­­ւոր քա­­նի մը ըն­­կե­­­րու­­թիւննե­­րու։ «Ամ­­բողջ կեան­­քի ըն­­թացքին պե­­տու­­թեան հարկ մու­­ծած ժո­­ղովուրդը այս պա­­հուն կ՚ու­­զէ պե­­տու­­թեան խնամ­­քը վա­­յելել, բայց պե­­տու­­թիւնը իր բո­­լոր ու­­շադրու­­թիւնը ուղղած է յա­­ռաջի­­կայ ընտրու­­թիւննե­­րու ըն­­թացքին իշ­­խա­­­նու­­թիւնը նո­­ւաճե­­լու։ Էր­­տո­­­ղան նման բո­­լոր աղէտ­­նե­­­րու ըն­­թացքին միաս­­նութեան կո­­չեր կ՚ընէ, բայց ես բնաւ նպա­­տակ չու­­նիմ իրեն զօ­­րակ­­ցե­­­լու։ Անոր հա­­մար ալ մեր քա­­ղաքա­­պետ­­նե­­­րուն հրա­­մայե­­ցի որ եր­­բեք նկա­­տի չու­­նե­­­նան պե­­տու­­թեան թե­­լադ­­րանքնե­­րը եւ իրենք սե­­փական մի­­ջոց­­նե­­­րով օգ­­նե­­­ն աղէ­­տեալ ժո­­ղովուրդին» ըսած է Քե­­մալ Քը­­լըչ­­տա­­­րօղ­լու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ