Քաղաքական խտրականութիւն

Թուրքիոյ հա­րաւա­յին շրջան­նե­րու մէջ պա­տահած երկրա­շար­ժը ամ­բողջ երկրի մէջ ծա­ւալեց օգ­նութեան փու­թա­լու տրա­մադ­րութիւն։ Հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու կող­քին քա­ղաքա­կան կու­սակցու­թիւննե­րը եւս ձեռ­նարկած են օգ­նութեան ար­շաւներ։ Այս ծի­րէն ներս Ժո­ղովուրդնե­րու Ժո­ղովրդա­վարու­թիւն Կու­սակցու­թեան Փաթ­նո­սի քա­ղաքա­պետա­րանը պատ­րաստած էր երկրա­շար­ժի օգ­նութիւն։ Սա­կայն օգ­նութիւ­նը փո­խան­ցող բեռ­նա­տար ինքնա­շար­ժը առգրա­ւուած էր պե­տական մար­միննե­րու կող­մէ։ Այս մա­սին յայ­տա­րարու­թիւնով մը հան­դէս եկած է կու­սակցու­թեան ճգնա­ժամի հա­մակարգման խոր­հուրդի անու­նով Պեր­տան Էօզ­թիւրք եւ ըսած է որ «Պէտք է խնդրին մեր­ձե­նալ մարդկա­յին խղճի եւ բա­րոյա­կան ար­ժա­նիք­նե­րու տե­սակէ­տէ։ Անըն­դունե­լի է օգ­նութիւննե­րուն ար­գի­լու­մը։ Մեր հա­մակարգման մի­ջոցաւ ժո­ղովուրդը օգ­նութիւններ փու­թա­ցուց աղէ­տեալ­նե­րուն հասցնե­լու հա­մար։ Սա քա­ղաքա­կան աշ­խա­տանք մը չէ, այլ բո­լորո­վին մար­դա­սիրա­կան։ Մե­զի փու­թա­ցած օգ­նութիւննե­րուն կա­րօտեալ­նե­րու հաս­նի­լը կ՚ար­գի­լուի ԱՖԱՏ-ի եւ կու­սա­կալու­թիւննե­րու կող­մէ»։

Պեր­տան Էօզ­թիւրք կը յայտնէ թէ ԱՖԱՏ այս երկրա­շար­ժի հա­մակար­գումը ստանձնե­լու հա­մար ամ­բողջո­վին ան­բա­ւարար է։ Այդ ան­բա­ւարա­րու­թե­նէն կը տու­ժեն նախ եւ առաջ աղէ­տեալ­նե­րը։ Բայց այս կա­ռոյ­ցը կ՚ու­զէ բո­լոր օգ­նութիւննե­րը իր հսկո­ղու­թեան մէջ պա­հել։ Այս ալ կա­տարո­ւած օգ­նութիւննե­րուն աղէ­տեանե­րուն հասցնե­լու գոր­ծընթա­ցը խա­փանող ազ­դակ մըն է։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ