Երկրաշարժի աղէտեալներու զօրակցութեան ժողով

Քահրաման­մա­րաշի Փա­զար­ճըք գա­ւառա­կի կեդ­րո­նով պա­տահած ահա­ւոր երկրա­շար­ժի աղէ­տեալ­նե­րու հա­մար աշ­խա­տանքներ մեծ թա­փով կը շա­րու­նա­կուին։

Ն.Ա.Տ. Սա­հակ Բ. Սրբա­զան Պատ­րիարք Հօր հրա­ւէրով 7 Փետ­րո­ւար 2023, Երեք­շաբթի, ժա­մը 16.00-ին Պատ­րիար­քա­րանի դահ­լի­ճին մէջ ժո­ղով մը գու­մա­րուե­ցաւ, մաս­նակցու­թեամբ հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու եւ թա­ղային խոր­հուրդնե­րու ատե­նապետ­նե­րու։ Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թեան կող­քին ներ­կայ էին Գերշ. Տ. Արամ Ար­քեպս. Աթէ­շեան, Հոգշ. Տ. Յո­վակիմ Աբղյ. Սե­րով­բեան, Արժ. Տ. Գրի­գոր Աւ. Քհնյ. Տա­մատեան եւ Արժ. Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւրզեան։

Ժո­ղովը բա­ցուե­ցաւ մեր Հո­գեւոր Պե­տին աղօթ­քով։ Ապա Պատ­րիարք Հայ­րը բա­ցատ­րեց ժո­ղովը հրա­ւիրե­լու պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւնը։ Ինչպէս ծա­նօթ է, ահա­ւոր երկրա­շար­ժի պա­տահած օրն իսկ խումբ մը հա­մայնքա­յին­նե­րու հետ խորհրդակ­ցա­կան հան­դի­պում մը կա­յացած եւ որո­շուած էր գու­մա­րել սոյն լայ­նա­խարիսխ ժո­ղովը։ Նկա­տի ու­նե­նալով որ նիւ­թը ան­մի­ջական կապ ու­նէր ըն­կե­րային օժան­դա­կու­թեան հետ, Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը որո­շած էր որ օժան­դա­կու­թեան սոյն աշ­խա­տան­քը յա­ռաջ տա­րուի Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռոյ Ըն­կե­րային Օժան­դա­կու­թեան Յանձնա­խումբի առաջ­նորդու­թեամբ։ Այս առու­մով, անցնող 24 ժա­մուան ըն­թացքին կա­տարո­ւած ու ծրագ­րո­ւած աշ­խա­տանքնե­րու մա­սին տե­ղեկու­թիւն տա­լու հրա­ւիրո­ւեցաւ յի­շեալ յանձնա­խումբի ատե­նապետ Խա­չիկ Ճա­նէլ, որ ման­րա­մասն բա­ցատ­րեց թէ ինչպի­սի աշ­խա­տան­քա­յին ծրա­գիր մը կը մշա­կեն եւ ար­դէն շու­տով Հա­թայ ու­ղարկած են վեր­մակներ ու նման ան­մի­ջական գոյ­քեր։ Սկսած է մեր եկե­ղեցի­ներու աղ­քա­տախ­նամնե­րու հետ հա­մագոր­ծակցա­բար անհրա­ժեշտ հա­գուստե­ղէնի, ու­տեստե­ղէնի եւ զա­նազան գոյ­քե­րու հա­ւաքը։ Պատ­րիար­քա­րանի հո­վանիին ներ­քեւ սկսած է նիւ­թա­կան օժան­դա­կու­թեան հա­ւաք։

Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնն ու ներ­կա­ներ շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնե­ցին առա­ջին իսկ առ­թիւ կա­տարո­ւած աշ­խա­տանքնե­րուն հա­մար։ Մեր Հո­գեւոր Պե­տը ըսաւ թէ պա­հը հա­մագոր­ծակցու­թեան, զօ­րակ­ցութեան ու օժան­դա­կու­թեան պահն է եւ հա­մայնքի իւ­րա­քան­չիւր ան­դամ պար­տի մաս կազ­մել տա­րուած աշ­խա­տանքնե­րուն իր ոյ­ժե­րուն նե­րած չա­փով, իր կա­րողու­թեան հա­մաձայն։

Պատ­րիարք Հայ­րը ու­րա­խու­թեամբ յայտնեց, թէ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լու յա­նուն Թուրքիոյ Հայ հա­մայնքի գու­մար մը յանձնած է AFAD-ի (Աղէտ­նե­րու եւ Ար­տա­կարգ Իրա­վիճակ­նե­րու Կա­ռավար­ման Կեդ­րոն)։ Ներ­կա­ներ մի առ մի իրենց հա­մամ­տութիւ­նը յայտնե­ցին Պատ­րիարք Հօր խօս­քե­րուն եւ խոս­տա­ցան շու­տով ըն­դա­ռաջե­լով զօ­րակ­ցիլ օժան­դա­կու­թեան այս ար­շա­ւին։

Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց բո­լորին՝ իրենց մաս­նակցու­թեան ու զօ­րակ­ցութեան հա­մար եւ օրհնեց բո­լորը։

Ժողովը աւարտին հասաւ աղօթքով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ