Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցութիւն յայտնեց Պատրիարք Հօր

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րեգին Բ Ամե­նայն Հա­յոց Վե­հափառ Հայ­րա­պետը 6 Փետ­րո­ւար 2023, Եր­կուշաբ­թի, հե­ռաձայ­նով կապ հաստստեց Ն.Ա.Տ. Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք Հօր հետ։ Նո­րին Սրբու­թիւնը ցա­ւակ­ցութիւն յայտնեց պա­տահած ահա­ւոր երկրա­շաժին եւ երկնա­յին համ­բե­րու­թիւն մաղ­թեց բո­լոր անոնց հա­մար որոնք կրած են ահա­ւոր աւե­րումնե­րու եւ մարդկա­յին կեան­քի կո­րուստնե­րու ցա­ւը։ Վե­հափառ Հայ­րա­պետը յայտնեց, թէ կը մնայ աղօ­թող նաեւ հե­տաքրքրո­ւեցաւ երկրա­շար­ժէն ազ­դո­ւած շրջան­նե­րու մէջ բնա­կող հա­մայնքի ան­դամնե­րու վի­ճակով։ Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը տե­ղեկու­թիւն տո­ւաւ եւ շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց ցու­ցա­բերո­ւած հայ­րա­պետա­կան հո­գածու­թեան հա­մար։

Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թեան ցա­ւակ­ցութիւն յայտնած են նաեւ Գու­գա­րաց Թե­մի առաջ­նորդ՝ Գերշ. Տ. Յով­նան Եպսկ. Յա­կոբեան եւ Ամե­րիկա­յի Արե­ւելեան Թե­մի առաջ­նորդ՝ Հոգշ. Տ. Մես­րոպ Վրդ. Պար­սա­մեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ