Սուրիա եւս վիրաւոր

Մարաշի Փազարճըք գաւառը եփիկեդրոն առած երկրաշարժը աւերներ գործեց նաեւ հարեւան երկիր Սուրիոյ մէջ։ Սուրիոյ հիւսիսային քաղաքները եւ յատկապէս Հալէպ եւ Լաթաքիա գաւառները ծանրօրէն վնասներ ստացաւ եւ կրեց մարդկային զոհեր։ Երկրաշարժի Սուրիոյ մէջ գործած աւերի մասին տեղեկութիւնները կը փոխանցենք մեր ընթերցողներուն Գանձասարի մշակած լուրերու միջոցաւ։

6Փետրուարի առա­ւօտեան կա­նուխ ժա­մերուն ծա­գած երկրա­շար­ժէն այս կողմ Հա­լէպի բնակ­չութեան մե­ծամաս­նութիւ­նը ինքնա­շարժնե­­րու, ազ­­գա­­­յին միու­­թե­­­նական կա­­ռոյցնե­­րու, ինչպէս նաեւ պե­­տու­­թեան տրա­­մադ­­րած ապաս­­տա­­­րան­­նե­­­րուն մէջ ան­­ցուց ողջ գի­­շերը։

Հայ Օգ­­նութեան Միու­­թիւնը մեծ յուզմունքով կը հե­­տեւի 6 Փետ­­րո­­­ւար 2023-ի վաղ առա­­ւօտեան Սու­­րիոյ եւ տա­­րածաշրջա­­նին մէջ պա­­տահած 7,8 աս­­տի­­­ճան ուժգնու­­թեամբ ցնցած երկրա­­շար­­ժին աղէ­­տալի հե­­տեւանքնե­­րուն: Հիւ­­սի­­­սային Սու­­րիոյ քա­­ղաք­­նե­­­րը, մա­­նաւանդ Հա­­լէպը մե­­ծապէս ցնցո­­ւած են եւ ան­­գամ մը եւս մեր զօ­­րակ­­ցութիւնն ու աջակ­­ցութիւ­­նը կը յայտնենք սու­­րիահայ գա­­ղու­­թին, որոնք կրկին ան­­գամ կը գտնո­­ւին ծանր պայ­­մաննե­­րու մէջ:

Ցնցումնե­­րուն պատ­­ճա­­­ռով կան` մարդկա­­յին զո­­հեր, վի­­րաւոր­­ներ, քա­­րու­­քանդ եղած փլա­­տակ շէն­­քեր, մինչ այդ փրկա­­րար աշ­­խա­­­տանքնե­­րը տա­­կաւին կը շա­­րու­­նա­­­կուին: Նախ­­նա­­­կան տո­­ւեալ­­նե­­­րով, կան եր­­կու հայ զո­­հեր` Սու­­րիահայ օգ­­նութեան խա­­չի ան­­դամ Միր­­նա Մի­­նասեան-Թէ­­նէքէ­­ճեան եւ անոր որ­­դին:

Իրա­­քի Հան­­րա­­­պետու­­թե­­­նէն մար­­դա­­­սիրա­­կան օգ­­նութիւննե­­րով բեռ­­ցո­­­ւած եր­­կու օդա­­նաւեր Դա­­մաս­­կո­­­սի Մի­­ջազ­­գա­­­յին Օդա­­կայան հա­­սան, որ­­պէսզի տրա­­մադրուին Սու­­րիան ցնցած երկրա­­շար­­ժէն վնա­­սուած­­նե­­­րուն։

Օժան­­դա­­­կու­­թիւննե­­րը կ՚ընդգրկեն 70 թոն սննդե­­ղէն, բժշկա­­կան պի­­տոյք, վեր­­մակներ եւ այլն։

Իրա­­քի ԱԳՆ-ի մէջ արա­­բական բա­­ժինի տնօ­­րէնու­­թեան նա­­խագա­­հը ՍԱ­­ՆԱ-ին յայտնեց Սու­­րիոյ նե­­ցուկ կանգնե­­լու Իրա­­քի պատ­­րաստա­­կամու­­թիւնը, վստա­­հեց­­նե­­­լով, որ Սու­­րիան պի­­տի յաղ­­թա­­­հարէ այս աղէ­­տը։

Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան վար­­չա­­­պետ Նի­­կոլ Փա­­շինեան հե­­ռաձայ­­նա­­­յին հա­­ղոր­­դակցու­­թեամբ իր եւ հա­­յաս­­տա­­­նի ժո­­ղովուրդի խո­­րին ցա­­ւակ­­ցութիւ­­նը յայտնեց Սու­­րիոյ նա­­խագահ Պաշ­­շար ալ-Ասա­­տին՝ Սու­­րիան ցնցած երկրա­­շար­­ժի զո­­հերուն հա­­մար։

Փա­­շինեան Հա­­յաս­­տա­­­նի զօ­­րակ­­ցութիւ­­նը յայտնեց Սու­­րիոյ ղե­­կավա­­րու­­թեան եւ ժո­­ղովուրդին, ինչպէս նաեւ երկրին պատ­­րաստա­­կամու­­թիւնը՝ փրկա­­րար­­նե­­­րու խմբակ մը առա­­քելու Սու­­րիա։

Իր կար­­գին նա­­խագահ Ասատ շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնեց Փա­­շինեանին՝ Սու­­րիոյ հան­­դէպ Հա­­յաս­­տա­­­նի աջա­­կից կե­­ցուած­­քին հա­­մար, ինչ որ կ՚ար­­տա­­­յայ­­տէ եր­­կու եր­­կիրնե­­րու սերտ յա­­րաբե­­րու­­թիւնը։

Հա­­յոց Վար­­չա­­­պետը ցա­­ւակ­­ցութիւն ու զօ­­րակ­­ցութիւն յայտնեց նաեւ Թուրքիոյ նա­­խագա­­հին եւ ժո­­ղովրդին՝ երկրի հա­­րաւա­­րեւե­­լեան շրջան­­նե­­­րուն տե­­ղի ու­­նե­­­ցած հուժկու երկրա­­շար­­ժի հե­­տեւան­­քով բազ­­մա­­­թիւ զո­­հերի կա­­պակ­­ցութեամբ»։ Նի­­կոլ Փա­­շինեան շու­­տա­­­փոյթ ապա­­քինում մաղ­­թած է բո­լոր վի­րաւոր­նե­րուն եւ յա­ւելած, որ Երե­ւանի «Զո­ւարթնոց» օդա­կայա­նէն թռիչ­քի կը պատ­րաստո­ւի Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան փրկա­րարա­կան ու­ժե­րը աղէ­տի գօ­տի տե­ղափո­խող ինքնա­թիռը։ Իր կար­գին Թուրքիոյ նա­խագահ Ռէ­ճէպ Թա­յէպ Էր­տո­ղան ՀՀ վար­չա­պետին շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնած է զօ­րակ­ցութեան հա­մար եւ նշած, որ Թուրքիոյ կա­ռավա­րու­թիւնը բարձր կը գնա­հատէ Հա­յաս­տա­նի աջակ­ցութիւ­նը՝ կա­րեւո­րելով այդ քայ­լը նաեւ եր­կու եր­կիրնե­րու մի­ջեւ հե­տագայ երկխօ­սու­թեան խո­րաց­ման տե­սան­կիւնէն», այս մա­սին կը յայտնեն ՀՀ կա­ռավա­րութենէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ