Փորձուեցանք բնութեան ձեռքով

6Փետրո­ւարի առա­ւօտեան կա­նուխ ժա­մերուն 04.17-ին պա­տահած երկրա­շար­ժը կը հա­մարո­ւի երկրի պատ­մութեան մէջ գրան­ցո­ւած ամե­նահուժկու ցնցումնե­րէն մէ­կը ըլ­լա­լով։ Ան­ցեալին եւս պա­տահած էին շատ ու­ժեղ ցնցումներ, սա­կայն անոնց ազ­դե­ցու­թեան գօ­տին հա­մեմա­տաբար աւե­լի սահ­մա­նափակ եղած էր։ Այս ան­գամ Մա­րաշի Բա­զար­ճըք գա­ւառը եփի­կեդ­րոն ու­նե­ցող երկրա­շար­ժի ուժգնու­թիւնը յայ­տա­րարո­ւեցաւ նախ 7,4 եւ ապա այդ աս­տի­ճանա­ւորու­մը բարձրա­ցուե­ցաւ 7,7-ի։ Նշենք որ ՆԱ­ՍԱ այս ցնցու­մը գնա­հատած է 7,8 ըլ­լա­լով։

Երկրա­շար­ժէն ազ­դո­ւեցան տա­սըծ քա­ղաք­ներ, որոնց բնակ­չութիւ­նը կը հա­շուըուի 13,5 մի­լիոն։ Ար­շա­լոյ­սէն առաջ պա­տահած ցնցու­մը խու­ճապ պատ­ճա­ռեց տա­րած­քաշրջա­նի բնակ­չութեան մօտ։ Առա­ջին պա­հուն կա­րելի չէր եղած երկրա­շար­ժի ծա­ւալը ըն­կա­լել։ Երբ օրը լու­սա­ւորո­ւեցաւ յայտնի դար­ձաւ նաեւ աւե­րի ծան­րութիւ­նը։ Բարձրա­յարկ շէն­քեր գետ­նին հա­ւասա­րած էին եւ ամէն կող­մէ կը լսո­ւէր օգ­նութեան ճի­չէր։

Երկրա­շար­ժը բա­ցի իր կոր­ծա­նիչ ու­ժէն, ստեղ­ծեց նաեւ բազ­մա­թիւ խո­չըն­դոտներ, որոնց կա­րեւո­րագոյնն էր Հա­թայի օդա­կայա­նի վազ­քուղիի աւե­րու­մը, որ պատ­ճառ կը դառ­նար օգ­նութեան մի­ջոց­նե­րուն փո­խադ­րութիւ­նը խան­գա­րելու։ Նոյնպէս ցա­մաքա­յին ճամ­բա­ները ծան­րօ­րէն աւե­րուած էին եւ կ՚ար­գի­լէին ինքնա­շարժնե­րու եր­թե­ւեկու­թիւնը։ Երե­ւոյթ մը՝ որ ինքնա­բերա­բար կը մե­կու­սացնէր աղէ­տի գօ­տին։ Միւս կող­մէ պար­զո­ւեցաւ նաեւ փրկա­րար աշ­խա­տու­թեան նիւ­թով տի­րող ընդհա­նուր ան­բա­ւարա­րու­թիւնը։ Շատ տե­ղեր փրկա­րար աշ­խա­տու­թեան մէջ որոշ փոր­ձա­ռու­թիւն ու­նե­ցող կազ­մա­կեր­պութիւններ ան­շարժու­թեան մատ­նո­ւեցան պար­զա­պէս անհրա­ժեշտ հրա­հանգնե­րու ու­շացման հե­տեւան­քով։ Այդպի­սինե­րէն էին հան­քա­փոր­նե­րու փրկա­րար ջո­կատ­նե­րը, որոնց բո­լոր պատ­րաստու­թիւնը հիմ­նո­ւած է երկրի խոր­քե­րէն կեան­քեր փրկե­լու ուղղու­թեամբ։ Ար­դէն եր­րորդ օրն է աղէ­տի դէպ­քէն այս կողմ եւ այ­լեւս փլա­տակ­նե­րէն կեն­դա­նի շունչեր դուրս բե­րելու յոյ­սը ամ­բողջո­վին սպա­ռած է։

Կա­ռավա­րու­թիւնը այս աղէ­տի դի­մաց հա­մաշ­խարհա­յին օգ­նութեան կոչ յայ­տա­րարեց, որուն ար­ձա­գան­գե­ցին աւե­լի քան 65 եր­կիրներ եւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պութիւններ։ Հա­յաս­տան եւս պատ­րաստա­կամու­թիւն յայտնեց աղէ­տեալ­նե­րուն օգ­նութեան փու­թա­լու հա­մար։ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թեան բան­բե­րը յայ­տա­րարեց թէ Հա­յաս­տան եւս ու­ղարկած է փրկա­րար ջո­կատ­ներ։ Սա­կայն ինչ որ նշե­ցինք վե­րեւի տո­ղերուն մէջ, ժա­մանա­կը հետզհե­տէ կը դժո­ւարաց­նէ կեն­դա­նի կեան­քեր փրկե­լու հա­ւանա­կանու­թիւնը։ Նշենք որ Հա­յաս­տան ան­ցեալին ալ նոյն բնու­թեամբ օգ­նութեան ջո­կատ­ներ ու­ղարկած էր Մար­մա­րայի երկրա­շար­ժի ըն­թացքին։ Պա­հի դրու­թեամբ Վա­քըֆ­գիւղի բնա­կիչ­նե­րը անուղղա­կի օրէն ազ­դո­ւած են երկրա­շար­ժէն, քա­նի որ գիւ­ղի մէջ վնա­սուած տուն չկայ։ Այդ ցնցումնե­րու պատ­ճա­ռած սար­սա­փի հե­տեւան­քով անոնք եւս դուրս եկած են իրենց բնա­կարան­նե­րէն եւ նա­խընտրած են գիւ­ղի սրճա­րանին մէջ հա­ւաքա­բար սպա­սել ար­շա­լոյ­սը։

Թէ սար­սա­փը եւ թէ աւե­րը կրկնա­պատ­կո­ւեցաւ, երբ յա­ջորդ օր ցե­րեկո­ւայ ժա­մերուն ժա­մը ու­ղիղ 13.27-ին պա­տահե­ցաւ երկրորդ հուժկու ցնցու­մը, որ իր կար­գին փլեց առա­ջին երկրա­շար­ժին վնա­սուած, բայց կան­գուն մնալ շա­րու­նա­կող բազ­մա­թիւ շէն­քեր։ Այս երկրորդ հուժկու ցնցու­մի ուժգնու­թիւնը ար­ձա­նագ­րո­ւեցաւ 7,6 մակ­նի­դու­տով։ Բա­րեբախ­տա­բար ի տար­բե­րու­թիւն առա­ջին ցնցու­մէն, այս երկրորդ երկրա­շար­ժի պա­հուն շէն­քե­րը հա­մարեա բո­լորո­վին դա­տարկ էին։ Հե­տեւա­բար մարդկա­յին զո­հերը սահ­մա­նուած մնա­ցին միայն առա­ջին ցնցու­մով։

Թերթս հրա­տարա­կու­թեան պատ­րաստե­լու ժա­մանա­կանին զո­հերու թի­ւը հա­սած էր 10.000-ի սահ­մաննե­րուն։ Բայց ինչպէս կը կան­խա­տեսէր նա­խագահ Էր­տո­ղան, այս թի­ւը եւս բար­ձա­նալու հա­կում ու­նի, քա­նի որ փլա­տակ­նե­րու տա­կէն ընդմիշտ նոր դիակ­ներ կը յայտնա­բերո­ւին։

Միւս կող­մէ Իս­քենտե­րու­նի նա­ւահան­գիստի մէջ ծա­գած հրդե­հը տա­կաւին չէ հան­գած։ Հրդե­հին հազիւ երրորդ օրը կարելի եղած է ցա­մաքէն մի­ջամ­տել, շնորհիւ Իսթանպուլէն եկած հրշէջներու։

Նա­խագահ Էր­տո­ղան իր կար­գին յայ­տա­րարեց որ որո­շած են երեք ամիս ժամ­կէ­տով ար­տա­կարգ իրա­վիճա­կի դրու­թիւն հռչա­կուի։ Այս մա­սին քա­ղաքա­կան վեր­լուծա­բան­նե­րը կը քննա­դատեն Էր­տո­ղանի այս քայ­լը դի­տել տա­լով թէ նա­խագա­հը այսպէ­սով կը փոր­ձէ ընտրու­թիւննե­րը ար­տա­կարգ իրա­վիճակ­նե­րու ճնշու­մով անցկաց­նել եւ այսպէ­սով ալ ար­գելք ըլ­լալ ընդդի­մադիր­նե­րու քա­րոզար­շաւնե­րուն։

Նա­խագա­հը նաեւ յայ­տա­րարեց թէ մէկ շա­բաթ տե­ւողու­թեամբ ազ­գա­յին սուգ հռչա­կուած է ամ­բողջ երկրի տա­րած­քին եւ նաեւ բո­լոր դպրոց­նե­րը ար­ձա­կուած են մին­չեւ 13 Փետ­րո­ւար։ Իսկ աղէտի գօտիի դպրոցները մինչեւ 20 Փետրուար փակ են։

Երկրա­շար­ժէն ամե­նածանր տու­ժած սրբա­վայ­րե­րէն մէ­կը եղաւ Իս­քենտե­րու­նի Լա­տին Կա­թողի­կէ Եկե­ղեցին, որ բո­լորո­վին փլած է։ Նոյն քա­ղաքի Հայ Առա­քելա­կան Քա­ռասուն Մա­նուկ Եկե­ղեցին ալ որոշ չա­փով վնա­սուած է։ Մանր ճեղ­քեր գո­յացած են նաեւ Վա­քըֆ­գիւղի հա­յոց եկե­ղեց­ւոյ պա­տերուն վրայ։ Տի­յար­պե­քիրի Սուրբ Կի­րակոս Եկե­ղեցին անվնաս մնա­ցած է, ինչպէս Կե­սարիոյ Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւորի­չը։

Պատ­րիար­քա­րանը գա­ւառի եկե­ղեցի­ներու վի­ճակի մա­սին յայ­տա­րարու­թիւն մը ըրաւ եւ ստու­գեց այս զար­գա­ցումնե­րը։

Պատ­րիար­քա­րանի Օգ­նութեան յանձնա­խումբն ալ իր կար­գին ժո­ղով մը գու­մա­րելով քննար­կեց երկրա­շար­ժէն տու­ժած հա­յերուն օգ­նե­լու եղա­նակ­նե­րը։

Դար­ձեալ Պատ­րիար­քա­րանէն փո­խան­ցո­ւած տե­ղեկու­թիւննե­րու հա­մաձայն յայտնի դար­ձաւ որ Մա­լաթիոյ մէջ մա­հացած են հայ ամու­սիններ եւ իրենց զա­ւակը։ Ատըեամա­նի մէջ մա­հացած է Իս­թանպու­լա­հայ որոշ շրջա­նակի մըն ալ ծա­նօթ սի­րուած երա­ժիշտ Ստե­փան Իլ­հա­նի եղ­բայրը։ Իս­քենտե­րուն եւ Ան­տիոքէն եւս հա­սած են կեան­քի կո­րուստի մա­սին լու­րեր։

Բա­ցի օգ­նութեան կազ­մա­կեր­պեալ աշ­խա­տու­թիւննե­րէն, այս ուղղու­թեամբ ան­հա­տական ջան­քեր եւս կը կա­տարուին մա­նաւանդ դպրո­ցական­նե­րու շրջա­նակին մէջ։ Այսպէս աշա­կերտներ կը փոր­ձեն իրենց խնա­յողու­թիւննե­րով գու­մար գո­յաց­նել եւ առա­քել աղէ­տի գօ­տի, իրենց նպաս­տը բե­րելու հա­մար քա­ղաքա­ցիական զօ­րակ­ցութեան։

Աղէ­տի գօ­տիի կա­րեւոր կա­րիք­նե­րէն մէկն է ջու­րի մա­տակա­րարու­մը, քա­նի որ ջրա­բաշ­խութեան ցան­ցերն ալ լրջօ­րէն վնա­սուած են։

Ար­ձա­գանգներ հա­րեւան երկրէն

Երկրա­շար­ժի աւե­րիչ ազ­դե­ցու­թիւնը զգա­լի եղաւ նաեւ Սու­րիոյ մէջ։ Այս մա­սին հե­ռախօ­սակա­պով զրու­ցե­ցինք ծա­նօթ լրագ­րող Սար­գիս Քա­սար­ճեանի հետ եւ իր­մէ լսե­ցինք թէ եթէ ոչ մայ­րա­քաղաք Դա­մաս­կո­սը, բայց երկրի հիւ­սի­սային քա­ղաք­նե­րը մա­նաւանդ ալ Հա­լէպ եւ Լա­թաքիա ծան­րօ­րէն վնա­սուած են։ Քե­սապ բա­րեբախ­տա­բար չէ տու­ժած, բայց ծան­րա­պէս վի­րաւո­րուած է նաեւ Ըտ­լի­պի մեր­ձա­կայ հա­յաբ­նակ Եաքու­պի­յէ գիւ­ղը։ Ընդհան­րա­պէս տա­րեց հա­յերով բնա­կեցո­ւած այս գիւ­ղի մէջ ալ ի դէմ ծանր փլու­զումնե­րու մարդկա­յին կո­րուստ տե­ղի չէ ու­նե­ցած։

Յունաստան եւ Կիպրոս օգնութեան կը փութան

Աթէնքի մէջ հիմ­նո­ւած պոլ­սե­ցի յոյ­նե­րու հա­մաշ­խարհա­յին ըն­կե­րու­թիւնը Թուրքիոյ դես­պա­նատան դի­մելով առա­ջար­կած է իր օգ­նութեան ծրա­գիրը։ Անոնք իրենց օգ­նութիւ­նը հիմ­նա­ւորած են երեք մա­սերու վրայ, որոնցմէ առա­ջինն է դե­ղորայ­քի եւ ցուրտեն պաշտպա­նուե­լու մի­ջոց­նե­րու առա­քու­մը։ Կը շա­րուա­կուի նիւ­թա­կան աջակ­ցութեան հա­մար դրա­մահա­ւաքի ար­շա­ւը։ Իսկ եր­րորդ ըլ­լա­լով ալ ըն­կե­րու­թեան երի­տասար­դաց յանձնա­խումբը սկսած են արիւն տալ վի­րաւո­րեալ­նե­րուն փո­խան­ցե­լու հա­մար։

Միւս կող­մէն Կիպ­րո­սի Հան­րա­պետու­թիւնն ալ փրկա­րար ջո­կատ­ներ եւ օգ­նութիւն տրա­մադ­րե­լու առա­ջարկ ներ­կա­յացու­ցած է Թուրքիոյ իշ­խա­նու­թիւննե­րուն։ Թուրքիա վա­րանած է Կիպ­րո­սի աջակ­ցութիւ­նը ըն­դունե­լու եւ այս վա­րանու­մը յաղ­թա­հարո­ւած է Կիպ­րո­սի ներդրու­մը Եւ­րո­միու­թեան օգ­նութեան սահ­մա­նու­մով կի­րար­կե­լու մի­ջոցաւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ