Շարադրութեան մրցում Յասմիկ Սուճեանի յիշատակին

Սայաթ Նո­վա երգչա­խումբի շրջա­նակ­նե­­րուն հա­­մար շատ սի­­րելի դէմք մը եղած է մեր ող­­բա­­­ցեալ ըն­­կե­­­րու­­հի Յաս­­միկ Սու­­ճեան։ Ան էր որ ման­­կանց երգչա­­խումբի հետ կա­­տարո­­ւած Փո­­լով­­տի­­­ւեան հիւ­­րա­­­համերգնե­­րէ ետք յղա­­ցաւ որ­­պէս երգչա­­խում Կրե­­տէ կղզի այ­­ցե­­­լելու եւ այնտեղ Սուրբ Ծննդեան յաջորդած պա­­տարագ մա­­տու­­ցե­­­լու գա­­ղափա­­րը։

Մեծ ոգե­­ւորու­­թեամբ դի­­մաւո­­րուած էր Յաս­­միկ Սու­­ճեանի այդ առա­­ջակը եւ շու­­տով կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւեցաւ Կրե­­տէի ուխտագ­­նա­­­ցու­­թիւնը, որ մին­­չեւ օրս հա­­ճելի յի­­շատակ մըն է այդ շրջա­­գայու­­թեան բո­­լոր մաս­­նակիցնե­­րուն հա­­մար։

Այժմ տե­­ղեակ կ՚ըլ­­լանք սի­­րելի Յաս­­մի­­­կի դուստր Թա­­լին Սու­­ճեանի իր մօր յի­­շատա­­կին ձօ­­նուած շա­­րադ­­րութեան մրցու­­մի նա­­խաձեռ­­նութեան։

Ստո­­րեւ կը ներ­­կա­­­յաց­­նենք Թա­­լին Սու­­ճեանին մե­­զի տրա­­մադ­­րած ման­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րը։

Յաս­­մի­­­կեան Պտոյտներ. աշա­­կեր­­տուհի­­ներու ուղղո­­ւած ար­­ձակ գրու­­թեան մրցում։

«Յաս­­մի­­­կեան Պտոյտներ»ը Բար­­ռե­­­սիա գո­­լէք­­թի­­­ւին անդրա­­նիկ շա­­րադ­­րա­­­կան մրցումն է՝ նո­­ւիրո­­ւած Յաս­­միկ Սու­­ճեանի յի­­շատա­­կին։ Մրցումին նպա­­տակն է քա­­ջալե­­րել աշա­­կեր­­տուհի­­ներ գրա­­կան ոճով ար­­տա­­­յայ­­տո­­­ւելու իրենց պտոյտնե­­րուն եւ ապ­­րումնե­­րուն մա­­սին։

Բար­­ռե­­­սիա գո­­լէք­­թի­­­ւը կոչ կ՚ուղղէ հայ­­կա­­­կան վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու բո­­լոր աշա­­կեր­­տուհի­­ներուն, գրի առ­­նե­­­լու իրենց պտոյտնե­­րը, ապ­­րած քա­­ղաք­­նե­­­րու եւ թա­­ղերու մէջ կամ զբօ­­սաշրջու­­թեան ըն­­թացքին ան­­ցուցած յու­­շե­­­րը, իրենց տպա­­ւորու­­թիւննե­­րը, մտա­­ծումներն ու զգա­­ցումնե­­րը, իրենց (չ)ստեղ­­ծած կա­­պը այդ տե­­ղերուն հետ՝ գրա­­կանօ­­րէն մշա­­կելով զա­­նոնք եւ ու­­ղարկե­­լով մե­­զի։

Կ՚ըն­­դունինք որե­­ւէ գրու­­թիւն, որ կը նկա­­րագ­­րէ ձեր առօ­­րեայ եւ կամ բա­­ցառիկ որե­­ւէ պտոյտ, ինչպէս՝ Հա­­յաս­­տան, շա­­բաթա­­վեր­­ջին կղզի կամ գիւղ, գա­­ւառը ապ­­րող ըն­­տա­­­նիքի, ծա­­նօթ­­նե­­­րու այ­­ցե­­­լու­­թիւններ, ինչպէս նաեւ քա­­ղաքի կամ թա­­ղի առօ­­րեայ ապ­­րումներ։ Կը կա­­րեւօ­­րէնք անձնա­­կան փոր­­ձա­­­ռու­­թիւննե­­րը ու կը փա­­փաքինք տե­­սանե­­լի դարձնել երի­­տասարդ հայ կի­­ներու նե­­րաշ­­խարհը։

Այս կո­­չը բաց է բո­­լոր հայ­­կա­­­կան վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու 15-19 տա­­րեկան աշա­­կեր­­տուհի­­ներուն։

Գրու­­թիւննե­­րը պէտք է ըլ­­լան արեւմտա­­հայե­­րէնով եւ 500 բա­­ռերու սահ­­մաննե­­րու մէջ։

Ստա­­ցուած գրու­­թիւննե­­րէն պի­­տի ընտրո­­ւին 3 լա­­ւագոյննե­­րը, որոնց հե­­ղինակ­­նե­­­րը պի­­տի ստա­­նան 150 Եւ­­րօ։

Ձեր գրու­­թիւննե­­րը կրնաք ղրկել parrhesiameetings@gmail.com ենա­­մակի հաս­­ցէին (նշե­­լով ձեր անու­­նը, տա­­րիքը, քա­­ղաքը եւ դպրո­­ցը) մին­­չեւ 1 Մա­­յիս 2023։ Ար­­դիւնքնե­­րը պի­­տի յայ­­տա­­­րարենք 1 Յու­­նիս 2023-ին մեր կայ­­քին վրայ՝ www.parrhesiacollective.com

Բար­­ռե­­­սիա գո­­լէք­­թի­­­ւը կը վա­­յելէ «Գա­­լուստ Կիւլպէն­­կեան» հիմ­­նարկու­­թեան հո­­վանա­­ւորու­թիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ