Երկրաշարժի Մալաթիոյ հայ զոհերը հողին յանձնուեցան

Երկրա­շար­ժի Մա­լաթիոյ երեք Հա­յազ­գի զո­հերը՝ Սա­մի Թա­պաշ եւ կո­ղակի­ցը՝ Այ­տա ու իրենց երի­տասարդ զա­ւակը՝ Ալէքս, 10 Փետ­րո­ւար 2023, Ուրբաթ մի­ջօրէին հո­ղին յանձնո­ւեցան։

Ն.Ա.Տ. Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք Հօր տնօ­րինու­թեամբ Պատ­րիար­քա­կան Փո­խանորդ Արժ. Տ. Գրի­գոր Աւ. Քհնյ. Տա­մատեան, Հինգշաբ­թի գի­շեր Էլա­զըղի վրա­յով Մա­լաթիա ժա­մանած եւ հիւ­րա­սիրո­ւած քա­ղաքաբ­նակ ժո­ղովուրդէն Սէր­տար Պո­յաճըի բնա­կարա­նին մէջ։

Ուրբաթ, ժա­մը 14.00-ին, քա­ղաքի Հա­յոց Գե­րեզ­մա­նատան մատ­րան մէջ կա­տարո­ւեցաւ հան­գուցեալ­նե­րու յու­ղարկա­ւորու­թեան եկե­ղեց­ւոյ կար­գը։ Նախ քան «Հոգ­ւոց» աղօթ­քը Տէր Հայ­րը դամ­բա­նախօ­սեց եւ թե­լադ­րեց հա­ւատալ մխի­թարու­թեան կա­րեւո­րու­թեան եւ այս մա­սին ընդգծեց թէ մխի­թարու­թեան դու­ռը կը բա­ցուի Աս­տուծոյ վստա­հելով։ Յի­շեցուց թէ պէտք չէ աչ­քե­րը յա­ռել գե­րեզ­մա­նի հո­ղակոյ­տին եւ եթէ գե­րեզ­ման մը կայ որուն աչ­քե­րը պէտք յա­ռել Քրիս­տո­սի յա­րու­թեամբ պա­րապ թո­ղած Սուրբ Գե­րեզ­մանն է, որ յա­ւիտեանս յա­ւիտե­նից կը յայ­տա­րարէ յա­րու­թեան ճշմար­տութիւ­նը։ Իր խօս­քի աւար­տին փո­խան­ցեց Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թեան ցա­ւակ­ցութիւննե­րը եւ հայ­րա­կան օրհնու­թիւնը։ Յայտնեց թէ մեր Հո­գեւոր Պե­տը կը յի­շեց­նէր թէ առան­ձին չէին ու կ՚աղօ­թէր իրենց հա­մար, մաղ­թե­լով ի Տեառ­նէ որ զօ­րաց­նէ եւ տո­կու­նութիւն պար­գե­ւէ բո­լորին այս դժո­ւարին օրե­րուն։

Հան­գուցեալ­նե­րու մար­միննե­րը հո­ղին յանձնո­ւեցան գե­րեզ­մա­նատան մէջ։

Թաղ­ման կարգ Մա­րիամ
Քա­րաթա­շի

Ահա­ւոր երկրա­շար­ժի Մա­լաթիոյ զո­հերէն մին էր նաեւ Մա­րիամ Քա­րաթաշ, ծնեալ Քէս­քին։ Հան­գուցեալը քոյրն էր Սկիւ­տա­րի Սուրբ Խաչ Եկե­ղեց­ւոյ եր­բեմնի սար­կա­ւագ՝ հո­գելոյս Յա­կոբ Քէս­քի­նի։

11 Փետ­րո­ւար 2023, Շա­բաթ, Պատ­րիար­քա­կան Փո­խանորդ Արժ. Տ. Գրի­գոր Աւ. Քհնյ. Տա­մատեան, ժա­մը 10.00-ին, ըն­կե­րակ­ցութեամբ Սեր­տար Պո­յաճըի գե­րեզ­մա­նատուն հա­սաւ։ Նկա­տելով որ թաղ­ման հա­մար անհրա­ժեշտ կար­գադրու­թիւննե­րը իրենց աւար­տին չէին հա­սած գե­րեզ­մա­նատան մատ­րան մէջ, Սրբոյն Իսա­հակայ Պար­թեւ Հայ­րա­պետի տօ­նին առ­թիւ կա­տարո­ւեցաւ Ժա­մեր­գութիւն եւ խնդրո­ւեցաւ Սուրբին բա­րեխօ­սու­թիւնը։

Ժա­մեր­գութեան աւար­տին թաղ­ման կար­գադրու­թիւննե­րը լրա­ցած ըլ­լա­լով կա­տարուեցաւ հան­գուցեալի թաղ­ման եկե­ղեց­ւոյ կար­գը, որ­մէ յե­տոյ մար­մի­նը ամ­փո­փուե­ցաւ իր հո­գելոյս մօր՝ Հե­ղինէ Քէս­քի­նի դամ­բա­րանի կող­քին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ