2023-ի Միջազգային Հրանդ Տինք Մրցանակները

Միջազ­գա­յին Հրանդ Տինք Մրցա­նակը, ինչպէս ամէն տա­րի, այս տա­րի եւս յանձնո­ւեցաւ Սեպ­տեմբեր 15-ին՝ Հրանդ Տին­քի տա­րեդար­ձին օրը։ Այս տա­րի մրցա­նակը տրո­ւեցաւ Թուրքիայէն «Աչըք ռա­տիօ» ձայ­նասփիւ­ռի ալի­քին եւ Թուրքիոյ դուրսէն՝ Գո­լոմ­պիայէն, «Խո­զէ Ալե­ւար Ռեսթրե­փօ փաս­տա­բան­նե­րու հա­մախմբում»-ին։

Մրցա­նակին նպա­տակն է ըսել որ առան­ձին չեն այն կազ­մա­կեր­պութիւննե­րը եւ խմբակ­նե­րը, որ յոյս կը ներշնչեն մարդկու­թեան, անոնք որ կ՚աշ­խա­տին աւե­լի ազատ եւ ար­դար աշ­խարհի մը հա­մար, զերծ զա­տողու­թե­նէ եւ բռնու­թե­նէ, որ կը վտան­գեն իրենց ան­ձը իրենց գա­ղափար­նե­րուն հա­մար, եւ կը գոր­ծա­ծեն խա­ղաղու­թեան լե­զուն։

«Ար­թեր»-ի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­սու­թեան ըն­թացքին, որ կեն­դա­նի սփռո­ւած էր հա­մացան­ցի վրայ, Հիմ­նարկի անու­նով բա­րի գա­լուստի խօսք ար­տա­սանեց Հիմ­նարկի նա­խագահ Ռա­քէլ Տինք, որ խօս­քին մէջ ըսաւ՝ «Որ­պէս Հրանդ Տինք Հիմ­նարկ, բե­ւեռաց­նող եւ օտա­րաց­նող քա­ղաքա­կանու­թեան դէմ, կը շա­րու­նա­կենք մեր պայ­քա­րը մեր դրա­ցինե­րուն հետ խա­ղաղու­թեան մէջ ապ­րե­լու, յար­գանքը եւ սէ­րը ար­մա­տաց­նե­լու, աւե­լի բա­րի, խա­ղաղա­սէր եւ ար­դար աշ­խարհի մը եւ երկրի մը հա­մար»։

Այս տա­րի Թուրքիոյ դուրսէն մրցա­նակը ստա­ցաւ «Խո­զէ Ալե­ւար Ռեսթրե­փօ փաս­տա­բան­նե­րու հա­մախմբում»-ը։ Հա­մախմբու­մը հիմ­նո­ւած է Գո­լոմ­պիոյ մէջ, ար­հեստա­վարժ փաս­տա­բան­նե­րու կող­մէ, մարդկա­յին իրա­ւանց դա­տերու խախ­տումնե­րուն դէմ պայ­քա­րելու հա­մար։

Իսկ Թուրքիոյ ներ­սէն մրցա­նակը ստա­ցաւ «Աչըք Ռա­տիօ» ձայ­նասփիւ­ռի ալի­քը։ Մրցա­նակը Ռա­քէլ Տին­քէն ստա­ցաւ ձայ­նասփիւ­ռի խմբագ­րա­պետ Էօմէր Մատ­րա։ Մատ­րա իր խօս­քին մէջ անդրա­դար­ձաւ քան­դումին, պա­տերազմնե­րուն եւ եր­թա­լէն ուռճա­ցող ապաս­տա­նեալ­նե­րու խնդի­րին։ Շեշ­տեց, որ ժո­ղովրդա­վարու­թեան ամէն տեղ հա­րուած­ներ ստա­նալով, մղձա­ւան­ջի վե­րածո­ւած աշ­խարհի մը մէջ, իրենց ձայ­նասփիւ­ռը կը շա­րու­նա­կէ գոր­ծել առանց իր ճամ­բէն շե­ղելու։

Հան­դի­սու­թեան ըն­թացքին, Թուրքիոյ մէջ եւ աշ­խարհի չորս ծա­գերուն իրենց ըրած­նե­րով մարդկու­թեան հա­մար «լոյս» եղած, վտան­գի են­թարկո­ւելով իրենց շրջա­պատը ներշնչած ան­ձեր եւ խմբա­ւորումնե­րը յի­շուե­ցան՝ Ֆրան­սա­յէն Վրաս­տան, Հնդկաս­տա­նէն Իս­րա­յէլ, Կիպ­րո­սէն մին­չեւ Պրա­զիլ, մարդկա­յին իրա­ւունքնե­րը եւ ար­դա­րու­թիւնը պաշտպա­նող, սե­ռային խտրա­կանու­թեան, տնտե­սական անար­դա­րու­թեան եւ աղ­քա­տու­թեան դէմ պայ­քա­րող, կեն­սո­լոր­տա­յին իրա­ւունքնե­րը սա­տարող ան­ձեր եւ նա­խաձեռ­նութիւններ։

Այս տա­րուան դա­տակազմն էր՝ Ռա­քէլ Տինք, Սէր­րա Եըլ­մազ, Նիլ­կիւն Թօ­քէր, Նու­նէ Սար­գի­սեան, Թուրկութ Թար­հանլը, Իշ­թար Լա­խանի, Շահ­րա­զատ Աք­պար, Թուրքիոյ մար­դու իրա­ւունքնե­րու հիմ­նարկը եւ Շա­հիտուլ Ալամ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ