Ժամանակավրէպ դատերու եւ մարդու իրաւունքներու խորհրդաժողով

«Ճշմարտութեան, ար­դա­րու­թեան եւ յի­շողու­թեան կենդրո­նը» կը կազ­մա­կեր­պէ խորհրդա­ժողով մը, «Ան­ժա­մանակ ոճիր­ներ՝ ժա­մանա­կավ­րէպ դա­տերու օրէնսդրու­թիւն եւ մար­դու իրա­ւունքներ» անու­նով։

Խորհրդա­ժողո­վը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Սեպ­տեմբեր 22-ին, Անա­րատ Յղու­թիւն Շէն­քին մէջ եւ որոշ նիս­տե­րը կը կա­տարո­ւին առ­ցանց դրու­թեամբ։

Խորհրդա­ժողո­վի ըն­թացքին իրա­ւունքնե­րու պաշտպան­նե­րը եւ գիտ­նա­կան­նե­րը պի­տի քննար­կեն մար­դու իրա­ւունքնե­րու ծանր խախ­տումնե­րը դի­մակա­յելու դէմ իրա­ւական խո­չըն­դոտնե­րէն ամե­նէն խրթին­նե­րէն մէ­կուն՝ ժա­մանա­կավ­րէպ դա­տերու իրա­ւական, պատ­մա­կան եւ ըն­կե­րային չա­փանի­շերը։

«Ճշմար­տութեան, ար­դա­րու­թեան եւ յի­շողու­թեան կենդրո­նը» վեր­ջին տաս­նա­մեակին աշ­խա­տած է 1990-ական­նե­րուն կա­տարո­ւած մար­դու իրա­ւունքնե­րու ծանր խախ­տումնե­րը փաս­տագրե­լու եւ անոնց այ­սօ­րուան դրսե­ւորումնե­րը հասկնա­լու ուղղու­թեամբ։ Անոնք հե­տեւած են 2009-էն 2014 թո­ւական­նե­րու մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցած 12 դա­տավա­րու­թիւննե­րու, որոնք կը վե­րաբե­րին՝ սպա­նու­թիւննե­րու գոր­ծադրու­թիւննե­րուն եւ բռնի ան­հե­տացումնե­րուն։ Այս ոճիր­նե­րը հա­մակար­գո­ւած կեր­պով կա­տարուած են 1990-ական­նե­րուն, պե­տական պաշ­տօ­նեանե­րու ներգրա­ւու­մով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ