Ատրպէյճան կը սկսի ռազմական գործողութիւններ. Արցախ՝ առաջնահերթութիւնը ժողովուրդին ապահովութիւնն է

19Սեպտեմ­բեր, Երեք­շաբթի օրուան առ­տո­ւան ժա­մերուն Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի մայ­րա­քաղաք Ստե­փանա­կեր­տի մէջ ահա­զանգ լսո­ւեցաւ եւ Ատրպէյ­ճա­նը սկսաւ ռմբա­կոծել քա­ղաքը։ Նոյն պա­հերուն, Ատրպէյ­ճա­նը յայ­տա­րարեց, թէ սկսած է «ահա­բեկ­չութեան դէմ պայ­քար» եւ կ՚ու­զէ «երկրին մէջ սահ­մա­նադ­րա­կան օրէնսդրու­թիւնը հաս­տա­տել»։

Մինչ Ատրպէյ­ճա­նի պաշտպա­նու­թեան նա­խարա­րու­թիւնը յայ­տա­րարեց որ գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը սկսած են «հայ­կա­կան զի­նեալ ու­ժե­րու զի­նաթա­փու­մի նպա­տակով» եւ տե­ղեակ պա­հած են ռու­սա­կան եւ թրքա­կան կող­մե­րուն, Ռու­սիա յայ­տա­րարեց, որ գոր­ծո­ղու­թեան սկիզ­բէն միայն քա­նի մը վայրկեան առաջ տե­ղեկու­թիւն տրո­ւած է իրենց։ Ան­դին, Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պետու­թեան նա­խագահ Նի­կոլ Փա­շինեան իր ու­ղերձին մէջ ըսաւ, թէ կը զար­մա­նայ ինչպէս Ատրպէյ­ճան կրնայ Ռու­սիոյ լուր տո­ւած ըլ­լալ եւ Ռու­սիա Հա­յաս­տա­նին տե­ղեակ պա­հած չըլ­լայ։

Պա­քուն պնդեց, որ իր զէն­քե­րը թի­րախ կ՚առ­նեն միայն ռազ­մա­կան նշա­նակէ­տերը, սա­կայն այլ եղան Ար­ցա­խէն հա­սած լու­րե­րը։ Եր­կու օրո­ւան պա­տերազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւննե­րէն ետք, կայ 32 մե­ռեալ, 200 խա­ղաղ քա­ղաքա­ցիներ վի­րաւո­րուած են, 7000 հո­գի տե­ղահա­նուած է եւ հա­զար­նե­րով ար­ցա­խահայ բնակ­չութիւ­նը կը մնայ պատսպա­րուած ապաս­տա­րան­նե­րու մէջ։

Նոր սկսած գործողութիւնները քի­չերուն հա­մար անակնկալ եղան։ Ի­նը ամ­սո­ւան Բեր­ձո­րի մի­ջանցքին շրջա­փակու­մը, վեր­ջին շա­բաթ­նե­րու սահ­մա­նային գի­ծերու վրայ զի­նուո­րական կու­տա­կումնե­րը եւ դի­ւանա­գիտա­կան եռու­զե­ռը կան­խա­տեսել տո­ւած էին, որ յո­ռեգոյ­նը պի­տի պա­տահի շու­տով։

Եւ­րո­պական, ամե­րիկեան, ռու­սա­կան եւ շատ մը այլ դռնե­րէն Ատրպէյ­ճա­նին կո­չեր եղան ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը դադ­րեցնե­լու եւ բա­նակ­ցութիւննե­րու սե­ղան վե­րադառ­նա­լու։ Յատ­կանշա­կան էր Գեր­մա­նիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թեան մէկ յայ­տա­րարու­թիւնը, որ կ՚ըսէր՝ «հա­կառակ խօս­տումնե­րուն, Ատրպէյ­ճան դի­մեց զի­նեալ գոր­ծո­ղու­թեան»։ Միացեալ նա­հանգնե­րու կող­մէ ըսո­ւեցաւ՝ «կոչ կ՚ընենք գոր­ծո­ղու­թիւնը ան­մի­ջապէս դադ­րեցնե­լու եւ Բեր­ձո­րի մի­ջանցքը ան­յա­պաղ բա­նալու»։

Զի­նադա­դար

Սեպ­տեմբեր 20-ի դրու­թեամբ, Ար­ցա­խի իշ­խա­նու­թիւննե­րը ըն­դունե­ցին Ռուս խա­ղապահ­նե­րու առա­ջար­կած միջ­նորդու­թիւնը, որո­շում առ­նե­լով ապա­կազ­մա­ւորել Ար­ցա­խի Պաշտպա­նու­թեան Բա­նակը։

Ար­ցա­խի նա­խագահ Սա­մուէլ Շահ­րա­մանեան հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ար­ցա­խի անվտան­գութեան խոր­հուրդի եւ նախ­կին նա­խագահ­նե­րու հետ, եւ յայտնեց որո­շու­մը։ Յայ­տա­րարու­թեան մէջ կ՚ըսո­ւի՝ «Ստեղ­ծո­ւած իրադ­րութիւ­նում ան­բա­ւարար են մի­ջազ­գա­յին հան­րութեան՝ պա­տերազ­մի դա­դարեց­ման եւ իրա­վիճա­կի հան­գուցա­լուծման ուղղու­թեամբ գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը, ուստի Ար­ցա­խի իշ­խա­նություններն ըն­դունել են Ռու­սիոյ խա­ղաղա­պահ առա­քելու­թեան զո­րակազ­մի հրա­մանա­տարու­թեան առա­ջար­կութիւ­նը»։

Ար­ցա­խի իշ­խա­նու­թիւննե­րը նաեւ ըն­դունած են քննար­կել Ատրպէյ­ճա­նի կող­մէ դրո­ւած պա­հանջնե­րը եւ այս խնդիր­նե­րու քննարկման հա­մար պատ­րաստա­կամու­թիւն յայտնած են հան­դի­պելու Ատրպէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րուն հետ, Ատրպէյ­ճա­նի սահ­մաննե­րէն ներս գտնո­ւող Եւ­լախ քա­ղաքին մէջ։

Զի­նադա­դարի յայ­տա­րարու­թե­նէն ժա­մեր առաջ, Ար­ցա­խի պաշտպա­նու­թեան բա­նակը ըսած էր. «Նա­խագա­հը կը շեշ­տէ, որ բնակ­չութեան ֆի­զիքա­կան ապա­հովու­թեան հրա­մայա­կանը կը ստի­պէ հա­մապա­տաս­խան քայ­լեր ձեռ­նարկել»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ