Վերագտնել մոռացուած երկիրը

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Մէկէ աւե­լի գոր­ծօններ կան, որոնք պատ­ճառ հան­դի­սացան 20 հո­գիէ բաղ­կա­ցող խումբով մը, այ­ցե­լել Պարսկաս­տան։ Որ­քան ալ կը նշենք Պարսկաս­տա­նը, իրա­կանու­թեան մէջ այս ու­ղե­ւորու­թիւնը պար­սիկնե­րու երկրէն աւե­լի, ուղղո­ւած է Իրա­նի Ատրպա­տակա­նի շրջա­նը։

Տա­րիներ առաջ «Ակօս»ի հա­յերէն էջե­րու վաս­տա­կաւոր խմբա­գիր Սար­գիս Սե­րով­բեանն էր, որ առա­ջին ան­գամ այ­ցե­լած էր այդ շրջա­նը եւ վե­րադար­ձին մեծ ոգե­ւորու­թեամբ փո­խան­ցած իր ապ­րումնե­րը։

Կը խու­սա­փիմ «բախ­տը վի­ճակե­ցաւ» ըսե­լէ, որով­հե­տեւ 16-21 Սեպ­տեմբեր թո­ւական­նե­րու մի­ջեւ կա­յացող ու­ղեւորու­թիւնը պա­տահա­կանու­թիւն մը չէր, այլ մտա­ծուած, ծրագ­րո­ւած՝ շրջա­գայու­թիւն՝ շուրջ 20 հո­գիանոց անձնա­կազ­մով։ Զբօ­սաշրջա­յին առու­մով այնքան ալ սո­վորա­կան վայր մը չէ Պարսկաս­տան։ Ար­դա­րեւ մեր այս նպա­տակադ­րումը շա­տերու հա­մար ան­հա­ւատա­լի թո­ւեցաւ։ Պի­տի այ­ցե­լէինք, այնպի­սի եր­կիր մը, որ շրջա­փակ­ման են­թարկո­ւած է, իբ­րեւ թէ քա­ղաքա­կիրթ աշ­խարհի կող­մէ։ Այս իբ­րեւ թէ բա­ռը եւս դի­տումնա­ւոր է, քա­նի որ մենք կը ճամ­բորդո­ւինք դէ­պի մշա­կու­թա­յին մեծ աւանդ ու­նե­ցող վայր մը եւ այդ ընե­լու պա­հուն ալ պար­տինք խոս­տո­վանիլ, թէ մենք ալ տե­ղեակ չէինք մեզ սպա­սող բազ­մա­թիւ անակնկա­լէն։

Այս ճամ­բորդու­թեան դրդա­պատ­ճառնե­րէն աւե­լի կա­րեւո­րագոյնն էր, վի­պագիր Ռաֆ­ֆիի հրա­շալի վէ­պերը։

Եր­կար տա­րինե­րու ընդհա­տու­մէ մը ետք ցան­կա­ցած էի կրկին կար­դալ այդ հրա­շալի գրա­կանու­թիւնը, որուն դէպ­քե­րը շատ ան­գամ ալ կ՚անցնէին մեր այ­ցե­լած վայ­րե­րու մէջ։ Երբ ձեւ ստա­ցաւ նման ճամ­բորդու­թեան մը վար­կա­ծը, դի­մեցի մեր ըն­տա­նեկան բա­րեկամ տիար Մա­նուէլ Մա­նու­կեանի, որ ինք եւս նման շրջա­գայու­թիւններ կը կազ­մա­կեր­պէր դէ­պի զբօ­սաշրջա­յին վայ­րեր։ Առա­ջին հեր­թին իր հա­մար ալ հե­տաքրքրա­կան էր այս ծրա­գիրը եւ ան իս­կոյն հա­մակար­գի­չի մի­ջոցաւ ձեռ­նարկեց Թաւ­րի­զի հիւ­րա­նոց­նե­րու որոն­ման կա­րեւոր գոր­ծին։ Շու­տով յայտնա­բերեց հիւ­րա­նոց մը, որ ըստ երե­ւոյ­թի կա­րող էր մեր ակնկա­լու­թիւննե­րը գո­հաց­նե­լու։

Ապա վրայ հա­սաւ ու­ղե­ւորու­թիւնը ճշդե­լու դար­ձեալ կա­րեւոր գոր­ծը։ Այ­լեւս եկած էր պա­հը, որ կապ հաս­տա­տէինք Գու­գա­րաց Թե­մի առաջ­նորդ գե­րաշ­նորհ Գրի­գոր Արք. Չիֆթճեանի հետ, որ մեծ հե­տաքրքրու­թեամբ դի­մաւո­րեց մեր դէ­պի Պարսկաս­տան այ­ցե­լելու ցան­կութիւ­նը։ Սրբա­զանն ալ իր կար­գին հար­ցումներ ու­նէր մտքին մէջ, թէ ո՞ր հո­վը փչեց ու պոլ­սա­հայեր ցան­կութիւն ու­նե­ցան այս ընդհան­րա­պէս ան­տե­սուած վայ­րը այ­ցե­լելու։ Ճիշ­դը ըսենք խոս­տո­վանե­լով թէ մենք ալ կա­տարեալ կեր­պով չէինք գի­տակ­ցեր մեզ սպա­սող անակնկալ­նե­րուն։ Միայն ու միայն մեր մտքե­րուն մէջ կը շրջէին Ռաֆ­ֆիի տո­ղերը եւ Սար­գիս Սե­րով­բեանի պատ­մածնե­րը։

Այսպէս շա­բաթ առա­ւօտո­ւայ շատ կա­նուխ ժա­մերուն մէկ­տե­ղուե­ցանք Քուրթու­լուշաբ­նակ հա­յերուն ծա­նօթ ժա­մադ­րա­վայ­րը՝ «Աք­պանք»ի ան­կիւնը։

Առա­ւօտո­ւայ 07.00-ի թռիչ­քով ուղղուեցանք Սա­պիհա Կէօք­չեն (Սե­պիլ Խա­թունճեան) օդա­կայա­նէն դէ­պի Վաս­պուրա­կան կամ այժմու Վա­նը։ Մեզ սպա­սող հան­րա­կառ­քե­րով շար­ժո­ւեցանք դէ­պի Ար­տա­մետ եւ Վա­նայ Լճի ափին նա­խաճա­շով մը թօ­թափե­ցինք ան­քունու­թիւնով գու­մա­րած յոգ­նութիւ­նը։

Ըստ նա­խապէս պայ­մա­նաւո­րու­ածութեամբ այստեղ մե­զի միացաւ այ­լեւս Վա­նի բնա­կիչ դար­ձած հա­յաս­տանցի բա­րեկա­մու­հի Գա­յիանէ Գէոր­գեան։ Յե­տոյ նոյն հան­րա­շարժնե­րով ուղղո­ւեցանք այս ան­գամ դէ­պի Թաւ­րիզ։ Մէկ ժա­մուայ ճամ­բորդու­թիւնով ար­դէն հա­սած էինք «Գա­բըգէօյ/Ռա­զի» սահ­մա­նադու­ռը։ Սահ­մա­նային ստու­գումնե­րէ ետք մեր եր­թը շա­րու­նա­կեցինք եւ շուրջ 3,5 ժամ վերջ հա­սանք հիւ­րա­նոց, որու անունն էր «Կէօս­թե­րիշ» Իբ­րեւ առա­ջին տպա­ւորու­թիւն բո­լորս հա­մաձայ­նե­ցանք թէ այդ հիւ­րա­նոցը իր փար­թամ տես­քով կա­տարեալ կեր­պով կ՚ար­դա­րաց­նէ իրեն վե­րագ­րո­ւած անո­ւանու­մը։ Հիւ­րա­նոցի մուտքին մեզ դի­մաւո­րելու եկած էր առաջ­նորդա­րանի անձնա­կազ­մէն պա­րոն Վար­դան Ենով­քեանց իր հետ ու­նե­նալով 12 ամեայ շնոր­հա­լի դուստրը Սքար­լե­թը։ Անոնք շու­տով սի­րելին դար­ձան մեր 20 հո­գիանոց խումբին եւ ընդմիշտ վա­յելե­ցինք անոնց ներ­կա­յու­թեամբ ար­դած ու­րա­խու­թիւնը։ Ընթրի­քէն ետք բո­լորին վրայ կը տի­րէր ճամ­բորդու­թեան յոգ­նութիւ­նը յաղ­թա­հարե­լու մար­մաջ։ Յա­ջորդ օր ստի­պուած էինք առոյգ ըլ­լալ, քա­նի որ մեզ կը սպա­սէր ծան­րա­բեռ­նո­ւած նոր ու­ղե­ւորու­թիւն մը։

Վե­րադար­ձէն քա­նի մը օր ետք, երբ կը գրենք այս տո­ղերը, մեծ երա­նու­թիւն կը հա­մարենք այն պա­տահա­րը, որ Ուրմիա քա­ղաքի հա­յեր լսե­լով մեր գալստեան մա­սին, փա­փաք յայտնած էին, որ Սուրբ Խա­չի տա­ղաւա­րի պա­տարա­գին ներ­կայ գտնո­ւինք իրենց եկե­ղեցին։ Ան­շուշտ որ ոգե­ւորու­թեամբ ըն­դունած էինք, այդ հրա­ւէրը եւ յա­ջորդ օր Թաւ­րի­զէն ճամ­բայ ելանք դէ­պի Ուրմիա։ այս քա­ղաքը մե­զի կը յու­շէ շատ ազ­նիւ բա­րեկա­մի մը յի­շատա­կը, որն էր անո­ւանի եր­գիչ Յով­հաննէս Պա­տալեան։ Ահա այս ան­գամ ուղղո­ւած ենք անոր ծննդա­վայ­րը եւ մեր շրթնե­րուն է դար­ձեալ ազ­նիւ մի այլ բա­րեկա­մի՝ Խա­չատուր Աւե­տիսեանի ուրմե­ցինե­րու պա­րի մե­ղեդին։

Ուրմիա, որ կ՚ըսո­ւի իս­կոյն կը մտա­բերենք այդ անու­նով յի­շուած լի­ճը, որ Սե­ւանի, Վա­նայ Ծո­վի հետ միասին կը կազ­մեն Հա­յաս­տա­նի երեք աւա­զան­նե­րը։ Ափ­սո­սան­քով կ՚ըսենք թէ այդ պատ­կա­ռելի լի­ճը ցա­մաքած էր իր ետին թո­ղելով աղի դաշտ մը։

Սա­կայն Սուրբ Սար­գիս Եկե­ղեցի մուտք գոր­ծե­լով մեր տրա­մադ­րութիւննե­րը կրկին բարձրա­ցան։ Շրջա­փակէն կը լսո­ւէր Ս. Պա­տարա­գի եր­գե­ցողու­թիւննե­րը։ Սան­դուխնե­րով բարձրա­ցանք դէ­պի եկե­ղեցի եւ ըմ­բոշխնե­ցինք հայ հո­գեւոր երաժշտու­թեան մե­զի այնքան ծա­նօթ մե­ղեդի­ները, որոնք կը կա­տարէին եր­կու դպրու­հի­ներ։

Սուրբ Սար­գիս եկե­ղեց­ւոյ շրջա­փակին մէջ ծա­նօթա­ցանք նաեւ ուրմիացի ու­սուցչու­հի­ներուն հետ, որոնք նա­խապէս հան­դի­պած չըլ­լա­լով հան­դերձ, իբ­րեւ «Ակօս»ի հա­յերէն էջե­րու ըն­թերցող­ներ՝ ծա­նօթ էին մե­զի եւ այդ ծա­նօթու­թեան հի­ման վրայ ու­նե­ցանք հա­ճելի զրոյցներ։ Տպա­ւորո­ւեցանք տես­նե­լով Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ տեղադրուած Ռաֆֆիի կիսանդրին։ Ան որ յաճախ մեղադրած էր հոգեւորականները, այս վերջինները կը յարգէին զինք։ Մեծ գո­հու­նա­կու­թիւն էր Ուրմիա այ­ցե­լու­թիւնը, որու վառ տպա­ւորու­թեամբ բռնե­ցինք Սալմաստի ճա­նապար­հը, որ դար­ձեալ կը պար­տադրէր ժա­մուայ ճամ­բորդու­թիւն մը։

Հին­գօ­րեայ այս ու­ղե­ւորու­թեան տպա­ւորու­թիւննե­րը տա­կաւ կը շա­րու­նա­կուին մեր յա­ջորդ թի­ւերուն մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ