Բոլորիս կարօտն է աղուոր օրերը

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ

lusyenkopar81@hotmail.com

Աշխարհի վրայ տար­բեր տե­սակի մի­լիոնա­ւոր ըն­տա­նիք­ներ, ու­նին իրենց սրբու­թիւննե­րը։ Ինչպէս պար­տէզ մը շէ­նաց­նե­լու հա­մար ծա­ղիկ­նե­րը ամե­նէն հա­ճելի առար­կա­ներ են, ըն­տա­նիքը շէ­նաց­նե­լու հա­մար երա­խանե­րը նոյնպէս հա­ճելի երփնե­րանգներ են։

Ծա­ղիկ­ներ եւ երա­խաներ՝ եր­կուքն ալ ու­նին իրենց ու­րոյն գոյ­նե­րը։ Աճե­լու հա­մար պէտք ու­նին արե­ւի, օդի, ջու­րի եւ սէ­րի։ Անոնց թա­լարու­մը, աղո­ւոր օրե­րէն կա­խում ու­նին։ Հե­տագա­յին բա­րի մշա­կի մը հա­ճոյ­քը վա­յելե­լու, արեւ­շատ աղո­ւոր օրեր մշա­կելու հա­մար նո­ւիրում պէտք է։ Սի­րոյ բեր­քե­րը ծաղ­կա­զար­դե­լու յոյ­սով…։

Յոյ­սով լե­ցուն եմ՝ երբ կը տես­նեմ սե­ղանիս վրայ մա­նուկնե­րու ու­րա­խու­թեան շար­ժա­ռիթ դար­ձած գոր­ծի մը ներ­կա­յու­թիւնը։

Ահա այդպի­սի գիրք մըն է, որ լոյս տե­սած է «Արաս» հրա­տարակ­չա­տու­նէն եւ հե­ղինակն է՝ Թի­նա Քոբ­մա։

Տի­կին Թի­նան, ինչպէս բա­լենիի մը նման կը ծաղ­կա­զար­դո­ւի այս օրե­րուն՝ նոյնպէս՝ պոլ­սա­հայ երա­խանե­րը ծաղ­կա­զար­դեց «Կեան­քիս ամե­նէն աղո­ւոր օրը» ման­կա­կան գիր­քով։ Գիր­քը 3-7 տա­րեկան երա­խանե­րու հա­մար բա­ւակա­նին հա­ճելի կը դառ­նայ իր հո­գեկան տրա­մադ­րութեամբ։ Ան կ՚առա­ջադ­րէ մա­նուկնե­րուն ու­շադրու­թիւնը սե­ւեռել կեան­քի ամե­նէն աղո­ւոր օրին։ «Եթէ ու­զես այ­սօ­րուայ քու պարզ օր ալ կրնայ այդ շար­քէն դառ­նալ» նման փի­լիսո­փայա­կան մը պար­զումն է Թի­նա Քո­բմայի աշ­խա­տու­թիւնը։

Հրա­տարա­կու­թիւնը շնոր­հիւ Թի­նա Քոբ­մա­յի, ու­նի ճոխ նկա­րազար­դում եւ կա­փարի­չի վրայ զե­տեղո­ւած է «Փի­լիպար­տէզ»ի ստո­րագ­րութիւն։

Ման­կա­կան գրա­կանու­թիւնը յա­տուկ ու­շադրու­թեան ար­ժա­նի է նաեւ երա­խանե­րուն նոր բա­ռերը սոր­վեցնե­լու յատ­կութիւ­նով։ Սեւ գրա­շարո­ւած տա­ռերուն մէջ պա­հուը­տած գու­նա­ւոր բա­ռեր, կը նպա­տակադ­րէ, ըն­թերցող երա­խայի ու­շադրու­թիւնը խտաց­նել այդ բա­ռին վրայ։ Կրնանք օրի­նակ թո­ւել «անուշ բոյր», «իս­կա­պէս», «ան­կասկած» բա­ռերը։

Ես ու­րա­խու­թեամբ կ՚ող­ջունեմ Թի­նա Քոբ­ման եւ «Արաս» հրա­տարակ­չա­տու­նը՝ որոնք պոլ­սա­հայ ման­կա­կան գրա­կանու­թիւնը ճո­խացու­ցին նման սրտա­մօտիկ գիր­քով մը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ