Ժողովի ճամբան

ՍԱՂԱԹԵԼ ՊԱՍԻԼ

(Տարբերակ21)

Ժամը չոր­­սին քա­­ռորդ կայ։ Աչ­­քերս բա­­ցի, քիչ մը քրտնած եմ ու, ըստ երե­­ւոյ­­թին, ջղայ­­նա­­­ցած։ Խմբա­­պետիս դժգոհ դէմ­­քը աչ­­քիս կ’երե­­ւայ։ Օրէն­­քով պէտք է երե­­քու­­կէ­­­սին արթննա­­յի, բայց կար­­ծես աւան­­դա­­­կան Կի­­րակի օրո­­ւայ ճա­­շը խա­­ղը խաղ­­ցաւ գլխուս։ Լաւ, շատ չխօ­­սիմ: Ժո­­ղովս չոր­­սին է, միեւ­­նոյնն է, ու­­շա­­­ցեր եմ։ Տանս առ­­ջեւն եմ։ Քա­­նի մը քայլ ալ՝ պզտիկ մաշ­­թա­­­լին դի­­մացը, Մար Ճըր­­ճոս եկե­­ղեցին, Թաու­­հի­­­տի մզկի­­թը, Թո­­նի Սթի­­քի ան­­կիւնը, վիլ­­լա­­­ներուն մէջ­­տե­­­ղի փո­­ղոցը, «Արամ Մա­­նու­­կեան» շէնք, վե­­րելա­­կը, որ միշտ այս ժա­­մերուն չ’աշ­­խա­­­տիր, ու քա­­նի մը քայ­­լէն եր­­րորդ յարկն եմ։ Վար­­չութեան սե­­նեակին առ­­ջեւն եմ, կար­­ծես դուրսը կե­­ցած են ըն­­կեր մը՝ շոր­­թով ու ըն­­կե­­­րու­­հի մը՝ սան­­տա­­­լով։ Շունչս հա­­զիւ կ’առ­­նեմ, ըն­­կերնե­­րուն կը հարցնեմ. «Դու՞ք ալ ու­­շա­­­ցեր էք»։ Սան­­տա­­­լով ըն­­կե­­­րու­­հին չի պա­­տաս­­խա­­­ներ, իսկ շոր­­թով ըն­­կե­­­րը ջղայ­­նա­­­ցած կ’ըսէ . «Եղեր ասանկ չ’ըլ­­լար քայ­­լերգին մաս­­նակցինք»։ Քա­­նի մը արագ շունչէ յե­­տոյ կ’ըսեմ . «Է հա, կ’երե­­ւի ատանկ է»։

Քայ­­լերգը կը վեր­­ջա­­­նայ, ու սե­­նեակէն ըն­­կեր մը մեզ ներս կը հրա­­ւիրէ։ Երեքս ալ կը տե­­ղաւո­­րուինք, խմբա­­պետը իր հայ­­րա­­­կան «պահ­­տա­­­լէ»ն՝ յան­­դի­­­մանու­­թիւնը կ’ընէ ու կը սկսի մեր աւան­­դա­­­կան-քլա­­սիք շա­­բաթա­­կան ժո­­ղովը։ Քար­­տուղա­­րու­­հիին քնքուշ ձայ­­նը կը յայ­­տա­­­րարէ օրա­­կար­­գին կէ­­տերը՝ ժո­­ղովի բա­­ցում, ներ­­կա­­­յու­­թիւն, նա­­խորդ ժո­­ղովի ատե­­նագ­­րութեան ըն­­թերցում, վար­­չութեան զե­­կոյ­­ցի ըն­­թերցում, Կեդ­­րո­­­նական վար­­չութեան՝ ԿՎ-ի զե­­կոյ­­ցի ըն­­թերցում, դա­­սախօ­­սու­­թիւն, շրջիկ դա­­սախօս, գան­­ձում, առա­­ջարկներ, ժո­­ղովի փա­­կում։ Կող­­քի ըն­­կերս թե­­թեւ հա­­զէ մը վերջ ական­­ջիս կը փսփսայ. «Ճի­­վերը կե­­րանք, մին­­չեւ եօթը հոս ենք»։

Քար­­տուղա­­րու­­հին կը սկսի մեր անուննե­­րը կար­­դալ, ներ­­կա­­­յու­­թիւնը ստու­­գե­­­լու հա­­մար։ «Ներ­­կայ... բա­­ցակայ... ներ­­կայ...», մին­­չեւ կար­­գը կը հաս­­նի ըն­­կե­­­րոջ մը, որ բա­­ցակայ է դա­­սի պատ­­ճա­­­ռով։ Յան­­կարծ խումբը կը կի­­սուի. մէկ մա­­սը «Բ» տա­­ռը կ’առա­­ջար­­կէ, որ կը նշա­­նակէ. բա­­ցակայ է, միւս մա­­սը «ԲԲ» տա­­ռերը կ’առա­­ջար­­կէ, այ­­սինքն՝ յար­­գե­­­լի պատ­­ճա­­­ռով մը «բա­­նաւոր բա­­ցակայ»։ Կող­­քի ըն­­կերս ետ ցած ձայ­­նով կը փսփսայ. «Ճի­­վերը կե­­րանք հի­­մա»։ Պայ­­քա­­­րը եր­­կու խումբե­­րուն մէջ կը շա­­րու­­նա­­­կուի մին­­չեւ խմբա­­պետը վի­­ճակը կը հան­­դարտեց­­նէ ու կը յայ­­տա­­­րարէ. «Ըն­­կերներ, առաջ­­նա­­­հեր­­թութիւ­­նը գի­­տէք որու է. շա­­տերը դաս ու­­նին, բայց ներ­­կայ են»։ Ու այսպի­­սով բա­­ցակայ ըն­­կե­­­րը կը ստա­­նայ «Բ»։ Խմբա­­պետ­­նիս այս յաղ­­թա­­­նակը ար­­ձա­­­նագ­­րե­­­լէն վերջ, ծրար մը կը բա­­նայ ու վար­­չութեան զե­­կոյ­­ցը կը հա­­նէ։

Վար­­չութեան զե­­կոյ­­ցին մէջ միշտ առա­­ջին կէ­­տը կը կո­­չուէր «Խօսք եւ պատ­­գամ»։ Այս սար­­սա­­­փելի կէ­­տը շատ յա­­ճախ կարգ մը ըն­­կերնե­­րու մղձա­­ւան­­ջը եղած է։ Մա­­նաւանդ երբ որ այդ խօսք ու պատ­­գամ կո­­չուա­­ծը կը պա­­րու­­նա­­­կէր ան­­հասկնա­­լի մտքեր ու ծան­­րակշիռ, չլսո­­ւած բա­­ռեր։ Ու շատ յա­­ճախ խմբա­­պետը ամչցնե­­լու կամ վրէժ լու­­ծե­­­լու նպա­­տակով այդ խօսք եւ պատ­­գա­­­մի ըն­­թերցու­­մը եւ բա­­ցատ­­րութիւ­­նը կու տար խեղ­­ճուկրակ ըն­­կե­­­րոջ մը։ «Ըն­­կեր, խօսք եւ պատ­­գա­­­մը կար­­դա՛ եւ բա­­ցատ­­րէ՛»։ Վար­­չութեան զե­­կոյ­­ցը ձեռ­­քէ ձեռք անցնե­­լով կը հաս­­նի կող­­քի ըն­­կե­­­րոջս։ Մին­­չեւ թուղթը հաս­­նի, այս ան­­գամ ես ական­­ջին մէջ կը փսփսամ. «Ճի­­վերը կե­­րար»։ «Հա ուալ­­լա» ըսե­­լով թուղթը կ’առ­­նէ, ու կը սկսի խեղ­­ճին Գող­­գո­­­թայի ճա­­նապար­­հը՝ այդ խօսք եւ պատ­­գա­­­մը կար­­դա­­­լու ու յե­­տոյ բա­­ցատ­­րե­­­լու հա­­մար։ Քա­­նի մը վայրկեան յե­­տոյ կար­­ծես խմբա­­պետը կը բա­­ւարա­­րուի։ Խօսք եւ պատ­­գա­­­մը կը տե­­ղափո­­խէ ու­­րի­­­շին։ Այդ ու­­րիշն ալ սա­­հուն ձե­­ւով կը կար­­դայ, նոյն սա­­հուն ձե­­ւով կը բա­­ցատ­­րէ ու բան մը չե­­ղածի պէս թուղթը ետ կը փո­­խան­­ցէ խմբա­­պետին։ Խմբա­­պետը կը շա­­րու­­նա­­­կէ կար­­դալ. «Այ­­սինչ այ­­սինչեանը կը ստա­­նայ յան­­դի­­­մանու­­թիւն՝ ըստ կա­­նոնա­­գիրի «Է» կէ­­տին, միւ­­սը կը կան­­չո­­­ւի վար­­չա­­­կան ժո­­ղովի՝ կա­­նոնա­­գիրի «Բ» կէ­­տին հա­­մաձայն, ու­­րիշ մը կա­­խակա­­յուած է 15 օրով՝ ըստ կա­­նոնա­­գիրի «Գ» կէ­­տին...», ու այսպէս, մին­­չեւ մէ­­կը դու­­ռը զար­­նէ.

«Բա­­րեւ, վար­­չութեան զե­­կոյ­­ցը ձեր քո՞վն է»։

«Այո»։

«Իսկ ԿՎ-ի զե­­կոյ­­ցը ու՞ր է»։

«Դեռ մեր քովն է, չկար­­դա­­­ցինք»։

«Լաւ»։

Խմբա­­պետը այս ան­­գամ կը բա­­նայ ԿՎ-ի զե­­կոյ­­ցը։ Կէ­­տերը կը կար­­դայ, հրա­­ման­­նե­­­րը կը փո­­խան­­ցէ ու կ’անցնինք ար­­դէն դա­­սախօ­­սու­­թեան՝ «Պուրժո­­ւական յե­­ղափո­­խու­­թեան ազ­­դե­­­ցու­­թիւնը բա­­նուոր խա­­ւին վրայ եւ իրա­­ւազրկո­­ւած­­նե­­­րու ճնշու­­մը 19-րդ դա­­րու աւար­­տին»։ Խմբա­­պետը կը յայ­­տա­­­րարէ. «Հրամ­­մէ՛, ըն­­կեր»։ Խեղճ ըն­­կե­­­րը քիչ մը կմկմա­­լով կ’ըսէ. «Ըն­­կերներ, չկրցայ պատ­­րաստել, կը նե­­րէք։ Ծրա­­գիրին մէջ գրո­­ւած աղ­­բիւրը գրա­­դարա­­նը չկար, միւս գրա­­դարանն ալ գա­­ցի՝ հոն ալ չկար»։ Յան­­կարծ ջղայ­­նա­­­ցած խմբա­­պետը կ’ըսէ. «Միւս գրա­­դարա­­նը եր­­թա­­­յիր», ու առանց ժա­­մանակ փախցնե­­լու, կը սկսի 5 վայրկեան­­նոց քա­­րոզ մը։ Կող­­քի ըն­­կերս ետ ական­­ջիս կը փսփսայ. «Լաւ էր՝ ազա­­տեցանք»։ Աս տրա­­մաթիք մթնո­­լոր­­տը կ’աւար­­տի դու­­ռի թա­­կոցով. շրջիկ դա­­սախօսն է։ Ըն­­կե­­­րը ներս կը հրա­­ւիրուի, կը նստի խմբա­­պետին քով ու յոգ­­նած ու­­սուցի­­չի մը նման կը կրկնէ, երե­­ւի չոր­­րորդ կամ հին­­գե­­­րորդ ան­­գամ ըլ­­լա­­­լով, նոյն դա­­սախօ­­սու­­թիւնը։ Ըն­­կե­­­րը կ’աւար­­տէ, ու մենք կ’անցնինք մեր յա­­ջորդ կէ­­տին՝ առա­­ջարկնե­­րուն։ Յան­­կարծ մէ­­կը ձայն կ’առ­­նէ. «Ըն­­կեր, ժո­­ղովի ժա­­մը փո­­խենք»։ Ու քա­­ռորդ ժամ­­նոց պայ­­քար մը կը սկսի անի­­մաստ ու ան­­հե­­­թեթ։ «Երե­­քին... չէ՝ չոր­­սին,... չէ՝ երե­­քու­­կէ­­­սին...»։ Խմբա­­պետը յոգ­­նած կ’աւար­­տէ. «Ժո­­ղովին ժա­­մը նոյնն է, ըն­­կերներ»։ Գան­­ձում։ Այստեղ ամէն մարդ քիչ մը շունչ կ’առ­­նէ, կը սկսին իրար հետ աջէն ձա­­խէն խoսիլ…մին­­չեւ խմբա­­պետին կող­­մէ այդ շոր­­թով ըն­­կե­­­րոջ ու սան­­տա­­­լով ըն­­կե­­­րու­­հիին ետ դուրս հրա­­ւիրե­­լը։ Սա կը նշա­­նակէ ար­­դէն փակ­­ման քայ­­լերգի ժա­­մանակն է։ «Մշակ բա­­նուոր, ռենչպէր ախ­­պեր.................... ճամ­­բայ բա­­ցէ՛ք»։

Ժո­­ղովը վեր­­ջա­­­ցաւ. պարզ, միամիտ, անի­­մաստ կռիւ­­ներ։ Հա­­զարա­­ւոր ըն­­կերներ հա­­զարա­­ւոր ժո­­ղով­­ներ ըրած են։ Շա­­տերն ալ այս ժո­­ղով­­նե­­­րուն պատ­­ճա­­­ռով զի­­րար կորսնցու­­ցած են։

Սի­­րելի ըն­­թերցող, ինքս եղած եմ թէ այդ խմբա­­պետին տե­­ղը, թէ այդ դա­­սախօ­­սու­­թիւն չպատ­­րաստո­­ղին տե­­ղը, թէ շրջիկ դա­­սախօ­­սը եւ շատ յա­­ճախ ալ պատ­­ժուողն ու պատ­­ժո­­­ղը։ Տեղ-տեղ ման­­կա­­­կան քաղցրու­­թիւն կար, տեղ-տեղ ալ՝ խայ­­թոց ու կռիւ, բայց, ի վեր­­ջոյ, այդ ժո­­ղով­­նե­­­րէն սե­­րունդներ կեր­­տո­­­ւեցան ու պատ­­մութիւն գրո­­ւեցաւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ