Բռնութեան դէմ դիմադրութիւն՝ Հենրի Ալլէկի«Հարցաքննութիւն»ը

ՔՈՒՐԹՈՒԼՈՒՇ ՊԱՇԹԸՄԱՐ

Այսօր կ՚ու­զեմ «Ակօս»ի ըն­թերցող­նե­րուն հետ բաժ­նել գիրք մը՝ որուն ըն­թերցու­մը խոր հետ­քեր թո­ղած է իմ մօտ։ Ան բա­ւակա­նին հին, բայց նոյնքան ար­ժէ­քաւոր հրա­տարա­կու­թիւն մըն է։ Լոյս տե­սած օրե­րուն մեծ ար­ձա­գան­գի պատ­ճառ դար­ձած այդ գիր­քը բան­տախցի­կէ բարձրա­ցող աղա­ղակ մըն է նաեւ։ Խօս­քը կը վե­րաբե­րի մեծ գրող եւ լրագ­րող Հեն­րի Ալ­լէ­կի «Հար­ցաքննու­թիւն» անուն գոր­ծին։

Հար­ցաքննու­թիւնը ֆրան­սա­կան ար­շա­ւան­քի տակ ճգնող Ալ­ճե­րիոյ ժո­ղովուրդի պան­ծա­լի դի­մադ­րութիւ­նը կը նկա­րագ­րէ։ Իրա­կանու­թեան մէջ հե­ղինա­կի մատ­նուած տան­ջանքնե­րուն ինչպէս սո­վորա­կան դառ­նա­լու պատ­մութիւնն է այս։ Զաւ­թիչ զի­նուոր­նե­րու կող­մէ ձեր­բա­կալո­ւած եւ եր­կար ժա­մանակ ծանր տան­ջանքնե­րու են­թարկո­ւած Ալ­լէկ այս բո­լորին կը պա­տաս­խա­նէ լուռ աղա­ղակով մը՝ ան­խօ­սու­թեամբ։ Սա դի­մադ­րե­լու ամե­նաճիշդ եղա­նակն է, որ կը ծա­ռայէ տան­ջանքի ամե­նացա­ւեց­նող պա­հերուն ան­գամ դի­մադ­րութեան կամ­քը վառ պա­հելու։

Տան­ջանքը մար­դու դէմ գոր­ծո­ւած մե­ծագոյն յան­ցանքնե­րէն մէկն է։ Ան կը նպա­տակադ­րէ ան­հա­տի ար­ժա­նապատ­ւութիւ­նը խոր­տա­կել։ Սա­կայն այդ կա­րողու­թիւնով հան­դերձ ան­զօր է։ Դա­տապար­տո­ւած է պար­տութեան։ Ծնկա­չոք եղած է մարդկա­յին ար­ժա­նապա­տուու­թեան դի­մաց։ Այս առու­մով «Հար­ցաքննու­թիւն»ը մարդկա­յին ար­ժա­նապա­տուու­թեան էբոսն է։ Ար­դա­րեւ այդ ծանր բռնու­թեան դէմ դի­մադ­րութիւ­նը, այդ լուռ ու ան­խօս աղա­ղակը այս գիր­քի շնոր­հիւ կ՚ար­ժա­նանայ հզօր ար­ձա­գանգնե­րու եւ տե­սանե­լի կը դառ­նայ աշ­խարհի չորս ծա­գերուն։ Երբ բո­լոր բա­նակ­նե­րը պար­տո­ւած են, յոյսն ու կամ­քը յաղ­թա­նակի տա­նող միակ զէն­քե­րը կը դառ­նան։ Ալ­լէկ եւս զի­նուած է այդ զէն­քե­րով, մէկ կող­մին ու­նե­նալով այդ յոյ­սը եւ միւս կող­մին ալ դի­մադ­րութեան կամ­քը։ Սպառ­նա­լիք­ներ կը տե­ղան իրեն։ Ական­ջին կը փսփսան հա­մոզիչ առա­ջարկներ։ Իսկ ան չի յօ­ժարիր պա­տուա­զուրկ բար­քե­րուն են­թարկո­ւելու։

Բռնա­տիրու­թիւնը ամե­նաշատ գիր­քե­րէն է որ կը վախ­նայ։ Այդպէս ալ ֆրան­սա­ցի գա­ղու­թա­տէրե­րը ար­գելքներ կը յա­րու­ցեն իրենց ձեռնտու չե­ղած, մա­նաւանդ ալ Մարքսա­կան գա­ղափա­րախօ­սու­թիւնը ծա­նօթաց­նող գիր­քե­րուն հան­դէպ։

Մեր սի­րելի բա­րեկամ Ռա­կըպ Զա­րաքօ­լուի ար­տա­յայ­տութեամբ ան փոք­րա­կազմ եւ քա­ջարի մէկն էր։ Փոք­րա­կազմ էր, բայց անոր ստո­ւերը եւ քա­ջու­թիւնը եր­կա­թէ բռունցքի մը նման իջած էր տան­ջողնե­րու գլխին։ Տան­ջանքնե­րուն դէմ լռու­թեամբ դի­մադ­րել եւ ապա ամե­նաբարձր ձայ­նով աղա­ղակել։ Ահա հար­ցաքննու­թիւնը այդ ռազ­մա­վարու­թեան որ­քան ազ­դե­ցիկ ըլ­լա­լու ապա­ցոյցն է։

Գիր­քը նախ կ՚ար­գի­լուի Ֆրան­սա­յի մէջ եւ Զո­ւիցե­րիա մէջ տպո­ւած օրի­նակ­նե­րը գաղտնա­բար կը մտնեն Ֆրան­սա։ Բայց գրաքննու­թիւնը չի կրնար եր­կար ժա­մանակ ար­գելք հան­դի­սանալ եւ Ֆրան­սա­յի առա­ջատար հրա­տարա­կիչ­նե­րը իրենց դռնե­րը կը բա­նան Ալ­լէ­կի առ­ջեւ։

Այ­սօր եթէ այդ գիր­քը զա­նազան լե­զու­նե­րով հա­սանե­լի է հա­մաշ­խարհա­յին հա­սարա­կու­թեան, այս բա­նը կը պար­տինք փոք­րիկ թուղթե­րու վրայ գրո­ւած բնա­գիրը գաղտնա­գողի դուրս հա­նող լե­հացի բեր­դա­պահ Ք.-ի։ Նման ճնշման պայ­մաննե­րու մէջ դժո­ւար չէ կռա­հել թէ նման արարք որ­քան մեծ փոր­ձանքներ կրնայ յա­ռաջաց­նել։

Այս օրի­նակէն մեկ­նե­լով կրնանք յայ­տա­րարել, մարդկա­յին վե­հու­թիւնը կա­խեալ է իրենց ուղղո­ւած անար­դա­րու­թեան դէմ բարձրա­ցու­ցած բողոքէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ