Արցախը հայաթափ

Հետզհե­տէ կա­­յացաւ կան­­խա­­­տեսումնե­­րը եւ Ատրպէյ­­ճա­­­նի բա­­նակը 19 Սեպ­­տեմբե­­րին ներ­­խուժեց Ար­­ցախ։ Օրեր անց ատրպէյ­­ճա­­­նի իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը յայտնե­­ցին թէ այդ ըն­­թացքին զո­­հուած է 192 զի­­նուոր­­ներ։ Ար­­դէն մօ­­տաւո­­րապէս հա­­մապա­­տաս­­խան թի­­ւով մարդկա­­յին կո­­րուստի մա­­սին յայ­­տա­­­րարած էր Ար­­ցա­­­խի Պաշտպա­­նու­­թեան Բա­­նակը։

Նա­­խորդ եր­­կու շա­­բաթ­­նե­­­րու ըն­­թացքին Հա­­յաս­­տան եւ Ար­­ցա­­­խի հան­­րա­­­պետու­­թեան իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը ահա­­զանգ կը հնչեց­­նէին նման վար­­կա­­­ծի մը մա­­սին, քա­­նի որ ակ­­նե­­­րեւ էր հա­­կառա­­կոր­­դի զի­­նու­­ժի պատ­­րաստու­­թիւննե­­րը։ Այս պա­­հի դրու­­թեամբ պէտք է բա­­րեբախ­­տութիւն հա­­մարել թէ զաւ­­թիչ զօր­­քե­­­րը մուտք չեն գոր­­ծած Ստե­­փանա­­կերտ։ Սա­­կայն պարզ է թէ անոնց վերջնա­­կան նպա­­տակը պի­­տի ըլ­­լայ մայ­­րա­­­քաղա­­քի գրա­­ւու­­մը եւ պե­­տական շէն­­քե­­­րու վրայ իրենց դրօ­­շի ծա­­ծանու­­մը։

Երե­­ւոյ­­թը բա­­ւարար էր, որ ար­­ցա­­­խահա­­յու­­թիւնը լքէ իր հայ­­րե­­­նի հո­­ղը, որով­­հե­­­տեւ 30 տա­­րուայ անընդհատ հնչող ատե­­լու­­թեան պատ­­գամնե­­րէ ետք ան­­կա­­­րելի կը թո­­ւի հա­­կադ­­րո­­­ւած հա­­սարա­­կու­­թիւննե­­րու հա­­մատեղ գո­­յու­­թիւնը։

Իլ­­համ Ալիեւի մտադ­­րութիւնն էր հա­­յերէ մաք­­րո­­­ւած երկրի մը տես­­լա­­­կանը։ Բայց քա­­նի որ տոհ­­միկ զտումնե­­րը անըն­­դունե­­լի են հա­­մաշ­­խարհա­­յին հա­­սարա­­կու­­թեան հա­­մար, ան ակա­­մայ կը խօ­­սի ար­­ցա­­­խահա­­յու­­թեան քա­­ղաքա­­ցիական իրա­­ւունքներ ճանչնա­­լու մա­­սին։ Այդ խոս­­տումնե­­րը նշա­­նակու­­թիւն չու­­նին ար­­ցա­­­խահա­­յու­­թեան հա­­մար, հե­­տեւա­­բար արա­­գօրէն կը շա­­րու­­նա­­­կուի Ար­­ցա­­­խի հա­­յաթափ ըլ­­լա­­­լու տխուր պա­­տահա­­րը։

Այս պա­­հուն անի­­մաստ է ի՞նչ եղաւ, ինչպէ՞ս եղաւ կամ ին­­չո՞ւ եղա­­ւի նման հար­­ցադրումնե­­րը։ Հա­­յաս­­տա­­­նի վար­­չա­­­պետ Նի­­կոլ Փա­­շինեան որ­­քան ալ յայ­­տա­­­րարած ըլ­­լար, թէ եր­­կի­­­րը պատ­­րաստ է 40 հա­­զար ար­­ցա­­­խահայ ըն­­տա­­­նիք­­ներ ըն­­դունե­­լու, տի­­րող գոր­­ծընթա­­ցը մեծ դժո­­ւարու­­թիւննե­­ր կը խոս­­տա­­­նայ երկրի վար­­չութեան։

Հա­­զիւ առ­­կայ իրա­­վիճա­­կը բնա­­կանոն հու­­նի մէջ դնե­­լէ ետք է, որ պի­­տի կրնանք խօ­­սիլ վե­­րեւ նշո­­ւած ի՞նչ, ինչպէ՞ս, ին­­չո՞ւ հար­­ցումնե­­րու պա­­տախան­­նե­­­րուն մա­­սին։

***

27 Սեպտեմբեր ժա­­մը 15:00-ի դրու­­թիւնով Հա­­կարիի կա­­մուրջը հա­­տած եւ Հա­­յաս­­տան տե­­ղափո­­խուած են 50 000-է աւե­­լի ար­­ցախցի բռնի տե­­ղահա­­նուած։ Այդ մա­­սին հու­­մա­­­նիտար կեդ­­րո­­­նը հա­­ղոր­­դեց վար­­չա­­­պետի մա­­մու­­լի քար­­տուղար Նա­­զելի Պաղ­­տա­­­սարեանը։

Պե­­տու­­թիւնը շուրջ 5.700-ի կե­­ցու­­թիւնը ապա­­հոված է. «Մնա­­ցած քա­­ղաքա­­ցինե­­րը հրա­­ժարած են ու միան­­գա­­­մէն ու­­ղե­­­ւորո­­ւած իրենց կե­­ցու­­թեան վայ­­րեր»,- ըսաւ Պաղ­­տա­­­սարեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ