Ես եւ հայրիկս՝ Ղաչախի ճամբան

ՍԱՂԱԹԵԼ ՊԱՍԻԼ

(Տարբերակ21)

Ճիշդ չեմ յի­­շեր՝ ինչ տա­­րիքի էի, երբ ջղա­­յին ձե­­ւով, մեծ տղա­­մար­­դու նման սա­­լոնին մէջ­­տե­­­ղը կե­­ցայ ու ոտքս գետ­­նին զար­­նե­­­լով՝ յայ­­տա­­­րարե­­ցի. «Ես այ­­լեւս մա­­մային հետ Թի­­լել պի­­տի չիջ­­նեմ, որ­­պէսզի ի՛ր ճա­­շակին հա­­գուստ գնեմ։ Ես այ­­լեւս ես ին­­ծի՛ պի­­տի գնեմ իմ հա­­գուստս»։

Քիչ մը դա­­դար առի ու հա­­յեացքս ուղղե­­ցի հօրս (յե­­տոյ կ՛ըսեմ՝ ին­­չո՞ւ) ու ըսի.

«Levis ճինզ կ՛ու­­զեմ եւ Dockside կօ­­շիկ»։

Ձայնս բարձրա­­ցու­­ցի, ջղայ­­նա­­­ցած ձե­­ւացու­­ցի ու ար­­ցունքնե­­րուս ալ հրա­­ւէր ղրկե­­ցի, որ իջ­­նեն. հի­­մա ժա­­մանակն է ար­­դէն։ Մա­­մաս ար­­դէն խո­­հանոց գա­­ցեր էր ու ամ­­բողջ աս ֆիլ­­մը ուղղո­­ւած էր, ինչպէս որ քիչ առաջ ըսի, պա­­պայիս։ Պա­­պաս կար­­ծես են­­թարկո­­ւեցաւ ու ազ­­դո­­­ւեցաւ իմ ֆիլ­­մէս։

«Տղա՛ս, հա­­պի՛պի, մի՛ ջղայ­­նա­­­նար։ Վա­­ղը կէ­­սօրին ես եւ դուն կ՛իջ­­նենք, որ­­պէսզի առ­­նենք այդ ու­­զածներդ։ Միայն հասկնամ՝ ո՞ւր կը ծա­­խեն»։

Օգ­­տա­­­գոր­­ծե­­­լով ճիշդ պա­­հը՝ մա­­մայի բա­­ցակա­­յու­­թիւնը ու պա­­պայի ազ­­դուածու­­թիւնը՝ մէկ ան­­գա­­­մէն ըսի. «Շալ­­լալնե­­րը, Ազի­­զիէ, մեծ մաշ­­թա­­­լին դի­­մաց, փից­­ցա ծա­­խող Հա­­լան կայ, Սալ­­լո­­­րան կայ՝ պաղ­­պա­­­ղակ ծա­­խող...»։

«Լա՛ւ-լա՛ւ, տղա՛ս, լա՛ւ, գիտ­­ցայ, գիտ­­ցայ։ Վա­­ղը կ՚եր­­թանք»։

Ապա­­հովե­­լու հա­­մար այս հրա­­շալի յաղ­­թա­­­նակը՝ կրկնե­­ցի. «Ես ու դուն միայն, առանց...»

Պա­­պաս ցած ձայ­­նով կրկնեց. «Այո՛-այո՛, տղա՛ս, միայն ես եւ դուն»։

Երկրորդ օրն ենք ար­­դէն, կէ­­սօրէ վերջ է։ Մա­­ման ընտրեց ան­­տե­­­սելու քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը, իսկ ես ու հայ­­րիկս ուղղո­­ւեցանք դէ­­պի իմ երա­­զան­­քը՝ Levis-ը ու Dockside-ը։

Քա­­լելով կ՛եր­­թանք։ Մե­­տինաթ Մա­­լահիին քո­­վէն կը քա­­լենք դէ­­պի Գա­­զիէթ Շամս, փո­­ղոցը ան­­ցանք. ան­­կիւնը Մետ­­մաք ճա­­շարանն է, որուն քով առա­­ջին ան­­գամ փոր­­ձե­­­ցի Ճալ­­լապ կո­­չուած հիւ­­թը, կող­­քը՝ Հա­­լէպի քլաս՝ բարձր-մա­­կար­­դա­­­կաւոր հայ­­կա­­­կան ճա­­շարանն է՝ Ուա­­նէսը, յե­­տոյ պճլիկ փո­­ղոց մը, որ կը հասցնէ դէ­­պի Փից­­ցա Հաուս, ատ­­կէ վերջ՝ Ռիֆ ճա­­շարա­­նը, յե­­տոյ՝ դա­­տարկ տա­­րածք մը՝ մին­­չեւ միւս խաչ­­մե­­­րու­­կը, որ­­տեղ տե­­ղաւո­­րուած է հա­­լէպ­­ցի­­­ներու պրոս­­թը­­­տի սի­­րահար­­նե­­­րու ամե­­նահա­­մով կեդ­­րո­­­նը՝ Պեյթ ալ Ախ­­տա­­­րը։ Հա՛, ըսեմ, որ այստեղ պրոս­­թըտ առ­­նե­­­լու հա­­մար թե­­լեֆո­­նով պէտք է զան­­գէիր։ Բան մըն ալ յի­­շեցի. շատ հա­­մով էր այս խա­­նու­­թին զիկ­­զակ փա­­թաթէ­­սը՝ տապ­­կո­­­ւած գետ­­նախնձո­­րը։ Կող­­քը հրա­­շալի Շալ­­լալ ճա­­շարանն է։ Ճիշդ հի­­մա ծաղ­­կա­­­ման­­նե­­­րով շի­­նուած շղթա­­յին քո­­վէն կ՛անցնիմ, որուն միւս կող­­մը նստած են ճա­­շարա­­նին յա­­ճախորդնե­­րը։ Խաչ­­մե­­­րուկ մըն ալ եւս, որուն փո­­ղոցը կը տա­­նի դէ­­պի Տել­­թա եւ Տան­­տա­­­նա ճա­­շարան­­նե­­­րը, Քո­­ւին ռե­­քոր­­տինկը եւ Սո­­լիթեր քլաս սու­­վը­­­նիրի խա­­նու­­թը։ Եր­­կու ճա­­շարան մնաց՝ Գա­­րամը եւ Գոր­­թո­­­պան, ու կ՛աւար­­տի Հա­­լէպի ամե­­նահա­­մով փո­­ղոցը։

Ան­­կիւնն ենք, աջ կողմս Շալ­­լա­­­լաթի վեր­­ջին քա­­րէ հար­­թա­­­կը՝ Ղա­­չախի շու­­կան է։ Հոս հա­­գուստի վե­­րաբե­­րեալ ամէն ինչ կրնաս գտնել՝ շա­­պիկ­­ներ, ճին­­զեր, իւ­­րա­­­յատուկ գա­­զակ­­ներ, աւա­­զանի հա­­մար սուղ հա­­մարո­­ւող Շոլ հո­­ղաթա­­փը, պաս­­քեթպո­­լիստնե­­րու մեծ ու գե­­ղեցիկ սփատ­­րիններ, փու­­լո­­­վըր­­ներ...։

Կա­­րեւո­­րը՝ ես ու պա­­պաս կե­­ցած ենք Levis ծա­­խող պաս­­թա­­­յին դի­­մացը. քսան­­հինգ տա­­րեկան երի­­տասարդ մըն է վա­­ճառո­­ղը։ Ու­­զած ճինզս ար­­դէն ձեռքս է, աչ­­քերս ու­­շա­­­դիր կը ստու­­գեն ճին­­զի ետե­­ւի կա­­շին. Levis-ը յստակ գրո­­ւա՞ծ է, թէ՞ ոչ, ու քա­­նի որ չա­­փելու հնա­­րաւո­­րու­­թիւն չկայ, երի­­տասար­­դը կը փոր­­ձէ թեւս՝ ափէն մին­­չեւ ար­­մունկ, մտցնել տա­­փատին մէջ ու նոյն ժա­­մանակ իր աչ­­քե­­­րը կը ստու­­գեն փո­­ղոցը՝ յան­­կարծ ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րը չյար­­ձա­­­կին։ «Շատ լաւ է, շատ լաւ է չա­­փը, գոյնն ալ մո­­տայէն է», – ժպի­­տով ու ու­­րա­­­խու­­թեամբ կը հաս­­տա­­­տեմ երի­­տասար­­դին ըսա­­ծը՝ նա­­յելով պա­­պայիս։ Պա­­պաս առանց ար­­ձա­­­գան­­գե­­­լու մէկ ան­­գա­­­մէն կը հարցնէ. «Ինչքա՞ն պի­­տի հա­­շուես մե­­զի։ Լաւ գին մը տո՛ւր, որ յա­­ճախորդներդ ըլ­­լանք»։ Այստեղ սիրտս կը սկսի դող­­դո­­­ղալ։ Աս նա­­խադա­­սու­­թիւնը վտան­­գա­­­ւոր է, աւե­­լի ճիշդ, պա­­զար բա­­նալու մի­­ջոց է։ Ու պա­­զար բա­­նալը պա­­պայիս գոր­­ծը չէ։ Ասոր վար­­պե­­­տը մա­­մաս է. ամէն ան­­գամ հե­­տը շու­­կայ իջ­­նե­­­լուս՝ այս պա­­զարին պատ­­ճա­­­ռով կամ ամչնա­­լէս կը մեռ­­նէի եւ կամ ու­­զած հա­­գուստս չէինք գներ։

«Հինգ հա­­րիւր է, հաճ­­ճի՛։ Գի­­նը աս է ամէն շու­­կան»։

Դող­­դո­­­ղացող սրտով ու վախ­­ցած աչ­­քե­­­րով կը նա­­յիմ հօրս՝ հասկցնե­­լու հա­­մար, որ «Հա պա՛պ, աս է գի­­նը»։

Ու իս­­կա­­­պէս քաղցր պա­­պաս, կար­­ծես գի­­տակ­­ցե­­­լով իր անհմտու­­թիւնը պա­­զարի գոր­­ծին մէջ, ձեռ­­քը գրպա­­նը կը նե­­տէ ու կը հա­­նէ հինգ հա­­րիւր սու­­րիակա­­նի թուղթը, որուն ժո­­ղովրդա­­կան անու­­նը այդ ժա­­մանակ ապու-թար­­պուշ էր։

Չեմ գի­­տեր ուրկէ երի­­տասար­­դը սեւ նայ­­լոն տոպ­­րակ մը ճա­­րեց, Levis-ը մէ­­ջը տե­­ղաւո­­րեց ու տո­­ւաւ ին­­ծի՝ ըսե­­լով. «Ալֆ մապ­­րու՛ք, մաալլլեմ»՝ հա­­զար շնոր­­հա­­­ւոր, վար­­պե՛տ։ Նոյն նա­­խադա­­սու­­թիւնը, բայց շատ աւե­­լի քնքուշ ու քաղցր լսե­­ցի պա­­պայէս.

«Հա՛ տղաս, ասի եղաւ։ Միւս ատ ըսած կօ­­շիկիդ տե­­ղը ո՞ւր է»։

Ու­­րա­­­խու­­թիւնս ան­­սահման է։ Ձեռ­­քով-ոտ­­քով պա­­պային ցոյց կու տամ ուղղու­­թիւնը դէ­­պի ղա­­չախ շու­­կա­­­յի երկրորդ մա­­սը՝ Փից­­ցա Հալ­­լա­­­յի եւ պաղ­­պա­­­ղակ Սալ­­լո­­­րայի դի­­մացը, որ­­տեղ, ըստ երե­­ւոյ­­թին, աւե­­լի մաս­­նա­­­գիտա­­ցած էին կօ­­շիկ ծա­­խելով։ Ար­­դէն ու­­զած Dockside-իս առ­­ջեւն եմ։ Նոյն՝ քիչ առա­­ջուայ զգոյշ երի­­տասար­­դին նման երի­­տասարդ մըն է ծա­­խողը։ Առ­­ջե­­­ւը ու­­նի քսան հատ կօ­­շիկ՝ ամէն մէկ զոյ­­գին մէ­­կը միայն, ու բո­­լորն ալ կա­­պուած են մէկ թե­­լով։ Միւս զոյ­­գը յա­­ճախ մաշ­­թա­­­լին մէջ ինչ-որ տեղ պա­­հած կ՛ըլ­­լա­­­յին։ Dockside-ի աջ կօ­­շիկը ձեռքս է. ինքն է, ու­­զածս՝ բաց մոխ­­րա­­­գոյն։ Չա­­փեցի, սի­­րեցի, ու հի­­մա եկաւ քիչ առա­­ջուայ սար­­սա­­­փի պա­­հը։

«Հա՛, մո­­ւալ­­լե՛մ, քա­­նի՞ պի­­տի հա­­շուես մե­­զի ասի։ Լաւ գին մը տո՛ւր, որ յա­­ճախորդներդ ըլ­­լանք»։

«Հինգ հա­­րիւր է, հաճ­­ճի՛։ Մէ­­ջը բան մը չկայ, ամէն շու­­կան աս է»։

Պա­­պաս պահ մը կե­­ցաւ, սիրտս արագ կը զար­­նէ կոր, աչ­­քե­­­րով կը փոր­­ձեմ իրեն հասկցնել. «Պա­­պա՛, աս է գի­­նը»։

Երի­­տասար­­դը կը մի­­ջամ­­տէ. «Հաճ­­ճի՛, եթէ յար­­մար է՝ ըսէ, որ ասոր զոյ­­գը բե­­րեմ»։ Ու­­ժերս կը հա­­ւաքեմ ու աւե­­լի կը ժպտամ պա­­պայիս դէմ­­քին. «Հա՛ պապ, յար­­մա՛ր է»։

Վեր­­ջա­­­պէս քաղցր պա­­պաս երի­­տասար­­դին կ՛ըսէ. «Բե՛ր, բե՛ր ասոր զոյ­­գը, բայց սխալ չբե­­րե՛ս հա՝ Dockside, թիւ երե­­սու­­նի­­­նը, բաց մոխ­­րա­­­գոյն, ձա­­խը»։

Ու իս­­կա­­­պէս հինգ վայրկեան յե­­տոյ ու­­րիշ պզտիկ երի­­տասարդ մը կը յայտնուի մեր առ­­ջեւ ու մեծ երի­­տասար­­դին կը փո­­խան­­ցէ կօ­­շիկիս ձա­­խը։ Պա­­պաս նույն շար­­ժումով կը հա­­նէ ապու-թար­­պուշը ու կը փո­­խան­­ցէ երի­­տասար­­դին։

Վե­­րադար­­ձի ճամ­­բուն ենք ես, պա­­պաս ու եր­­կու սեւ նայ­­լոն տոպ­­րակ։ Մէ­­կուն մէջ կայ Levis-ը, միւ­­սին մէջ՝ Dockside-ը։ Ման­­կա­­­կան ու­­րա­­­խու­­թիւնս ան­­սահման է։ Ձեռ­­քով-ոտ­­քով պա­­պային կը փոր­­ձեմ բա­­ցատ­­րել ու հա­­մոզել, որ հինգ հա­­րիւր սու­­րիական­­նոց ճին­­զը՝ Levis-ը, ամե­­րիկեան է ու բե­­րուած է Ամե­­րիկա­­յէն, իսկ առան­­ձին-առան­­ձին ծա­­խուող Dockside կօ­­շիկը շի­­նուած ու բե­­րուած է Իտա­­լիայէն։

Պա­­պաս ալ իր նոյն քաղցր ժպի­­տով ու ձայ­­նով կը շա­­րու­­նա­­­կէր ըսել. «Հա՛ տղաս, Ամե­­րիկա­­յէն է, պա ուրկէ՞ է»։

«Ուալ­­լա պա­­պա՛, կօ­­շիկն ալ Իտա­­լիայէն է։ Ատոր հա­­մար հինգ հա­­րիւր է»։

«Հա­­պա, տղա՛ս, Իտա­­լիայէն է»։

Տա­­րիներ ան­­ցան, ես ու գի­­տակ­­ցութիւնս մեծ­­ցանք, ու փոք­­րիկ սու­­տե­­­րը փու­­չի­­­կի նման եկան ու ան­­ցան։ Միտ­­քիս մէջն է մին­­չեւ այ­­սօր պա­­պայիս զգոյշ պա­­տաս­­խաննե­­րը, որ­­պէսզի յան­­կարծ փու­­չիկներս չպայ­­թէին ու ման­­կա­­­կան հա­­մոզումներս իրա­­կանու­­թեան չհան­­դի­­­պէին։ Երե­­ւի գի­­տէր, որ ժա­­մանակ մը յե­­տոյ ես պէտք է այդ ամէ­­նը հասկնա­­յի ու ես՝ ինքս ճանչնա­­յի իրա­­կանու­­թիւննե­­րը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ