Կայսրութիւնը փլաւ, բայց ինչպէ՞ս

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Երեք ցա­մաքա­մասե­րու վրայ, Եւ­րո­պայի արե­­ւելեան հա­­տուա­­ծէն հիւ­­սի­­­սային Ափ­­րի­­­կէ, Ասիոյ Արեւմտեան ծայ­­րա­­­մաս մին­­չեւ ծա­­ւալող Օս­­մա­­­նեան Կայսրու­­թիւնը փուլ եկաւ հա­­զիւ քա­­նի մը տաս­­նա­­­մեակ­­նե­­­րու ըն­­թացքին։ Գա­­ղու­­թա­­­տիրա­­կան այդ կայսրու­­թիւնը իրե­­րայա­­ջորդ կեր­­պով կորսնցուց գրա­­ւած տա­­րածքնե­­րը։ Ժո­­ղովուրդներ գո­­յացած առիթ­­նե­­­րը, յատ­­կա­­­պէս ալ Ա. Աշ­­խարհա­­մար­­տի ալե­­կոծումնե­­րը շա­­հագոր­­ծե­­­լով փշրե­­ցին ստրկու­­թեան շղթա­­ները եւ ներ­­կա­­­յացան իրենց ազ­­գա­­­յին պե­­տակա­­նու­­թիւնով։ Այդ ժո­­ղովուրդնե­­րու հա­­մար պայ­­ծառ յաղ­­թա­­­նակ նշա­­նակող այս զար­­գա­­­ցումնե­­րը սար­­սա­­­փելի կո­­րուստ էին Օս­­մա­­­նեան Պե­­տու­­թեան հա­­մար։

Անցնող 100 տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին Օս­­մա­­­նեան Կայսրու­­թեան բնա­­կան ժա­­ռան­­գորդ Թուրքիոյ հան­­րա­­­պետու­­թեան քա­­ղաքա­­կան միտ­­քին հա­­մար տա­­կաւին չէ մար­­սո­­­ւած այս կո­­րուստը։ Անոնք տա­­կաւին այդ եր­­կիրնե­­րու մա­­սին խօ­­սելու պա­­հուն կը գոր­­ծա­­­ծեն պա­­պենա­­կան յի­­շատակ եր­­կիրներ ասոյ­­թը։

Այսքան աղմկա­­հարոյց կոր­­ծա­­­նում մը բնա­­կանա­­բար պի­­տի ու­­նե­­­նար վեր­­լուծման ար­­ժա­­­նի բա­­զում նիւ­­թեր։ Այդ նիւ­­թե­­­րուն կա­­րեւոր մէկ մա­­սը պե­­տու­­թեան պաշ­­տօ­­­նական բա­­ցատ­­րութեամբ ներ­­կա­­­յացած են հա­­սարա­­կու­­թեան լայն զան­­գո­­­ւածի մը։

Վեր­­ջերս բո­­լորո­­վին նոր մեկ­­նա­­­բանու­­թիւնով կրկին կը շա­­րադ­­րո­­­ւի այդ պատ­­մութիւ­­նը, մա­­նաւանդ ալ ցարդ ան­­տե­­­սուած խնդիր­­նե­­­րով։

Իրաւ ալ որոշ պատ­­կե­­­րացում մը ու­­նինք Օս­­մա­­­նեան Կայսրու­­թեան փլու­­զումէն ետք յայտնո­­ւող ան­­կախ պե­­տու­­թիւննե­­րու մա­­սին։ Բայց ան­­դին կան ժո­­ղովուրդներ, որոնք զա­­նազան պատ­­ճառնե­­րով չեն կրցած օգ­­տո­­­ւիլ գո­­յացած առի­­թէն, որու հե­­տեւան­­քով նկա­­տի ալ չեն առ­­նո­­­ւիր։

Այս պա­­հուն մեր սե­­ղանին դրո­­ւած է Շա­­պան Իպա­­յի խիստ շա­­հեկան ու­­սումնա­­սիրու­­թիւնը, որ լու­­սարձա­­կի տակ կ՚առ­­նէ այդ ժո­­ղովուրդնե­­րէն հա­­յերը եւ քիւրտե­­րը։ «Սահ­­մա­­­նադ­­րութե­­նէն մին­­չեւ Մոնտրո­­սի դա­­շին­­քը հա­­յերը եւ քիւրտե­­րը»։ Այս է Շա­­պան Իպա­­յի գիր­­քի խո­­րագի­­րը, ուր ան կ՚ու­­սումնա­­սիրէ Հա­­միտեան շրջա­­նը, նե­­րառե­­լով այդ ժա­­մանա­­կահա­­տուա­­ծի զա­­նազան զար­­գա­­­ցումնե­­րը։ Այստեղ թէ ընդհա­­նուր նկա­­րագ­­րա­­­կանը կը տես­­նենք Կար­­միր Սուլթան կո­­չու­­մով ծա­­նօթ Հա­­միտի եւ թէ իր պաշ­­տօ­­­նավա­­րու­­թեան շրջա­­նին զա­­նազան զար­­գա­­­ցումնե­­րուն։ Կը տես­­նենք հայ­­կա­­­կան հար­­ցի ձե­­ւաւոր­­ման ման­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րը։ Հա­­յոց դի­­մադ­­րութեան փոր­­ձե­­­րը եւ անոնց յա­­ջոր­­դող կո­­տորած­­նե­­­րը պատ­­մա­­­կան ճշգրտու­­թեամբ կը ներ­­կա­­­յացո­­ւի ըն­­թերցո­­ղին։

Գիր­­քը ոչ միայն Օս­­մա­­­նեան Կայսրու­­թեան անկման, այլ գլխա­­ւորու­­թեամբ Միացեալ Թա­­գաւո­­րու­­թեան հա­­մաշ­­խարհա­­յին կայ­­սե­­­րապաշ­­տութեան ալ գոր­­ծե­­­լու եղա­­նակի մա­­սին խիստ շա­­հեկան գի­­տելիք­­ներ կը փո­­խան­­ցէ։

Այստեղ կը տես­­նենք հայ ժո­­ղովուրդի կա­­րեւոր սխա­­լը, որ ծնունդ կ՚առ­­նէր միաս­­նա­­­կան գա­­ղափա­­րախօ­­սու­­թեան մը բա­­ցակա­­յու­­թե­­­նէն։ երբ երկրի արե­­ւելեան նա­­հանգնե­­րու մէջ գիւ­­ղա­­­ցին կը ձգտէր քրտա­­կան յար­­ձա­­­կումնե­­րու դէմ ինքնա­­պաշտպա­­նու­­թեան, ան­­դին Պոլ­­սոյ մէջ քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծիչնե­­րը իրենց առ­­ջեւ նպա­­տակ դրած էին կայսրու­­թիւնը փրկել հա­­մարեա ան­­խուսա­­փելի կոր­­ծա­­­նու­­մէ մը։ Անոնք չէին ու­­նե­­­ցած ան­­կախ պե­­տակա­­նու­­թեան մը տես­­լա­­­կանը, եւ հայ ժո­­ղովուրդի ապա­­գան կը գտնէին Օս­­մա­­­նեան Կայսրու­­թեան ան­­սա­­­սանու­­թեան մէջ։ Մինչ ան­­դին այդ պե­­տու­­թեան ժա­­ռան­­գորդնե­­րը ար­­դէն տե­­սած էին կայսրու­­թեան վախ­­ճա­­­նը եւ լծո­­ւեցան այդ աւե­­րակի վրայ կա­­ռու­­ցել ազ­­գա­­­յին պե­­տու­­թիւնը։

Քիւրտեր, իբ­­րեւ կայսրու­­թեան ամե­­նայե­­տամ­­նաց տար­­րե­­­րէն մէ­­կը, եւս ան­­տե­­­սեցին գո­­յացած առի­­թը եւ շա­­հագոր­­ծո­­­ւեցան թուրք ազ­­գա­­­յին պե­­տու­­թեան հիմ­­նա­­­դիր­­նե­­­րու կող­­մէ։ Թղթա­­տելով Շա­­պան Իպա­­յին 386 էջա­­նի ու­­սումնա­­սիրու­­թիւնը, ըն­­թերցո­­ղին գի­­տակ­­ցութեան առ­­ջեւ շատ յստակ կեր­­պով կը պար­­զո­­­ւի ժա­­մանա­­կի առիթ­­նե­­­րը օգ­­տա­­­գոր­­ծողնե­­րու ձեռքբե­­րու­­մը եւ առի­­թը զանց առ­­նողնե­­րուն ալ զրկանքնե­­րը։

«Ֆա­­ւորի» հրա­­տարակ­­չա­­­տան մա­­տենա­­շարէն լոյս տես­­նող այս գիր­­քը կրնայ գո­­հացում պատ­­ճա­­­ռել տո­­ւեալ ժա­­մանա­­կաշրջա­­նի զար­­գա­­­ցումնե­­րու նկատ­­մամբ հե­­տաքրքիր ըն­­թերցող­­նե­­­րու լայն շրջա­­նակի մը։

Շա­­պան Իպա ծնած է 1948-ին, Կե­­սարիոյ Տե­­ւելի գա­­ւառը։ Տա­­կաւին լի­­սէի աշա­­կերտ էր, երբ մաս­­նակցե­­ցաւ յե­­ղափո­­խական պայ­­քա­­­րին։ Ան ամ­­բողջ կեան­­քի ըն­­թացքին աշ­­խա­­­տակ­­ցե­­­ցաւ հա­­մայ­­նա­­­վար կու­­սակցու­­թիւննե­­րու։ 12 Մարտ 1971-ի եւ 12 Սեպ­­տեմբեր 1980-ի զի­­նուորական կա­­ռավա­­րու­­թիւննե­­րու օրով բան­­տարկուեցաւ եւ կեան­­քի 11 տա­­րինե­­րը ան­­ցուց ճա­­ղերու ետին։ Ան հե­­ղինակ է 11 հա­­տոր­­նե­­­րու, որոնց բո­­լորն ալ պատ­­մա­­­կան վկա­­յու­­թիւններ են եւ ընդհան­­րա­­­պէս ալ ընդվզում մը սուտ ու կեղ­­ծի­­­քի վրայ հիւ­­սո­­­ւած պաշ­­տօ­­­նական տե­­սու­թեան դէմ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ