Ճանապարհի բեմ՝ տեսարան ու ձայն – 3

ՍԱՂԱԹԵԼ ՊԱՍԻԼ

(Տարբերակ21)

Սիրե­լի՛ ըն­թերցող, ար­դէն եր­րորդ ան­գամն է, որ Հա­լէպ կո­չուած հսկայ բե­մին վա­րագոյ­րը կը բարձրաց­նեմ ու քե­զի կը ներ­կա­յաց­նեմ ձայ­ներ ու տե­սարան­ներ այդ քա­ղաքին կեան­քէն։ Քա­նի մը յի­շեցում ընեմ, ու սկսինք։ Բո­լորս ալ այստեղ եղած ենք ե՛ւ դե­րասան ե՛ւ հան­դի­սատես, իսկ տե­սարան­նե­րը իրա­րու հետ որե­ւէ կապ չու­նին։ Ներ­կա­յացու­մը սկսաւ, վա­րագոյ­րը ար­դէն բաց է։

Տե­սարան առա­ջին՝

Վայ­րը՝ Հա­լէպի մէջ հան­գիստ ու քիչ մը լայն թաղ մը, ուր կայ ալի­մինիու­մէ[1] պալ­գոն [2] մը։

Ժա­մանա­կը՝ առա­ւօտ, նա­խաճա­շի ժա­մանակ:

Դե­րասան­նե­րը՝

Ես՝ հա­զիւ սկսած եմ «ոչ» ըսել, ու այդ ար­տա­յայ­տութեան ար­ձա­գան­գը վա­յելել։

Մայրս՝ զար­մա­ցած՝ լսե­լով իր 5-6 տա­րեկան զա­ւակին «ոչ»ը, չի գի­տեր ինչ պէտք է ընէ այս եր­կու թիզ լա­կոտին հետ։

Գոր­ծո­ղու­թիւն.

Պալ­գոնն ենք, ջղա­յին ձե­ւով նստած եմ, դի­մացս կայ, ըստ մա­մայիս ու թե­թայիս, շատ օգ­տա­կար նա­խաճա­շը, որ բնաւ չեմ սի­րեր, կը ճննիմ[3] ու կը պայ­թիմ իր­մէ՝ խա­շուած հաւ­կիթ, տաք կաթ առանց որե­ւէ մէկ բա­նի ու կլոր փաթ­թո­ւած ծի­րանի անու­շի սեն­տո­ւիչ։ Ար­դէն 2-3 «ոչ» ըսեր եմ, ու ամ­բողջ հնա­րաւո­րու­թիւններս օգ­տա­գոր­ծեր եմ մեր­ժե­լու հա­մար այս նա­խաճա­շը, բայց կար­ծես դեռ մա­մաս համ­բե­րատար կը փոր­ձէ կոր հետս շա­րու­նա­կել։

«Քա տղաս, կե՛ր, հա­մով է։ Կե՛ր, որ մեծ­նաս, զօ­րաւոր ըլ­լաս։ Եալ­լա, փոր­ձէ՛»։

«Չե՛մ ու­զեր, պի­տի չու­տեմ, հա­մով չէ, չեմ ու­զեր զօ­րաւոր ըլ­լալ, եաու, հա­մով չէ»։

Մա­մաս եր­կար շունչ մը կ՛առ­նէ որ­պէս նշան համ­բե­րու­թեան աւար­տին ու կը փոր­ձէ նոյն ժա­մանակ ինչ-որ թեք­նիք (հնա­րամա­տու­թիւն) գոր­ծա­ծել այս յա­մառ, անդրա­նիկ զա­ւակին հետ։

«Նա­յի՛ր, հա, պի­տի ու­տե՛ս, քէ­ֆիդ չէ։ Ամէն օր նոյն ֆի­լիմը կ՛ընես, հայ­տէ նա­յիմ»։

«Չեմ ու­զեր, պիտ’ չի, պիտ’ չի, պիտ’ չի», – կ՛ըսեմ շատ ինքնավստահ ու կը պատ­րաստո­ւիմ ար­դէն աթո­ռէս իջ­նել ու ամէն ան­գա­մուան պէս վա­զելով փա­խիլ դէ­պի սե­նեակս, երբ յան­կարծ կը պա­տահի մա­մայիս սպա­սածը. փո­ղոցէն յան­կարծ տա­րօրի­նակ ու վախ­նա­լիք ձայն մը կը հնչէ.

«Ըլ­լի ՛ան­տօ աղ­րատ լըլ­պեա՛»[4],- եր­կուքս մէկ ան­գա­մէն կը սա­ռինք ու վերջ կու տանք մեր ան­վերջ կռի­ւին։ Մա­մայիս աչ­քե­րը կը փայ­լին ու կար­ծես կ՛ըսեն. «Հի­մա կը տես­նես ծօ, պի­տի չու­տես, չէ՞»։

«Ահա եկաւ ամ­մոն, ահա ասապ ըլ­պէ՛ը[5]։ Ահա ադ ամ­մոն, որ չար պզտիկ­նե­րը տոպ­րա­կով կը տա­նի, մա­նաւանդ ա՛յն պզտիկ­նե­րը, որ մա­մային խօս­քը մտիկ չեն ըներ»։

Ձայ­նը իս­կա­պէս վախ­նա­լիք էր, առա­ւել՝ մա­մայիս ըսա­ծը։ Աչք կը նե­տեմ դէ­պի փո­ղոց. մօ­րու­քով ամ­մօ մըն է, ու իս­կա­պէս ու­սին վրայ կայ ճեր­մակ տոպ­րակ մը։ Կը վախ­նամ։ Ամ­մոն ան­գամ մը եւս կ՛ար­ձա­կէ այդ ժա­մանակ ին­ծի հա­մար ան­հասկնա­լի նա­խադա­սու­թիւնը. «Ըլ­լի ՛ան­տօ աղ­րատ լըլ­պեա՛»։

Մա­ման նո­րէն կը կրկնէ. «Ահա եկաւ, ահա եկաւ։ Տե՛ս, վեր ալ կը նա­յի կոր»։

Հա­յեացքս կը կեդ­րո­նաց­նեմ. իս­կա­պէս վեր կը նա­յի կոր։

Առանց բան մը խօ­սելու, վա­զելով կ՛ուղղո­ւիմ դէ­պի սե­նեակ ու սե­նեակէս կը շա­րու­նա­կեմ ման­կա­կան յե­ղափո­խու­թիւնս նա­խաճա­շին դէմ։

Տա­րիներ յե­տոյ ես ու հան­դի­սատե­սը պի­տի հասկնա­յինք այդ ամ­մո­յին աշ­խա­տան­քը, վախ­նա­լիք կան­չին իմաս­տը, տոպ­րա­կին մէ­ջինը եւ վեր նա­յելուն պատ­ճա­ռը։ Բայց նոյնն է՝ վախ­նա­լիք էր։

ԴԱ­ԴԱՐ...

Տե­սարան երկրորդ

Վայ­րը՝ մեծ դաշտ մը կամ դպրո­ցի մեծ բակ մը, ուր բազ­մա­հազար մար­դիկ կան, ու գլխա­ւոր վեր­նա­գիրը «Քեր­մես» է։

Ժա­մանա­կը՝ Հա­լէպի տաք ամա­ռուան մէջ չորս օր, շատ յա­ճախ՝ Հինգշաբ­թիէն Կի­րակի տե­ղի կ՛ու­նե­նայ.

Դե­րասան­նե­րը՝

Ես ու հետս կա­մաւոր­նե­րու հսկայ բա­նակ մը,

Ռա­տիոկա­յանը՝ իր կազ­մով,

Սեն­տո­ւիչ եւ խմիչք ծա­խող ան­կիւնը՝ իր կազ­մով,

Բազ­մա­հազար ժո­ղովուրդ:

Յա­ւելո­ւած– մի­ջավայ­րը՝

Խա­ղեր, ֆի­շեր[6], կէ­տեր ու եր­բեմն ալ՝ կռիւ­ներ,

Եր­գեր, նո­ւէր­ներ ու շատ յա­ճախ՝ սի­րային-զգա­ցական տրա­մաներ

Գոր­ծո­ղու­թիւն.

Ամէն մարդ զբա­ղած է ըստ իր հե­տաքրքրու­թեան։ Կա­մաւոր­նե­րու բա­նակը իր ժպի­տով ու միատե­սակ գա­զակ­նե­րով, որոնք յա­ճախ կը կրեն սփոն­սը­րին (հո­վանա­ւորին) անու­նը, տա­րածո­ւած է ամէն տեղ։

Պզտիկ­նե­րը չա­րաճ­ճի հա­յեաց­քով տա­ղաւա­րէ տա­ղաւար կը վա­զեն։ Ամէն մէ­կուն ձեռ­քը կայ քա­նի մը ֆիշ, ու գլխուն մէջ՝ յաղ­թե­լու որո­շում. որ­քան որ շատ կէտ հա­ւաքէ, աւե­լի լաւ նո­ւէր կը շա­հի։

«Բա­դիկին խա­ղը[7] եկուր խա­ղանք»։

«Ծօ, չէ, ծօ, շատ դժո­ւար է։ Եկուր վա­րունգ կտրե­լու խա­ղը[8] խա­ղանք, աւե­լի դիւ­րին է, կը շա­հինք»։

Ան­վերջ զրոյցներ ու ման­կա­կան պա­զար­ներ (սա­կար­կութեան բա­նավէ­ճեր) կէ­տեր հա­ւաքե­լու հա­մար…

Միւս կող­մէն, երի­տասարդներ զբա­ղած են իրենց սի­րած խա­ղով՝ նա­յուածքներ, աչ­քեր, ար­տա­յայ­տություններ ու վեր­ջա­պէս, ռա­տիոկա­յանէն սի­րային ու ռո­ման­թիք եր­գեր։ Ու կը սկսին. «Սա­գոյէն՝ կար­միր հա­գուող գե­ղեցիկ աղջկան» կամ «Գէոր­գէն՝ իր մէկ հա­տիկ սի­րածին»... ու ան­շուշտ երգ նո­ւիրող­նե­րու շար­քը եր­կար է։

Մէկ խօս­քով՝ քեր­մես է, ու ամէն մարդ ու­րախ է. կա­մաւոր­նե­րը կ՛աշ­խա­տին, պզտիկ­նե­րը կը խա­ղան, անօ­թինե­րը կ՛ու­տեն ու կը խմեն, երի­տասարդնե­րը եր­գեր կը նո­ւիրեն, տնօ­րէնու­թիւնը հե­ռուէն նստած կը դի­տէ ու գաղտնի ապա­հովա­կան տղա­քը կը հսկեն։ Յան­կարծ սա­կայն կը պա­տահի թաշ­խա­լա (իրա­րան­ցում) մը, աջէն ձա­խէն կը լսո­ւի՝ կռի՛ւ –կռի՛ւ, տնօ­րէնու­թիւնը ոտ­քի կը կե­նայ, իսկ ապա­հովա­կանի տղա­քը կը վա­զեն։ Ի՞նչ կայ, ո՞վ է, ի՞նչ կ՛ըլ­լայ կոր, յան­կարծ կ՛ել­լէ, որ բան մը չկայ. երի­տասարդ մը որո­շած է, որ պա­րէ, իսկ ըն­կերնե­րը, շուրջը օղակ ընե­լով, զինք կը քա­ջալե­րեն ծա­փերով։ Գաղտնի ապա­հովա­կանի տղա­քը, որ այ­լեւս գաղտնի չեն, կը մի­ջամ­տեն.

«Ըն­կե՛ր, չ՛ըլ­լար հոս պա­րես»։

«Ին­չո՞ւ»։

«Ասանկ, չ՛ըլ­լար, հրա­ման է»։

Ու իս­կա­պէս, պա­րող փայ­լուն երի­տասար­դը կը դադ­րի, ու քեր­մե­սը կը վե­րադառ­նայ իր նախ­կին հու­նին՝ ֆի­շեր, կէ­տեր, խա­ղեր, վախ­ցած ու յոգ­նած բա­դիկ, սա­հող վա­րունգ, եր­գեր, կար­գադրու­թիւններ։ Ու յան­կարծ նո­րէն թաշ­խա­լա, կար­ծես աւե­լի մեծ, տնօ­րէնու­թիւնը ոտ­քի կը կե­նայ, ապա­հովա­կան տղա­քը, զորս այ­լեւս բո­լորը կը ճանչնան, կը վա­զեն։ Կռի՛ւ-կռի՛ւ, ո՞ւր է-ո՞ւր է, հո՛ն-հո՛ն... ու ար­դէն կռո­ւող­նե­րը տղոց ձեռքն են.

«Ի՞նչ կ՛ընէք կոր, ծօ՛»։

«Ըն­կե­րու­հիիս նա­յեցաւ, խօսք զար­կաւ»։

Կ՛ըլ­լայ-չըլ­լար, ամօթ է-ամօթ չէ, թաշ­խա­լա ու տա­սը վայրկեան յե­տոյ տնօ­րէնու­թիւնը ար­դէն իր տե­ղը նստած է այս ան­գամ ար­դէն կռո­ւող տղոց հետ միասին, ապա­հովա­կան տղա­քը իրենց դիր­քե­րուն վրայ են, ու ամէն բան կը շա­րու­նա­կուի՝ կար­ծես բան մը չե­ղաւ։ Դե­րասան­նե­րը լաւ են, հան­դի­սատե­սին մէկ մա­սը՝ գոհ, միւս մա­սը՝ ոչ, մէկ մա­սը յա­ջող կա­պեր հաս­տա­տեց, միւս մա­սը պի­տի սպա­սէ յա­ջորդ առի­թին, իսկ ես ար­դէն պէտք է վա­րագոյ­րը իջեց­նեմ պատ­րաստե­լու հա­մար յա­ջորդ տե­սարա­նը։

ՇԱ­ՐՈՒ­ՆԱ­ԿԵԼԻ

[1] Ալի­մինիու­մէ պալ­գոն՝ պատշգամ­ներ կա­յին Հա­լէպ, որոնք ալիւ­մի­նիում մե­տաղով ու ապա­կիով փա­կուած կ՛ըլ­լա­յին:

[2] Պալ­գոն՝ պատշգամ

[3] Ճննիլ՝ արա­բերէն ծա­գու­մով՝ ջղայ­նա­նալ

[4] «Ըլ­լի ՛ան­տօ աղ­րատ լըլ­պեա՛»՝ արա­բերէն ար­տա­յայ­տություն, որ բա­ռացի կը նշա­նակէ՝ «Ան, որ ծա­խու ապ­րանք ու­նի»։

[5] Ասապ Ալ­պեա՛՝ այն մար­դը, որը փո­ղոցը շրջե­լով կը գնէ տու­նե­րէն գոր­ծա­ծուած ապ­րանք շատ ցած գի­նով, ու միշտ ու­սին կ՛ու­նե­նար մեծ տոպ­րակ մը։

[6] Ֆիշ – պզտիկ թուղթէ կտոր, որ կը գնո­ւի տա­ղավա­րէն, քեր­մե­սի ժա­մանակ, ու առիթ կու տայ մէկ ան­գամ խա­ղի մը մաս­նակցե­լու:

[7] Բա­դիկին խա­ղը հին խաղ մը կը հա­մարո­ւի, որուն նպա­տակը թե­նիսի գնդա­կի հա­րուա­ծով զար­նել է եր­կա­թի կտո­րի մը ու բա­դիկը ձգել աթո­ռին վրա­յէն՝ վա­րը տե­ղաւո­րուած ջու­րի մեծ ամա­նին մէջ։

[8] Վա­րունգ կտրե­լու խա­ղը դար­ձեալ քեր­մե­սի հին խաղ մըն է։ Կը գոր­ծա­ծուի շե­ղակի խո­ղովակ մը, որուն մէ­ջէն խաղցնո­ղը վա­րունգը վե­րէն կը նե­տէր, իսկ խաղ­ցո­ղը արագ սա­հող վա­րունգը պէտք է կտրէր։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ