Ճանչնանք մեր բառերը (5)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

armenag@gmail.com

1. Խաչ եւ խաչերկաթ

Ինծի հա­մար մնա­յուն հե­տաքրքրու­թեան առար­կայ եղած է այն հար­ցը, թէ մեր այնքան մե­ծաթիւ փո­խառու­թիւննե­րուն դի­մաց1՝ թրքե­րէնը իր կար­գին որե­ւէ փո­խառու­թիւն կա­տարա՞ծ է հա­յերէ­նէն: Վեր­ջին հա­շուով մենք բա­ւական պատ­կա­ռելի թիւ մը ու­նե­ցած ենք Թուրքիոյ մէջ՝ Արեւմտեան Հա­յաս­տա­նէն մին­չեւ Պո­լիս, ըսենք՝ ամ­բողջ բնակ­չութեան մօ­տաւո­րապէս մէկ հին­գե­րոր­դը, իսկ Պո­լիս մայ­րա­քաղա­քի բնակ­չութեան մէկ քա­ռոր­դը, եւ ասոնք՝ ըստ 19-րդ դա­րու երկրորդ կէ­սին կա­տարո­ւած եւ­րո­պական մար­դա­համա­րի մը, որուն ակ­նարկած է Յա­կոբ Սի­րու­նի:

Միւս կող­մէ՝ քա­ղաքակրթա­կան զգա­լիօրէն աւե­լի բարձր մա­կար­դա­կի վրայ կը գտնո­ւէինք հա­յերս յա­րաբե­րաբար տի­րակալ քո­չուոր թուրքին, որ գիր ու գրա­կանու­թիւն չու­նէր տա­կաւին, երբ հաս­տա­տուե­ցան մեր առա­ջին շփումնե­րը:

Այլ խօ­քով՝ բո­լոր նպաս­տա­ւոր պայ­մաննե­րը գո­յու­թիւն ու­նէին, որ նման փո­խառու­թիւններ կա­տարո­ւած ըլ­լա­յին, ինչպէս որ պատ­մա­կանօ­րէն կա­տարե­ցին թուրքե­րը, օրի­նակ, մաս­նա­ւորա- բար պարսկե­րէնէն, արա­բերէ­նէն ու որոշ չա­փով ալ յու­նա­րէնէն, աւե­լի ուշ՝ եւ­րո­պական զա­նազան լե­զու­նե­րէ, որոնց հան­րա­գու­մարն է ձա­խին բե­րուած նկա­րը:

Ուր կ’ակ­նարկո­ւի հա­յերէն փո­խառութեանց՝ առանց թո­ւելու անոնց գու­մա­րը, ինչպէս կա­տարած է այլ լե­զու­նե­րու պա­րագա­յին:

Այս վի­ճակագ­րութիւ­նը քիչ մը կը զար­մացնէ զիս, երբ այսպէս կը թերգնա­հատէ հա­յերէ­նէ փո­խառութիւննե­րը եւ մին­չեւ իսկ չի զի­ջանիր թիւ մը որո­շել:

Ահա­ւասիկ հար­ցեր, որոնց այնպէս ալ չյա­ջողե­ցայ գո­հացում տալ, ճիշդ չեմ ալ գի­տեր, թէ յա­տուկ ու­սումնա­սիրու­թիւն մը գո­յու­թիւն ու­նե­ցա՞ծ է եր­բե­ւէ:

Տար­տա­մօրէն կը յի­շեմ, որ հայրս կ’ըսէր, թէ իրենց թուրք հա­մագիւ­ղա­ցինե­րը2 կը կի­րար­կէին հա­յերէն խա­չեր­կաթ բա­ռը: Այսպէս կո­չուած է այն խա­չաձեւ մե­տաղեայ հա­ւասա­րակողմ սար­քը, որ կը հանգչեց­նէին թո­նիրին (պատ­կե­րը՝ ձա­խին) բե­րանը՝ վրան զա­նազան առար­կա­ներ,− մաս­նա­ւորա­բար պտու­կով կե­րակուր, բայց նաեւ տե­ղին հա­մեմատ խո­րովա­ծացու,− դնե­լու ու եփե­լու հա­մար: Վկա­յու­թիւն մը

«Աշ­նան վերջ, տատս խնո­ցուց հա­նած կա­րագը աղ էր դնում, ու ձմռան մի օր`հա­մարեա տա­րեմու­տի էս օրե­րին, մեծ ղա­զանը կա­րագով լի դնում էր բոցկլտա­ցող թոն­րի վրա: Սկզբում խա­չեր­կաթ էր դնում, թո­նիրը եր­կու հա­ւասար մա­սի բա­ժանե­լով, ու կա­մաց-կա­մաց կրա­կը թէ­ժաց­նում էր» (Ռո­բերտ Մա­թոսեան):

Այս բառն ալ կը դառ­նայ ու­ղե­ցոյցս:

***

2. Պետ­րոս Կա­րապե­տեանի (Զէ­քի “իմաս­տուն” յոր­ջորջեալ) Հա­յերէ­նէ- օս­մա­ներէն բա­ռարա­նին մէջ (1907) կը փնտռեմ խա­չեր­կաթ-ը ու չեմ գտներ:

Սա­կայն փո­խարէ­նը կը գտնեմ, որ թրքե­րէնը խաչ բա­ռին հա­մար հա­ւասա­րապէս դի­մած է հա­յերէ­նին (haç/հաչ)3, յու­նա­րէնին (stavroz/սթաւ­րոզ), պարսկե­րէնին (çarmih/չար­միհ) ու արա­բերէ­նին (salib/սա­լիպ):

Իր բա­ղադ­րեալ բա­ռերը կազ­մած է մի՛այն հա­յերէ­նի խաչ-ով.

haçcı /հաչ­ճը = խա­չապաշտ

հaçlı/հաչ­լը = խա­չակիր

haçımsı/հա­չըմ­սը = խա­չաձեւ

հaça germek/հա­չա կեր­մեք = խա­չել, խա­չը հա­նել

հaç çıkarmak/հաչ չը­քար­մաք = երե­սը խաչ հա­նել, խա­չակնքել

Ապա կը դի­մեմ Google-ին ու այստեղ ալ կը գտնեմ, որ մեր «խա­չեր­կա­թը» ու­նե­ցած է թրքա­կան 18 բար­բա­ռային ար­տա­սանու­թիւն կամ տար­բե­րակ. որոնցմէ թո­ւենք մէկ քա­նին.

hecirget/հե­ճիր­կեթ --hatirçak/հա­թիր­չաք

haçirdek/հա­չիր­տեք --haçirgat/հա­չիր­կաթ

hatirçek/հա­թիր­չեք -- helgirdeç/հել­կիրտեչ… Եւ ոչ միայն...

Այստեղ ալ ի յայտ կու գայ, որ խա­չեր­կաթ-ը որ­դեգրած են ռու­սե­րը եւս՝

--кочерга /kočergá/քո­չեր­կա ար­տա­սանու­թեամբ:

***

Ճանչնանք Պետ­րոս Զէ­քի Կա­րապետեանը

Եղած է իր ժա­մանա­կի մե­ծագոյն լե­զուա­բան­նե­րէն մէ­կը (1869−1937):

Սուլթան Հա­միտ զինք ընդհա­նուր քննիչ կար­գած է թրքա­կան բարձրագոյն վար­ժա­րան­նե­րու հա­յերէ­նի պար­տա­դիր դա­սըն­թացքին: Այս պար­տա­կանու­թեան ծի­րէն ներս գրած է եր­կու պատ­կա­ռելի բա­ռարան­ներ՝ «Մեծ բա­ռարան հա­յերէ­նէ օս­մա­ներէն» եւ «Մեծ բա­ռարան օս­մա­ներէ­նէ հա­յերէն»:

1 Աճա­ռեան 4.000 կը գնա­հատէ փո­խառեալ բա­ռերը, չհա­շուած այն բո­լոր ասոյթնե­րը, որոնց մէկ ճա­շակը բա­ւական ման­րա­մասն տո­ւի «Լե­զուա­կան փե­թակ՝ Պուրճ Համ­մուտը» շար­քիս մէջ:

2 Եոզ­կաթ նա­հան­գի Պո­ղազ­լեան գա­ւառաակի

3 Նա­խապէս ար­տա­սանո­ւած է խաչ, քսա­ներորդ դա­րուն ու մաս­նա­ւորա­բար Պոլ­սոյ գրա­կան բար­բա­ռին մէջ խ հնչիւ­նը բռնազ­բօ­սաբար վե­րածե­ցին հ-ի:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ