Պատերազմը վերջացաւ

ՔՈՒՐԹՈՒԼՈՒՇ ՊԱՇԹԸՄԱՐ

bastimar.kurtulus@gmail.com

Այս շա­բաթ ձե­­զի կը պատ­­մեմ բա­­ւական հին, բայց նաեւ այժմէակա­­նու­­թիւնը պա­­հած գիրք մը։ Գիրք մը՝ որ հիմ­­նա­­­կանին կը պատ­­մէ պա­­տերազ­­մի ամե­­նամութ երե­­սը։ Հոն կը կար­­դանք մա­­հացող­­նե­­­րու՝ այդ մա­­հացած­­նե­­­րը յոյ­­սով սպա­­սող­­նե­­­րու ող­­բերգու­­թիւնը։ Իւ­­րա­­­քան­­չիւր էջով կ՚անդրա­­դառ­­նանք թէ տա­­րիներ առաջ գրո­­ւած այս տո­­ղերը որ­­քան կը հա­­մապա­­տաս­­խա­­­նէն ներ­­կայ իրո­­ղու­­թիւննե­­րուն։

«Պա­­տերազ­­մը Վեր­­ջա­­­ցաւ» անուն գիր­­քը նոր դա­­տողու­­թիւնով կը քննար­­կէ «Վասն հայ­­րե­­­նեաց» կո­­չուած սու­­տը։

Գիր­­քի հե­­ղինակ Տալ­­թոն Թռումպա կ՚ըսէ թէ. «Աս­­տուծոյ սի­­րուն, տե­­սանե­­լի եւ շօ­­շափե­­լի բա­­ներուն մա­­սին խօ­­սեցէք։ Մէկ կողմ թո­­ղէք հայ­­րե­­­նիք բա­­ռը եւ մեռ­­նե­­­լէն վերջ ի՞նչ իմաստ ու­­նի հայ­­րե­­­նիքը։ Հա­­սարակ մար­­դիկ հա­­մոզել փոր­­ձե­­­ցին ազա­­տու­­թիւն, ան­­կա­­­խու­­թիւն, յար­­գանք կամ պա­­տուի նման խօս­­քե­­­րով։ Եթէ այս բո­­լորը ան­­բա­­­ւարար մնա­­ցին, այս ան­­գամ կա­­նայք առա­­ջար­­կե­­­ցին իրենց տգեղ խօս­­քե­­­րով։ Եկէք զի­­նուո­­րագ­­րո­­­ւեցէք եւ համ­­տե­­­սէք սա ֆրան­­սա­­­ցի ու պել­­կիացի աղ­­ջիկնե­­րը»։

Թռումպա իր խօս­­քը կ՚ուղղէ հա­­սարակ մարդկանց եւ կ՚ըսէ թէ խու­­սա­­­փեցէք ազ­­գա­­­յին զգա­­ցումնե­­րով պա­­տուի կամ հայ­­րե­­­նեաց լո­­զունգնե­­րով ձեզ խա­­բող­­նե­­­րէն։ Այդ խօս­­քե­­­րու ետին ոմանց քսակն է որ կը հաս­­տա­­­նայ՝ իսկ հա­­սարակ ժո­­ղովուրդի զա­­ւակ­­նե­­­րը կը զո­­հուին։ Շի­­րիմ­­նե­­­րու քա­­նակով վե­­հացող տա­­րածք մը պէտք չէ, որ ըլ­­լայ հայ­­րե­­­նիքը։ Ըն­­թերցո­­ղը կը զգու­­շացնէ սրբա­­զան ուխտե­­րով պա­­տերազմ հրահ­­րողնե­­րուն դէմ։

Վէ­­պի գլխա­­ւոր հե­­րոսը պա­­տերազ­­մէ ետք ան­­կողնի դա­­տապար­­տո­­­ւած, դէմքը մոր­­թա­­­զեր­­ծո­­­ւած , կո­­կոր­­դը ծա­­կած, թե­­ւերը ու սրունքնե­­րը կորսնցու­­ցած մէկն է։ Մութ սե­­նեակի մը մէջ կը պար­­կի եւ միայն բուժքոյ­­րի մը օգ­­նութեամբ կը շա­­րու­­նա­­­կէ սոս­­կա­­­լի կեանք մը։ Այդ խա­­ւար սե­­նեակի մէջ կորսնցու­­ցած է ժա­­մանա­­կի իմա­­ցու­­թիւնը։ Խօ­­սելու կա­­րողու­­թիւնն ալ կորսնցու­­ցած է պա­­տերազ­­մի ըն­­թացքին։ Միայն միտքն է որ պայ­­ծառ մնա­­ցած է ու կը յի­­շէ ամէն ինչ։ Մեծ ցան­­կութիւն ու­­նի հա­­ղոր­­դակցե­­լու։ Գի­­տէ որ ժա­­մանա­­կի ըն­­կա­­­լու­­մը անհրա­­ժեշ­­տութիւն մըն է կեն­­դա­­­նի մնա­­լու հա­­մար։ Այդ ըն­­կա­­­լու­­մի կո­­րուստով ամէն ինչ դա­­տար­­կութեան պի­­տի մատ­­նո­­­ւի։ Ան կ՚ու­­զէ որ պա­­տերազ­­մի սար­­սա­­­փը պատ­­մէ հա­­մայն մարդկու­­թեան։ Ի վեր­­ջոյ բուժքոյ­­րի օգ­­նութեամբ կը յա­­ջողի տա­­ռերը նշա­­նակե­­լով բա­­ռեր կազ­­մել։ Անոր այս ջան­­քը նախ կը գնա­­հատո­­ւի մե­­տայլով մը, բայց իս­­կոյն իր պատ­­մածնե­­րուն հե­­տեւան­­քով վտան­­գա­­­ւոր դար­­ձած է։ Պէտք էր լռեց­­նել զայն։ Սպա­­ները գի­­տէին թէ այս փոր­­ձա­­­ռու­­թեամբ զի­­նուած մէ­­կը շատ աւե­­լի վտան­­գա­­­ւոր է բաղ­­դատմամբ ամե­­նակոր­­ծա­­­նիչ զէն­­քե­­­րու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ