Շնորհաւոր Ամանոր եւ Սուրբ Ծնունդ

Գաղտնիք չէ որ Ամա­նորը որ­քան որ հա­մայն մարդկու­թեան, բայց յատ­կա­պէս մա­նուկնե­րու հա­մար յա­տուկ նշա­նակու­թիւն ու­նի։ Տօ­նածա­ռի առ­թած յու­զումը ան­բաղդա­տելի է չա­փահաս­նե­րու եւ մա­նուկնե­րու աչ­քին։ Նոյ­նիսկ որոշ տա­րիքէ մը ետք չա­փահաս­ներ կը նկա­տեն տա­րեմու­տի այնքան շուտ հաս­նի­լը, որ մա­նուկնե­րու երե­ւակա­յու­թեան մէջ բա­ւական ու­շա­ցած է։

Այս տրա­մադ­րութիւննե­րով է, որ «Ակօս»ի լու­սանկա­րիչ Պերճ Արա­պեան տա­րուայ վեր­ջին օրե­րուն այ­ցե­լեց քա­ղաքիս հայ նա­խակրթա­րան­նե­րը, իր ոսպնեակով ան­մա­հաց­նե­լու հա­մար մա­նուկնե­րու ջեր­մե­ռանդ ու­րա­խու­թիւնը։

Ու­րա­խու­թիւնը սահ­մա­նուած չէր նա­խակրթա­րան­նե­րով, քա­նի որ հա­մայնքա­յին երկրոր­դա­կան վար­ժա­րան­նե­րէն ներս ալ կը կազ­մա­կեր­պո­ւէին զա­նազան հան­դէսներ, պա­տանի­ներու եւս ու­րա­խու­թիւնը պար­զե­լու հա­մար։

Երա­նի թէ Ամա­նորը մնար ման­կա­կան այդ ու­րախ տրա­մադ­րութեան սահ­մաննե­րուն մէջ։

Ինչպէս նա­խապէս ալ ըսած ենք, չարն ու բա­րին իրար լրաց­նող բնոյթ ու­նին եւ կա­րելի չէ անոնք իրար­մէ ան­ջա­տել լոկ տա­րեթի­ւի մը փո­փոխու­թեան հե­տեւան­քով։ Այդ գի­տակ­ցութիւ­նով մենք կը յա­մառինք կրկին ու կրկին բա­րին մաղ­թե­լու ընդ ձեզ՝ «Ակօս»ի ըն­թերցող­ներ եւ հետզհե­տէ հա­մաշ­խարհա­յին մարդկու­թեան

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ