Արուեստն է յոյսը սնուցողը

ՔՈՒՐԹՈՒԼՈՒՇ ՊԱՇԹԸՄԱՐ

bastimar.kurtulus@gmail.com

- Կը սի­­րե՞ս Ռու­­սե­­­րը։

- Բո­­լոր ժո­­ղովուրդնե­­րը կը սի­­րեմ, բայց ոչ ազ­­գե­­­րը։ Ես հայ­­րե­­­նասէր եմ, այլ ոչ թէ ազ­­գա­­­սէր։

- Ի՞նչ տար­­բե­­­րու­­թիւն կայ որ։

- Հայ­­րե­­­նասի­­րու­­թիւնը հայ­­րե­­­նի եր­­կի­­­րը սի­­րելն է։ Իսկ ազ­­գա­­­սիրու­­թիւնը միւսնե­­րը ատել։

Չեմ գի­­տեր ին­­չու վեր­­ջերս ըն­­թերցած բո­­լոր գիր­­քերս հա­­կապա­­տերազ­­մա­­­կան բնոյթ ու­­նին։ Սա գի­­տակ­­ցա­­­բար ընտրու­­թեան մը հե­­տեւանքը չէ։ Գրող­­նե­­­րը նա­­խապա­­տուե­­լով է, որ կ՚ընտրեմ գիր­­քեր եւ ապա անոնք կը կի­­սեմ ձեզ հետ։ Ահա այս շա­­բաթ ալ ըն­­թերցո­­ղին կը ներ­­կա­­­յանամ գրա­­կանու­­թեան հսկայ մը նիւթ ու­­նե­­­նալով։ Ռո­­ման Կէ­­րիի մա­­սին է խօսքս։

Ան 1914-ին ծնած էր Մոս­­կո­­­ւա եւ 1921-ին ալ իր ըն­­տա­­­նիքով գաղ­­թած էր Լե­­հաս­­տան։ Բայց ան համ­­բա­­­ւի տի­­րացաւ Ֆրան­­սա­­­յի մէջ։ Իր գրած­­նե­­­րը թարգմա­­նուե­­ցաւ բա­­զում լե­­զու­­նե­­­րու, որոնց բո­­լորն ալ հա­­կապա­­տերազ­­մա­­­կան բնոյթ ու­­նէին։ «Լե­­հաս­­տա­­­նի մէջ թռչուն մը կար» անուն գոր­­ծը ըն­­թերցո­­ղին կը պատ­­մէ թէ ինչպէս կա­­րելի է պա­­տերազ­­մի խա­­ւարը յաղ­­թա­­­հարել։ Յոյ­­սը միշ վառ է Կե­­րիի գրա­­կանու­­թեան մէջ։ Այնքան որ, երբ հրա­­սայլնե­­րը կը թնդաց­­նեն փո­­ղոց­­նե­­­րը, երբ ամ­­բողջ քա­­ղաք մը կը ռմբա­­կոծո­­ւի ան Ժա­­նէք անուն երա­­խայի աչ­­քով մե­­զի կը փո­­խան­­ցէ դաշ­­նա­­­մու­­րի հնչիւննե­­րուն կե­­նարար գաղտնի­­քը։ Չա­­փազան­­ցած չեմ ըլ­­լար եթէ ըսեմ որ «Լե­­հաս­­տա­­­նի մէջ թռչուն մը կար» անուն վէ­­պը պա­­տերազ­­մի դէմ գե­­ղարո­­ւես­­տի ու սի­­րոյ յաղ­­թա­­­նակը պատ­­մող առաս­­պէլ մըն է։

Նա­­ցինե­­րը շրջա­­պատած են Լե­­հաս­­տա­­­նը եւ բուռ մը կա­­մաւոր­­ներ ան­­տա­­­ռի մէջ պա­­հուը­­տած կը դի­­մադ­­րեն ար­­շա­­­ւող­­նե­­­րու հզօր բա­­նակին։ Ձեռ­­քերնին զէն­­քի բլթա­­կին է, իսկ ականջնին Սթա­­լինկրտաէն հաս­­նող լու­­րե­­­րուն։ «Սթա­­լինկրա­­տին մէջ մար­­դիկ կան, որոնք մե­­զի հա­­մար կը մարտնչին»։ Այսպէս է Ժա­­նէկի հաս­­տա­­­տու­­մը, երբ պա­­տերազ­­մը խոր­­տա­­­կած է մարդկա­­յին բո­­լոր ար­­ժա­­­նիք­­նե­­­րը։

Այդ պայ­­մաննե­­րու մէջ ան­­գամ ար­­դեօք կա­­րելի՞ է յոյ­­սը սնու­­ցել։ Սո­­ված մար­­դը գե­­ղարո­­ւեստ կրնայ տես­­նել իր երա­­զին։ Ազա­­տու­­թեան կո­­չեր կրնայ ար­­ձա­­­կել։ Ահա Ռո­­ման Կե­­րիի վէ­­պը այս տե­­սակի հար­­ցումնե­­րը հա­­ւաս­­տի կեր­­պով կը պա­­տաս­­խա­­­նէ։ Այո՛ կա­­րելի է։ Եթէ թշո­­ւառու­­թիւնը, ան­­վերջա­­նալի գե­­րու­­թիւնը ամ­­բողջ կեան­­քի մը վե­­րածել չենք ու­­զեր, պի­­տի գնա­­հատենք խա­­ղաղու­­թեան եւ արո­­ւես­­տի ար­­ժէ­­­քը։ Մար­­դիկ եթէ ոխը սոր­­վե­­­ցան սի­­րելն ալ պի­­տի սոր­­վին։ Հայ­­րե­­­նիք կո­­չուա­­ծը սահ­­մա­­­նագի­­ծերով եւ դրօ­­շակով կա­­րելի չէ բնու­­թագրել։ Էական սրբու­­թիւնը կեանքն է եւ ճակ­­տի քրտին­­քը։

Այս գիր­­քը ամե­­նաաննպաստ պայ­­մաննե­­րու տակ իսկ իրո­­ղու­­թիւնը կը փո­­խան­­ցէ ըն­­թերցո­­ղին։

Այդ էջե­­րը ապաս­­տան մըն են ամե­­նադա­­ժան պա­­հերուն իսկ։ Ոչ մէկ զէնք չէր կրնար թա­­փան­­ցել, այդ ապաս­­տա­­­նէ ներս, քա­­նի որ այդտեղ նաեւ յոյ­­սը աճեց­­նե­­­լու ամե­­նայար­­մար տեղն է։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ