Պատմագիրք

«Ուսու­ցիչնե­րու պար­տա­կանու­թիւնն է

արթնաց­նել եւ դրդել աշ­խա­տան­քի

եւ իմա­ցակա­նու­թեան հան­դէպ

հա­ճոյ­քի զգա­ցու­մը»։

Այնշտայն

ՌՈՒ­ԲԷՆ ՅՈ­ՎԱԿԻ­ՄԵԱՆ

Իւ­րա­քան­­չիւր եր­­կիր, պե­­տու­­թիւն, կամ հան­­րութիւն ու­­ժեղ եւ հզօր է բա­­րոյա­­կան ար­­ժէքնե­­րու բարձր որա­­կի առ­­կա­­­յու­­թիւնով։ Այդ ար­­ժէքնե­­րու հիմ­­նա­­­կան բա­­ղադ­­րիչնե­­րէն է դպրո­­ցը, գիր­­քը, գի­­տական մթնո­­լոր­­տը։ Իսկ այս հսկայ դե­­րը որ դրո­­ւած է ման­­կա­­­վարժնե­­րու ու­­սե­­­րուն անգնա­­հատե­­լի է, եթէ բա­­րեխղճօ­­րէն ան կը կա­­տարո­­ւի։ Աշ­­խարհով մէկ այն կար­­ծի­­­քը կը տի­­րէ, թէ դպրո­­ցական­­նե­­­րու գի­­տական մա­­կար­­դա­­­կը հա­­մատա­­րած ան­­կում կ՚ապ­­րի ամէ­­նուր եւ մեր աւե­­տեաց եր­­կի­­­րը եւս են­­թա­­­կայ է այդ ան­­կումին։ Որ­­քան որ հպարտ ըլ­­լանք մեր հա­­զարա­­մեայ մշա­­կոյ­­թով, ներ­­կայ իրո­­ղու­­թիւնը այս է։ Փաստ է, որ հա­­մակար­­գին մաս կազ­­մող ան­­հատնե­­րը, ցա­­ւօք, միշտ չէ, որ կը յար­­գեն եղած կա­­նոն­­նե­­­րը։

Որոշ ժա­­մանակ է, որ մեծ աղ­­մուկ բարձրա­­ցած է հո­­գեւո­­րական դա­­սի կող­­մէ՝ 7–րդ դա­­սարա­­նի «Հա­­յոց պատ­­մութիւն» դա­­սագրքին թա­­փան­­ցած սխալ­­նե­­­րու առի­­թով։ Ըստ մեր իմա­­ցակա­­նու­­թեան թէեւ դի­­պուա­­ծը տհաճ է, բայց ան­­տե­­­ղի ող­­բերգա­­կան եւ սխալ մօ­­տեցում կը ցու­­ցա­­­բերէ կղե­­րական դա­­սը։ Այդ առի­­թով Էջ­­միած­­նի մէջ կազ­­մա­­­կեր­­պած են հայ­­րե­­­նական կեան­­քի կրթա­­կան հիմ­­նախնդիր­­նե­­­րուն նո­ւիրուած քննար­­կում, որուն մաս­­նակցած են կրթա­­կան յանձնախմբի հո­­գեւո­­րական եւ աշ­­խարհա­­կան ան­­դամներ, որոնց հետ նաեւ իշ­­խա­­­նու­­թեան հան­­դէպ բա­­ցայայտ ընդդի­­մախօս թշնա­­մական դիրք ու­­նե­­­ցող Մի­­քայէլ արք. Աջա­­պահեանը, որ «խիստ մտա­­հոգո­­ւած» ըլ­­լա­­­լով կրթա­­կան մա­­կար­­դա­­­կի հար­­ցե­­­րով, իր ասու­­լի­­­սի ըն­­թացքին կը մոռ­­նայ ու­­նե­­­ցած դիր­­քի ու պաշ­­տօ­­­նի կա­­րեւո­­րու­­թիւնը, հարստաց­­նե­­­լով հայ բա­­ռարա­­նը՝ ֆոր­­պոստ, դե­­պոր­­տա­­­ցիա, օբիեկ­­տիւ, դիկ­­տա­­­տու­­րայ, սա­­բոտաժ, սինդրոմ, ալ­­գո­­­րիթմ, էֆեկտ բա­­ռերով։ Քննարկման ըն­­թացքին բարձրա­­ձայ­­նո­­­ւած են սխալ­­ներ, որոնք իբր այնքան զօ­­րաւոր են, որ որա­­կեալ կրթու­­թիւնը կրնան խան­­գա­­­րել։

Ըստ էու­­թեան նման կեղծ, չա­­րամիտ քննար­­կումնե­­րը եւ «սրտցաւ մօ­­տեցում»ը, հայ­­րե­­­նի կրթա­­կան հա­­մակար­­գի նկատ­­մամբ, միակ նպա­­տակ ու­­նին՝ քար­­կո­­­ծել պե­­տական հա­­մակար­­գը, որ ող­­ջունե­­լի ու գո­­վելի չի կրնար հա­­մարո­­ւիլ։ Իրաւ է որ գիր­­քի հե­­ղինա­­կը եւ կրթու­­թեան պա­­տաս­­խա­­­նատու­­նե­­­րը՝ ԿԳՍՄ կ՚ըն­­դունեն յայտնա­­բերո­­ւած սխալ­­նե­­­րու տար­­բեր բնոյ­­թը, որ ըստ հե­­ղինակ­­նե­­­րու, եղած է ժա­­մանա­­կի սղու­­թեան, ան­­փութու­­թեան եւ տար­­բեր հան­­գա­­­մանքնե­­րու պատ­­ճա­­­ռով, բայց այն երկրա­­շար­­ժի վե­­րածե­­լը այլ է՝ պա­­խարա­­կելի եւ չար մի­­տու­­մով։ Սխա­­լը ան­­յա­­­պաղ պի­­տի շտկո­­ւի, որ ըստ լու­­րե­­­րու, նա­­խարա­­րու­­թիւնը յանձնա­­ռու է։ Ամէն պա­­րագա­­յի երբ խնդի­­րը մեր երա­­խանե­­րու կրթու­­թեան մա­­սին է՝ չկայ նրբա­­ցու­­ցիչ դէպք յան­­ցա­­­նաց։

Բա­­ցառո­­ւած չէ, որ վե­­րոն­­շեալ դա­­սագրքի առի­­թով ծայ­­րա­­­յեղ քա­­ղաքա­­կանա­­ցուած հո­­գեւոր դա­­սը իր պե­­տի առաջ­­նորդու­­թեամբ կը փոր­­ձէ հա­­կադ­­րո­­­ւիլ ար­­դի իշ­­խա­­­նու­­թեան, հիմ­­նա­­­կան նպա­­տակ ու­­նե­­­նալով քօ­­ղար­­կել իր վեր­­ջին հինգ տա­­րինե­­րու հա­­կապե­­տական գոր­­ծունէու­­թիւնը, ան­­բա­­­ժին մաս կազ­­մե­­­լով փո­­ղոց ելած ընդդի­­մադիր խմբե­­րուն, մին­­չեւ իսկ սպառ­­նա­­­լով, որ վեր­­ջին շրջա­­նին իշ­­խա­­­նու­­թեան հետ չմաս­­նակցի­­լը որե­­ւէ պե­­տական մի­­ջոցառ­­ման կամ տօ­­նի՝ վտան­­գա­­­ւոր է պե­­տակա­­նու­­թեան եւ պե­­տու­­թեան հա­­մար։ Ահա, այս է, ոչ աւե­­լին, բա­­րոյա­­կանու­­թեան մա­­կար­­դա­­­կը։

Մէկ, այլ աղմկա­­րար դրո­­ւագ էր, տա­­րեմու­­տի գի­­շերը հան­­րա­­­յին հե­­ռատե­­սիլով երկրի նա­­խագա­­հի եւ վար­­չա­­­պետի ու­­ղերձի սփռու­­մը։ Կա­­թողի­­կոսի հայ­­ցը իր ու­­ղերձը վար­­չա­­­պետէն առաջ հե­­ռար­­ձա­­­կելու մա­­սին TV վար­­չութիւ­­նը, նկա­­տի ու­­նե­­­նալով առաջ­­նա­­­հեր­­թութեան հան­­գա­­­ման­­քը, չէ մեր­­ժած եւ, առա­­ջար­­կած է սփռել հա­­ղոր­­դումը մէկ այլ ժա­­մու։ Կա­­թողի­­կոսա­­րանը մեր­­ժած է հա­­ղոր­­դումի որե­­ւէ այ­­լընտրան­­քա­­­յին տար­­բե­­­րակ, եւ եր­­կինքը պայ­­թել է՝ հուր ու կայ­­ծակ սփռե­­լով ամէ­­նուր։

Խիստ կա­­րեւոր է, մինչ իսկ պար­­տա­­­դիր, որ հան­­րա­­­յին կա­­ռոյցնե­­րու ղե­­կավար­­նե­­­րէն իւ­­րա­­­քան­­չիւրը իր դե­­րի եւ պար­­տա­­­ւորու­­թիւննե­­րու կա­­րեւո­­րու­­թիւնը հաս­­կա­­­նայ։ Եթէ իշ­­խա­­­նու­­թիւնը պար­­տա­­­ւոր է ներ­­քին թէ ար­­տա­­­քին բո­­լոր տե­­սակի խնդիր­­նե­­­րուն դի­­մակա­­յել ի յօ­­գուտ երկրի եւ ժո­­ղովրդի, ապա աներկբայ է, որ միւս օժան­­դակ կա­­ռոյցնե­­րը, նե­­րառեալ նաեւ եկե­­ղեցին պար­­տա­­­ւոր են իրենց հեր­­թին ամէն տե­­սակի օժան­­դա­­­կու­­թեամբ ըլ­­լալ իշ­­խա­­­նու­­թեան կող­­քին, եւ ոչ ընդդի­­մադիր։ Անտրա­­մաբա­­նական-անըն­­դունե­­լի է իրար­­մէ որե­­ւէ տա­­րան­­ջա­­­տում։ Ճիշդ հա­­կառակն է, որ տե­­ղի կ՚ու­­նե­­­նայ մեր երկրին։ Եկե­­ղեցին պա­­տանե­­կան եռան­­դով կը բա­­խուի իշ­­խա­­­նու­­թեան, հա­­ւանա­­բար այլ ու­­ժե­­­րու հրա­­հան­­գով եւ թե­­լադ­­րանքով, բայց ին՞չ շա­­հելու նպա­­տակով։ Հա­­սուն ան­­ձանց խզո­­ւած յա­­րաբե­­րու­­թիւնը վե­­րականգնե­­լը շատ դժո­­ւար է, եր­­բեմն անի­­րագոր­­ծե­­­լի։

Տօ­­նական օրե­­րու առի­­թով շա­­տերը կը հա­­մար­­ձա­­­կին ասու­­լիսներ կազ­­մա­­­կեր­­պել հիմ­­նա­­­կան նիւթ ու­­նե­­­նալով Ար­­ցա­­­խի կո­­րուստը իրենց սե­­փակա­­նու­­թիւն դարձնե­­լով, մոռ­­նա­­­լով, որ այդ մեր բո­­լորի, հա­­մայն հա­­յու­­թեան կո­­րուստն է եւ իւ­­րա­­­քան­­չիւր հայ կ՚ող­­բայ կա­­տարո­­ւածին։ Ելոյթնե­­րուն ար­­տա­­­յայ­­տո­­­ւած մտքե­­րը բազ­­մա­­­տեսակ ըլ­­լա­­­լով շատ միահունչ են անի­­մաստ ըլ­­լա­­­լու առու­­մով ինչպէս՝ «Ար­­ցա­­­խը ՀՀ ազա­­տու­­թեան եւ անվտան­­գութեան սահ­­մա­­­նապահ երաշ­­խա­­­ւորը եղած է», կամ «Ար­­ցա­­­խի հար­­ցը չէ փա­­կուած» կո­­չերը։ Շատ բա­­րի, հնչեց­­նել նման անի­­մաստ լո­­զունգներ որ­­պէս նմոյշ հեշտ է, բայց պարզ չէ, թէ ինչպէս, ինչ մի­­ջոց­­նե­­­րով եւ հան­­գա­­­մանքնե­­րով։ Ար­­դի առաջ­­նա­­­հերթ խնդի­­րը տե­­ղահա­­նուած 120.000 ար­­ցախցի­­ներուն պար­­կեշտօ­­րէն վե­­րաբ­­նա­­­կեց­­նե­­­լու եւ անոնց առօ­­րեայ կա­­րիք­­նե­­­րուն հաս­­նե­­­լու հոգն է, որ պա­­տուով եւ մեծ ձեռնհա­­սու­­թեամբ պար­­տա­­­ւորո­­ւած է պե­­տու­­թիւնը։ Իրենց մաս­­նակցու­­թիւնը առանց երկմտան­­քի բե­­րելը բո­­լոր միւս միու­­թիւննե­­րու պար­­տա­­­կանու­­թիւնն է, եկե­­ղեցին նե­­րառեալ եւ կը մնայ միանալ պե­­տու­­թեան ջան­­քե­­­րուն, փո­­խանակ այ­­լա­­­մերժ այլ կա­­ցու­­թիւննե­­րով խան­­գա­­­րելու անոր առա­­ջըն­­թա­­­ցը։ Այս է մեր երաշ­­խի­­­քը եւ հա­­սու­­նա­­­նալու դեռ շատ տեղ եւ եր­­կար ճամ­­բայ կայ անցնե­­լու։

Սան Ռա­ֆայէ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ