Օրացոյցներ՝ գրպանի եւ սեղանի

Այս շա­­բաթ եւս կը շա­­րու­­նա­­­կենք մե­­զի հա­­սած օրա­­ցոյցնե­­րուն ար­­ձա­­­գան­­գել։ Անոնցմէ առա­­ջինը Թուրքիոյ Հա­­յոց Պատ­­րիար­­քա­­­րանի աւան­­դա­­­կան գրպա­­նի օրա­­ցոյցն է։

Այդ օրա­­ցոյ­­ցի էջե­­րուն մէջ կը տես­­նենք տա­­րուայ տօ­­նական օրե­­րը։ Նշո­­ւած կ՚ըլ­­լան նաեւ Սուրբ Պսա­­կի խոր­­հուրդին հա­­մար ար­­գի­­­լեալ օրե­­րու ցու­­ցա­­­կը։ Այդ ցու­­ցա­­­կի առա­­ջին նշումն է «Տա­­րուայ բո­­լոր կի­­րակի օրե­­րը առանց բա­­ցառու­­թեան»։

Վեց ան­­ջատ բա­­ժին­­նե­­­րու մէջ ներ­­կա­­­յացո­­ւող ար­­գի­­­լեալ օրե­­րու ցու­­ցա­­­կի աւար­­տին դրո­­ւած է ծա­­նօթագ­­րութիւն մը, ուր կ՚ըսո­­ւի. «Պսակ դնե­­լու ար­­գի­­­լեալ օրե­­րը կը վեր­­ջա­­­նան եկե­­ղեցա­­կան օրե­­րու կա­­նոնով, երե­­կոյեան ժա­­մեր­­գութե­­նէ ետք։ Ուստի նե­­րեալ է օրը երե­­կոյա­­նալէ վերջ պսակ օրհնել, եթէ յա­­ջորդ օրը ար­­գի­­­լեալ օր չէ»։ Այս ծա­­նօթու­­թիւնով նաեւ բա­­ցատ­­րո­­­ւած կ՚ըլլայ, այն հան­­գա­­­ման­­քը, ըստ որու մեր եկե­­ղեցի­­ներու մէջ պսա­­կադ­­րութիւննե­­րը առ­­հա­­­սարակ կը կա­­տարո­­ւին կի­­րակի օրե­­րուն, բայց միշտ յետ­­մի­­­ջօրէի ժա­­մերուն։

Օրա­­ցոյ­­ցը կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ Թուրքիոյ Պատ­­րիար­­քա­­­կան Աթո­­ռի հո­­գեւո­­րական դա­­սը, սկսե­­լով 4 եպիս­­կո­­­պոս­­նե­­­րէ, 8 վար­­դա­­­պետ­­նե­­­րով, 19 քա­­հանա­­ներով, 28 սար­­կա­­­ւագ­­նե­­­րով, 24 կի­­սասար­­կա­­­ւագ­­նե­­­րով։ Ապա անո­­ւանա­­ցան­­կը կը շա­­րու­­նա­­­կուի 77 դպիր­­նե­­­րով, 7 ժա­­ռան­­գա­­­ւոր­­նե­­­րով եւ 1 միաբա­­նու­­հիով։

Տրո­­ւած է նաեւ Պատ­­րիար­­քա­­­րանի Պա­­տուոյ շքան­­շա­­­ն, Մա­­ղաքիա Պատ­­րիարք Օր­­մա­­­նեանի շքան­­շա­­­նը, Յով­­հաննէս Բա­­ղիշե­­ցի Կո­­լոտի անո­­ւան շքան­­շանը ստա­­ցող­­նե­­­րը։

Նոյնքան կա­­րեւոր ցու­­ցակ մը կը կազ­­մեն պոլ­­սա­­­հայ եկե­­ղեցի­­ները, որոնց կը յա­­ջոր­­դէ երգչա­­խումբե­­րու, դպրոց­­նե­­­րու եւ հիմ­­նարկնե­­րու ցու­­ցակնե­­րը։

Պատ­­րիար­­քա­­­րանի օրա­­ցոյ­­ցին մէջ տեղ գտած են նաեւ Իս­­թանպու­­լի հայ մա­­մու­­լի օր­­կաննե­­րը, սա­­ներու եւ հայ­­րե­­­նակ­­ցա­­­կան միու­­թիւննե­­րը եւ գե­­րեզ­­մաննե­­րը։

Երկրորդ օրա­­ցոյ­­ցը եկած է Ֆե­­րիգիւ­­ղի Մէ­­րամէթ­­ճեան Վար­­ժա­­­րանէն, սե­­ղանի օրա­­ցոյ­­ցի մը կա­­ղապա­­ռով։ Այս օրա­­ցոյ­­ցը դար­­ձեալ կը նշէ եկե­­ղեցա­­կան օրե­­րը եւ իւ­­րա­­­քան­­չիւր էջը ձօ­­նուած է հայ անո­­ւանի եր­­գա­­­հանի մը։ Այսպէս ամիս­­նե­­­րու հո­­լովոյ­­թով կը տո­­ղան­­ցեն Արամ Խա­­չատու­­րեան, Սիլ­­վարդ Գա­­րամա­­նուկ, Առ­­նօ Պա­­պաճա­­նեան, Կո­­միտաս Վար­­դա­­­պետ, Խա­­չատուր Աւե­­տիսեան, Էտ­­կար Յով­­հաննէ­­սեան, Տիգ­­րան Ման­­սուրեան, Ար­­տէ­­­մի Այ­­վա­­­զեան, Բար­­սեղ Կա­­նաչեան, Քրիս­­տա­­­փոր Կա­­րամուրզա, Ար­­մէն Տիգ­­րա­­­նեան եւ Տիգ­­րան Չու­­խա­­­ճեան։

Բա­­ցի եկե­­ղեցա­­կան յա­­տուկ օրե­­րէ նշուած է նաեւ պե­­տական տօ­­նական օրե­­րը, նոյ­­նիսկ Մայ­­րե­­­րու Օր, Աթա­­թիւրքը Յի­­շատա­­կելու Օր, Հայ­­րե­­­րու Օրի նման օրեր, բայց չես գի­­տեր ին­­չու զանց առ­­նուած է Հա­­յաս­­տա­­­նի ան­­կա­­­խու­­թեան օրը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ