Ֆրանսայի մէջ «Պատուոյ Լեգէոնի Ասպետ»ի կոչում՝ Վեր. Ռընէ Լեւոնեանին

Հայ Աւե­­տարա­­նական Հա­­մայնքի նո­­ւիրեալ հո­­գեւո­­րական­­նե­­­րէն՝ Վեր. Ռը­­նէ Լե­­ւոնեանին շնոր­­հո­­­ւած է Ֆրան­­սա­­­յի բարձրա­­գոյն շքան­­շաննե­­րէն մին։

Այս մա­­սին գրա­­ռում մը կա­­տարած է ԱՀԱԸ-ը, որուն նո­­ւիրա­­կան ան­­դամնե­­րէն է Վե­­րապա­­տուե­­լի Լե­­ւոնեանը։

Ստո­­րեւ կը ներ­­կա­­­յաց­­նենք այդ գրա­­ռու­­մը

«ԱՀԱԸ-ն մեծ ու­­րա­­­խու­­թեամբ ըն­­դունեց Հա­­յաս­­տա­­­նի մեր նախ­­կին ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ եւ Եւ­­րա­­­սիայի Հայ Աւե­­տարա­­նական Եկե­­ղեցի­­ներու Միու­­թեան ներ­­կա­­­յիս նա­­խագահ վե­­րապա­­տուե­­լի դոկ­­տոր Ռը­­նէ Լե­­ւոնեանի՝ Պա­­տուոյ Լե­­գէոնի Աս­­պե­­­տի կո­­չում շնոր­­հո­­­ւելու լու­­րը։ Կո­­չու­­մը ֆրան­­սա­­­կան բարձրա­­գոյն ար­­ժա­­­նիք­­նե­­­րու շքան­­շանն է, ինչպէս քա­­ղաքա­­ցիական, այնպէս ալ ռազ­­մա­­­կան։

Մենք մեր շնոր­­հա­­­ւորանքնե­­րը կը յայտնենք վե­­րապա­­տուե­­լի դոկ­­տոր Ռը­­նէ Լե­­ւոնեանին, որ ար­­ժա­­­նի է այս նո­­ւիրա­­կան պա­տուին»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ