Պատրիարք Հայրը ընդունեց քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները

Ն.Ա.Տ. Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք Հայ­­րը, 8 Յու­­նո­­­ւար 2024, Եր­­կուշաբ­­թի, ըն­­դունեց քոյր եկե­­ղեցի­­ներու բարձրաս­­տի­­­ճան հո­­գեւոր առաջ­­նորդնե­­րու եւ իրենց հո­­գեւոր ու աշ­­խարհա­­կան ու­­ղե­­­կից­­նե­­­րու Ս. Ծննդեան տա­­ղաւա­­րի առ­­թիւ շնոր­­հա­­­ւորա­­կան այ­­ցե­­­լու­­թիւննե­­րը։

Մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը, իր մօտն ու­­նե­­­նալով հո­­գեւոր հայ­­րեր, ժա­­մը 13.00-էն սկսեալ Պատ­­րիար­­քա­­­րանի դահ­­լի­­­ճին մէջ հիւ­­րընկա­­լեց Յու­­նաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բար­­թո­­­լոմէոս Ծայ­­րա­­­գոյն Պատ­­րիար­­քը, Ասո­­րի հա­­մայնքի Պատ­­րիար­­քա­­­կան Փո­­խանորդ Գերշ. Մոր Ֆի­­լիւքսի­­նոս Չէ­­թին Մետ­­րո­­­պոլի­­տը, Տի­­յար­­պա­­­քըրի եւ Մար­­տի­­­նի Գերշ. Մոր Սա­­լիպա Էօզ­­մէն Մետ­­րո­­­պոլի­­տը, Հայ Կա­­թողի­­կէ հա­­մայնքի վի­­ճակա­­ւոր Արհ. Տ. Լե­­ւոն Ար­­քեպս. Զէ­­քիեանը, ու­­ղեկցու­­թեամբ Գերյ. Վար­­դան Ծ. Վրդ. Գա­­զան­­ճեանի, Բրշ. Յա­­կոբ Սրկ, Մի­­նասեանի եւ Բրկ. Ժան Կսրկ, Աճէ­­մօղ­­լո­­­ւի, Քաղ­­դէացի Կա­­թոլիկ հա­­մայնքի Պատ­­րիար­­քա­­­կան Փո­­խանորդ Մոնս. Սապ­­րի Անար Եպիս­­կո­­­պոսն ու իր նա­­խոր­­դը՝ Մոնս. Ռամ­­զի Կար­­մօ Եպիս­­կո­­­պոսը, Ասո­­րի Կա­­թոլիկ Եկե­­ղեց­­ւոյ Պատ­­րիար­­քա­­­կան Փո­­խանորդ Մոնս. Օր­­հան Քո­­րեպս. Չան­­լըն, Հայ Աւե­­տարա­­նական Եկե­­ղեց­­ւոյ հո­­վիւ Վե­­րապա­­տուե­­լի Գրի­­գոր Աղա­­պալօղ­­լու։

Հիւր բարձրաս­­տի­­­ճան հո­­գեւո­­րական­­նե­­­րը հո­­գեւոր ու­­րա­­­խու­­թեամբ շնոր­­հա­­­ւորե­­ցին Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թեան ան­­ձին մէջ Հայ Եկե­­ղեց­­ւոյ Ս. Ծննդեան տօ­­նը։

Շնոր­­հա­­­ւորա­­կան այ­­ցե­­­լու­­թեան եկաւ նաեւ Մար­­մա­­­րա Շրջա­­նի Սպա­­նիոյ Պա­­տուա­­կալ Հիւ­­պա­­­տոս եւ Էր­­տէմ Հոլ­­տինկ Ըն­­կե­­­րու­­թեան Վար­­չութեան Նա­­խագահ՝ Զէյ­­նէլ Ապի­­տին Էր­­տէմ, որ շնոր­­հա­­­ւորու­­թե­­­նէ յե­­տոյ այ­­ցե­­­լեց նաեւ Աթո­­ռանիստ Մայր Եկե­­ղեցի ու տե­­ղեկու­­թիւններ ստա­­ցաւ եկե­­ղեց­­ւոյ հա­­մալի­­րի մա­­սին։

Ըն­­դունե­­լու­­թեանց ներ­­կայ գտնո­­ւեցան Գերշ. Տ. Արամ Ար­­քեպս. Աթէ­­շեան, Հոգշ. Տ. Յա­­րու­­թիւն Վրդ. Տա­­մատեան, Հոգշ. Տ. Յո­­վակիմ Աբղյ. Սե­­րով­­բեան, Արժ. Տ. Գրի­­գոր Աւագ Քհնյ. Տա­­մատեան եւ Արժ. Տ. Շիր­­վան Քհնյ. Միւրզեան, Աթո­­ռանիստ Մայր Եկե­­ղեց­­ւոյ Թա­­ղային Խոր­­հուրդի Ատե­­նապետ Հրանդ Մոս­­կո­­­ֆեանի գլխա­­ւորու­­թեամբ ան­դամներ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ