Հմայիչ Փարաճանովը

9 Նոյեմբեր 2024-ին կը նշուի հայ մեծանուն արուեստագէտ եւ մանաւանդ կինօ-բեմադրիչ Փարաճանովի ծննդեան դարադարձը։ Փարաճանով գեղարուեստական իր անհուն երեւակայութեամբ ու տաղանդով մեծ աւանդ մը թողած է իր ետին։ Իբրեւ ականատեսի վկայութիւն մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Յակոբ Այվազի հրատարակած «Քուլիս» պարբերականի (թիւ 1046 Փետրուար 1992) լոյս տեսած լրատուութիւնը սոյն տարուայ Քանն-ի փառատօնէն։

Ժ. ՄԻՐՆՃԵԱՆ

Միջազ­­գա­­­յին շար­­ժա­­­րուես­­տի փա­­ռատօ­­ներու քա­­ղաք Քան­­նի մէջ, չորս տա­­րիէ ի վեր կեան­­քի կո­­չուած է այսպէս սահ­­մա­­­նուած «հան­­դի­­­պում»նե­­րու փա­­ռատօն մը, նա­­խաձեռ­­նո­­­ւած տեղ­­ւոյս քա­­ղաքա­­պետա­­րանի մշա­­կոյ­­թի ար­­ծարծման եւ հա­­ղոր­­դակցու­­թեան մարմնին կող­­մէ։ Նպա­­տակն է, պաշ­­տօ­­­նական, մի­­ջազ­­գա­­­յին-ցու­­ցադրա­­կան ժա­­պաւէն­­նե­­­րու կող­­քին ներ­­կա­­­յաց­­նել լու­­սանցքի գրայ մնա­­ցած, այլ սա­­կայն յատ­­կանշա­­կան նկա­­տուող շար­­ժա­­­րուես­­տի գոր­­ծեր, առ ի քննու­­թիւն, յատ­­կա­­­պէս արո­­ւես­­տա­­­սէր երի­­տասարդնե­­րուն կող­­մէ։

Այս «հան­­դի­­­պում»ին չոր­­րորդը զու­­գա­­­դիպե­­ցաւ անցնող տա­­րեվեր­­ջին։ Այ­­լոց շար­­քին պատ­­կե­­­րասփռո­­ւեցան Սար­­գիս Փա­­րաճա­­նովի «Նռան Գոյ­­նը», «Սու­­րա­­­մի Բեր­­դը», «Աշուղ Ղա­­րիպը» եւ «Հրե­­ղէն Ձիերը» ժա­­պաւէն­­նե­­­րը։

Յատ­­կանշա­­կան երե­­ւոյ­­թը այն եղաւ, որ այս ան­­գամ տո­­ւեալ շրջագ­­ծին սէջ կա­­րեւոր տեղ յատ­­կա­­­ցուե­­ցաւ հա­­յազ­­գի բե­­մադի­­րին ձե­­ռակերտ-ձե­­ռարո­­ւես­­տին, յա­­տուկ ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սով մը, շնոր­­հիւ Երե­­ւանի հա­­մանուն թան­­գա­­­րանի տնօ­­րէնու­­թեան։ Այսպէս քա­­ղաքիս Մի­­րամար սրա­­հին մէջ շա­­բաթ­­ներ շա­­րու­­նա­­­կաբար հան­­րութեան ներ­­կա­­­յացո­­ւեցաւ ող­­բա­­­ցեալ բե­­մադիր-արո­­ւես­­տա­­­գէտին յի­­սուն եւ աւե­­լի ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւններ՝ այ­­լա­­­զան բնոյ­­թի, ինչպէս նաեւ քա­­նի մը տնա­­կան-անձնա­­կան իրեր։ Յայտնու­­թիւններ բո­­լորն ալ, ան­­կասկած։

Ար­­դա­­­րեւ, առանց յա­­ւելեալ ման­­րա­­­մաս­­նութեանց մէջ մտնե­­լու եւ իբ­­րեւ ընդհա­­նուր տպա­­ւորու­­թիւն ար­­ձա­­­նագ­­րենք, թէ ֆրան­­սա­­­ցի եւ Հայ բո­­լոր այ­­ցե­­­լու­­նե­­­րուն նման մենք եւս դէմ յան­­դի­­­ման գտնուեցանք արո­­ւես­­տա­­­գէտի մը, որ տէր եղած է անսպառ երե­­ւակա­­յու­­թեան՝ ստեղ­­ծե­­­լով իր աշ­­խարհը առաս­­պե­­­լակա­­նի սահ­­մաննե­­րը չափչփող արա­­րու­­մով։ Փա­­ռաճա­­նովի ձեռ­­քե­­­րը կը մնան «խօ­­սուն» առօ­­րեայի հա­­յոց այնքան պարզ, յա­­ճախ նախ­­նա­­­կան տար­­րե­­­րու (չմոռ­­նանք Խորհրդա­­յին բան­­տա­­­խու­­ցը) ստեղ­­ծա­­­գործ «մշա­­կու­­մով»։

Լու­­սանկար, կա­­շի, դրոշ­­մա­­­թուղթ, գնդա­­սեղ, խա­­մաճիկ, գլխարկ եւ այլ… «դի­­ւային» երե­­ւակա­­յու­­թիւն նկա­­տուե­­լու աս­­տի­­­ճանին հա­­նող իրենց ձե­­ւաւո­­րումներ, մա­­կերե­­սի, նիւ­­թի, խոր­­քի դաշն հա­­մադ­­րութեամբ, ապ­­շե­­­ցու­­ցիչ ձե­­ռարո­­ւեստնե­­րու նմոյշներ կը դառ­­նան։ Մարդ ուղղա­­կի կ՚ապ­­շի հաս­­տա­­­տելով հիացիկ սլաց­­քը հո­­գիի մը՝ մտա­­ծու­­մի շի­­թերուն ար­­թուն։

Կարճ հար­­ցազրոյ­­ցի մը ըն­­թացքին, արո­­ւես­­տա­­­բան Կա­­րեն Մի­­քայէ­­լեան, թան­­գա­­­րանի տնօ­­րէնը, սի­­րով պա­­տաս­­խա­­­նեց մեր կարգ մը հար­­ցումնե­­րուն։ Հիմ­­նա­­­կանը՝ թան­­գա­­­րանի վե­­րաբե­­րեալ …Փա­­րաճա­­նովը եր­­կար տա­­րիներ միշտ ցան­­կութիւն յայտնած էր տուն մը, բոյն մը ու­­նե­­­նալու Հա­­յաս­­տան։ «Ծնած եմ Վրաս­­տան, աշ­­խա­­­տած եմ Ուկրա­­նիա, պի­­տի մեռ­­նիմ Հա­­յաս­­տան», կը սի­­րէր ըսել ու կրկնել։ Անոր ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւննե­­րուն նո­­ւիրուած 1988-ի ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սին, Երե­­ւան, ան վեր­­ջա­­­պէս հաս­­տա­­­տեց, թէ Հա­­յաս­­տան եւ ինք, ան­­բա­­­ժան էու­­թիւններ էին։ Ու­­րեմն՝ անոր մօ­­տիկ քա­­նի մը բա­­րեկամ­­ներս որո­­շեցինք տուն մը տրա­­մադ­­րել Սուրբ Սար­­գիս Եկե­­ղեցիին մօտ։ Ասի­­կա անոր թան­­գա­­­րանը դար­­ձաւ։ Բա­­ցու­­մը կա­­տարո­­ւեցաւ արո­­ւես­­տա­­­գէտ-բե­­մադի­­րին մա­­հէն (1990 Յու­­լիս 21, թա­­ղուած Երե­­ւան Պան­­թէոնը, Արամ Խա­­չատ­­րեանի կող­­քին) վե­­րիվա­­րով տա­­րի մկ ետք՝ Յու­­լիս 27-ին։

Թան­­գա­­­րանը կազ­­մո­­­ւած է հին ոճով կա­­ռու­­ցո­­­ւած եւ յա­­տուկ վե­­րանո­­րոգո­­ւած եր­­կու շէն­­քե­­­րէ իրա­­րու միացած, 350 քառ, մեթր մա­­կերե­­սով։ Թիֆ­­լի­­­սէն բե­­րուած են անոր անձնա­­կան իրե­­րը։ Ա՛յլ վայ­­րե­­­րէ, ա՛յլ ցու­­ցա­­­նիշ­­ներ։ Դահ­­լի­­­ճին մէջ միշտ կը հնչեն անոր սի­­րած մե­­ղեդի­­ները, ինչպէս օրի­­նակ, Մո­­ցար­­թի Ռէ­­քուէ­­մը։ Ներ­­կա­­­յիս ցու­­ցադրու­­թեան դրո­­ւած են 250 գոր­­ծեր։ Մեր նպա­­տակն է ի մի հա­­ւաքել կա­­րելի առա­­ւելա­­գոյն չա­­փով, քա­­րոզ­­չա­­­կան աշ­­խա­­­տանք տա­­նիլ հրա­­տարա­­կու­­թիւններ եւ այլ մի­­ջոց­­նե­­­րով, այսպէս, այ­­սօ­­­րինակ ցու­­ցա­­­հան­­դէսներ։ Կարճ՝ պան­­ծացնել հայ արո­­ւես­­տա­­­գէտ-բե­­մադի­­րին անու­­նը, որ ար­­դէն իսկ ար­­ժա­­­նացած է մի­­ջազ­­գա­­­յին համ­­բա­­­ւի, գնա­­հատու­­մի ճամ­­բով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ