Պապը պահանջատէր արցախահայութեան համար

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը երկրորդ անգման կոչ ուղղեց 8 Յունուար 2024-ին, Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ ունեցած աւանդական հանդիպումին` Սուրբ Ծննդեան ու Ամանորի շնորհաւորութիւնները փոխանցելու առիթով։ Նորին Սրբութիւնը պահանջեց արցախահայութեան տուն վերադարձը, «օրինականութեան եւ անվտանգութեան» մէջ։ Ան առաջին կոչը յղած էր 25 Դեկտեմբերին Սուրբ Ծննդեան տօնի առթիւ «Ուրպի Էթ Օրպի» ուղերձի ժամանակ։ Սովորութիւն է` որ Քահանայապետերը ամէն տարուայ սկիզբը հանդիպում ունենան ու ողջունեն Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպանները ու դիւանագիտական մարմնի անդամները։ Դիւանագիտական մարմնի անձնակազմին հետ այս աւանդական տարեկան հանդիպումը ընդհանրապէս առիթ է հաշուեկշիռ մը ներկայացնելու անցած տարուայ գործունէութեան եւ իրադարձութիւններուն մասին, ապա ներկայացնելու ընթացիկ տարուայ աշխատանքային ուղեցոյց մը, զոր այս տարի Ֆրանչիսկոս Պապը ուզեց կեդրոնացնել խաղաղութեան իղձին վրայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ