Հայոց հետքերը վերացնելու փորձեր

Հետեւե­լով Թուրքիոյ Հան­րա­պետու­թեան գոր­ծադրած մշա­կու­թա­յին ցե­ղաս­պա­նու­թեան փոր­ձե­րուն՝ Ատրպէյ­ճան ալ կը փոր­ձէ զեղ­ծա­րարու­թեամբ ու­րա­նալ հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գը։ «Ակօս»ի ան­ցեալի թի­ւերուն, յատ­կա­պէս ալ Սար­գիս Սե­րով­բեանի գրի­չով տե­սած էինք թէ ինչպէս հայ­կա­կան եկե­ղեցի­ները կը վե­րագ­րո­ւէին վրա­ցինե­րուն։

Բա­ցի այդ, թեր­թիս էջե­րուն վրայ անդրա­դար­ձած ենք նաեւ անո­ւանի յու­շարձա­նագէտ Սամ­վէլ Կա­րապե­տեանի այս նիւ­թով նշումնե­րուն։

Այս ան­գամ ալ Ար­ցա­խի խորհրդան­շա­կան սրբա­վայ­րե­րէն Ղա­զան­չե­ցոց եկե­ղեցին կը վե­րագ­րո­ւի ռուս ուղղա­փառ­նե­րուն։

Monument Watch ծրա­գիրի գի­տական ղե­կավար Համ­լետ Պետ­րո­սեան «Նիուզ»ի հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­թացքին ըսած է հե­տեւեալը։

«Ղա­զան­չե­ցոցը կար­ծես լիտ­մո­սաթուղթ է: Դա ակնյայտ կա­ռու­ցել են հա­յերը, կա­ռու­ցել են Ղա­զան­չի գիւ­ղից տե­ղահա­նուած եւ Շու­շիում բնա­կեցո­ւած հա­յերը: Բայց հի­մա Ատրպէյ­ճա­նը փոր­ձում է խա­ղաքարտ դարձնել այս եկե­ղեցին: Քա­նի որ այս դէպ­քում չեն կա­րող այն վե­րագ­րել Աղո­ւանից կա­թողի­կոսու­թեանը, փոր­ձում են այն ներ­կա­յաց­նել որ­պէս ռուս ուղղա­փառ եկե­ղեցի: Եթէ նա­յէք, նրանք յա­տուկ ոս­կե­գոյն ներ­կել են գմբէ­թը եւ այդպէս թո­ղել: Սա շատ խո­րամանկ քա­ղաքա­կանու­թիւն է: Ղա­զան­չե­ցոց եկե­ղեցու ար­դէն եր­կու տա­րի ձե­ւական այդ ցան­ցե­րով փա­թաթե­լը, ըստ էու­թեան, նման փոր­ձարկման հիմ­նա­քար է: Ու­զում են տես­նել` ինչպէ՞ս կ՛ար­ձա­գան­գեն ռուսնե­րը: Ատրպէյ­ճա­նում ռու­սա­կան եկե­ղեցու ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը միան­շա­նակ հա­կահայ քա­ղաքա­կանու­թիւն են վա­րում, ին­չը բա­ցար­ձակ սպա­սելի չէր քրիս­տո­նէական քոյր եկե­ղեցու կող­մից» ըսած է։

Յայտնի է, որ Նա­խիջե­ւանի պատ­մա­կան խաչ­քա­րերու քան­դումէն ետք նման բնոյ­թով վայ­րա­գու­թիւններ եւս կը կա­յանան Ար­ցա­խի գրա­ւեալ բնա­կավայ­րե­րու մէջ եւ այդ գոր­ծընթա­ցը տա­կաւին պի­տի ու­նե­նայ իր շա­րու­նա­կու­թիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ