Մահ՝ Տէր Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեանի

Պոլ­սա­հայ Պատ­րիար­քա­կան անձնա­կազ­մը ու­նե­ցաւ նոր կո­րուստ մը եւս Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յա­կոբեանի վախ­ճա­նու­մով։ Այս մա­սին Պատ­րիար­քա­րանի աղ­բիւրնե­րը վախ­ճա­նեալ քա­հանա­յի կեն­սագրու­թեան մա­սին հա­ղոր­դած են հե­տեւեալ լրա­տուու­թիւնը։

Աւա­զանի անու­նով Անդրա­նիկ Յա­կոբ (Օր­թա­յակո­բեան), ծնած է 1948-ին, Իս­թանպուլ։ Որ­դին է Նու­պար Մել­քո­նի եւ Ան­նիկ Չէր­չեանի։ Կ՚ու­սա­նի Ֆերի­գիւ­ղի Մէրամէթ­ճեան վար­ժա­րանին մէջ։ Կ՚ան­դա­մակ­ցի տեղ­ւոյն Ս. Վար­դա­նանց Դպրաց Դա­սուն, ապա Պէ­յօղ­լո­ւի Ասո­ղիկ Դպրաց Դասուն։ Երաժշտու­թեան դասեր կ՚առ­նէ։ 1970-1984 շրջա­նին կ՚ան­դա­մակ­ցի Կոմիտաս Դպրաց Դա­սուն եւ մաս կը կազ­մէ Տնօ­րէն Խորհուրդին։ Եր­կու շրջան կ՚ան­դա­մակ­ցի Գու­րուչէշ­մէի Երեւ­ման Ս. Խաչ Եկե­ղեց­ւոյ Թա­ղային Խոր­հուրդին։ Կ՚ամուսնա­նայ Վերժին Գալփա­քեանի հետ, 1974ին։ Կ՚ու­նենան եր­կու աղջիկ­ներ՝ Նա­յեաթ եւ Նիր­վա։ 1984-ին կը վե­րադառնայ Ս. Վար­դա­նանց Դպրաց Դա­սի ան­դա­մու­թեան։

Սարկա­ւագ կը ձեռ­նադրո­ւի 9 Փետ­րո­ւար 1989-ին, Ֆե­րիգիւ­ղի Ս. Վարդա­նանց Եկե­ղեց­ւոյ մէջ, Շնորհք Պատ­րիար­քի ձե­ռամբ։ 12 Փետրուար 1989-ին Պաքըր­գիւղի Ծնունդ Ս. Աս­տո­ւածած­նի Եկե­ղեց­ւոյ մէջ Շնորհք Պատ­րիար­քի ձե­ռամբ քա­հանայ կը ձեռ­նադրո­ւի, օծա­կից ունենա­լով Տի­րան Քհնյ. Ռէիսեանը։

Որպէս հո­գեւոր հո­վիւ կը ծա­ռայէ Ֆերի­գիւ­ղի, Սա­մաթիոյ, Եշիլ­գիւղի, Պէ­շիկթա­շի եկեղեցինե­րուն, Ս. Աստուա­ծածին Աթո­ռանիստ Մայր Տա­ճարի եւ հուսկ՝ Նառ­լը­գաբո­ւի Եկե­ղեց­ւոյ մէջ։

Գա­րեգին Բ. Պատ­րիար­քի ձե­ռամբ կը ստա­նայ քա­հանա­յական լանջախաչ կրե­լու ար­տօ­նու­թիւն։

Ազ­գա­յին Պատ­գա­մաւո­րական Ժո­ղովի 14 Հոկ­տեմբեր 1998-ի նիս­տի որո­շու­մով կ՚ընտրո­ւի Կրօ­նական Ժո­ղովի ան­դա­մու­թեան։ Մաս կը կազ­մէ դի­ւանին՝ Բ. Ատե­նադ­պի­րի պաշ­տօ­նով։

Աւա­գու­թեան պա­տիւ եւ ծաղ­կեայ փի­լոն կրե­լու ար­տօ­նու­թիւն կը ստանայ 2012-ի Ս. Ղե­ւոն­դեանց Քա­հանա­յից Տօ­նին (13 Փետ­րո­ւար), Պատրիար­քա­կան Ընդհա­նուր Փո­խանորդ Արամ Ար­քեպս. Աթէ­շեանէ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ