Համշէնահայերու նոյնականացումը

ԷԼՎԻՐԱ ՈՒԶՈՒՆԵԱՆ (*)

Առանցքա­­յին բա­­ռեր՝ նոյ­­նա­­­կանու­­թիւն, սո­­ցիալա­­կան նոյ­­նութիւն, հա­­յերու էթ­­նի­­­կական նոյ­­նութիւն, ներ­­քին եւ ար­­տա­­­քին նոյ­­նա­­­կանա­­ցում, համ­­շէ­­­նական ընդհան­­րութեան սկզբնա­­ւոր­­ման պատ­­մութիւն։ Նոյ­­նա­­­կանաց­­ման խնդի­­րը կը հան­­դի­­­սանայ հո­­գեբա­­նական ինքնա­­գիտակցման առանցքա­­յին հար­­ցե­­­րէն մէ­­կը։ Տո­­ւեալ ֆե­­նոմե­­նի ար­­դիակա­­նու­­թեան ու­­սումնա­­սիրու­­թիւնը կը թե­­լադ­­րէ 21-րդ դա­­րի առա­­ջին կէ­­սի իրա­­կանու­­թեան փո­­փոխու­­թիւննե­­րով։ Յօ­­դուա­­ծին կը վեր­­լուծուին Թուրքիոյ «Հայ­­կա­­­կան հա­­մայնքի» ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րու նոյ­­նա­­­կանաց­­ման առանձնա­­յատ­­կութիւննե­­րը, նկա­­տի առ­­նո­­­ւած սո­­ցիալա­­կան նոյ­­նութեան տար­­բե­­­րու­­թիւննե­­րը, նաեւ համ­­շէ­­­նահա­­յերու ծա­­գումնա­­բանու­­թիւնը։

Նախ­­քան անցնիլ համ­­շէ­­­նահա­­յերու նոյ­­նա­­­կանաց­­ման հար­­ցին ժա­­մանա­­կակից աշ­­խարհին, ցան­­կա­­­լի է անցկաց­­նել հայ­­կա­­­կան ընդհան­­րութեան ծա­­գումնա­­բանու­­թիւնը ժա­­մանա­­կակից համ­­շէ­­­նահա­­յերու ազ­­գագրա­­կան խումբե­­րու ընդհան­­րութեան ֆո­­նի վրայ։

Համ­­շէ­­­նի պատ­­մամշա­­կու­­թա­­­յին տա­­րածքնե­­րը, որ­­տեղ ի սկզբա­­նէ ձե­­ւաւորուած է համ­­շէ­­­նական ընդհան­­րութիւ­­նը, կը գտնուի ներ­­կա­­­յիս Ռի­­զէի մար­­զի տա­­րած­­քին, Թուրքիոյ հիւ­­սիս-արե­­ւել­­քը։ Հնա­­գոյն ժա­­մանակ­­նե­­­րուն այդ տա­­րած­­քը կը մտնէր Պոն­­տա­­­կան պատ­­մամշա­­կու­­թա­­­յին տա­­րած­­քի մէջ։ Պատ­­մա­­­կան որոշ ժա­­մանա­­կահա­­տուած­­­նե­­­­­­­րուն Պոն­­­տա­­­­­­­կան տա­­­րած­­­քը ձեռք կը բե­­­րէր որո­­­շակի քա­­­ղաքա­­­կան ինքնու­­­րոյնու­­­թիւն՝ Պո­­­լիմո­­­նի թա­­­գաւո­­­րու­­­թիւն, Տրա­­­պիզո­­­նեան կայսրու­­­թիւն։ Սա­­­կայն, որ­­­պէս կա­­­նոն, այն կը մտնէր ու­­­րիշ պե­­­տու­­­թիւննե­­­րու կազ­­­մին մէջ՝ Պարսկա­­­կան կայսրու­­­թիւն, Ալեք­­­սանդր Մա­­­կեդո­­­նացիի կայսրու­­­թիւն, Փոքր Հայ­­­քի կայսրու­­­թիւն, Հռո­­­մէական կայսրու­­­թիւն, Բիւ­­­զանդա­­­կան կայսրու­­­թիւն, Օս­­­մա­­­­­­­նեան կայսրու­­­թիւն, ընդհուպ մին­­­չեւ ներ­­­կա­­­­­­­յիս Թուրքիոյ հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թիւն։

Հնա­­­գոյն ժա­­­մանակ­­­նե­­­­­­­րէն սկսած, Պոն­­­տա­­­­­­­կան մար­­­զի պատ­­­մա­­­­­­­կան տա­­­րած­­­քին կ՚ապ­­­րէր հայ­­­կա­­­­­­­կան բնակ­­­չութեան հսկա­­­յական քա­­­նակու­­­թիւն մը։ Պատ­­­մա­­­­­­­բան Հ. Մա­­­միկո­­­նեանը իր «Տա­­­րօնի պատ­­­մութիւ­­­նը» գրքի մէջ կը տե­­­ղափո­­­խէ մեզ 7-րդ դա­­­րի առա­­­ջին կի­­­սուն։ Այդ ժա­­­մանա­­­կաշրջա­­­նին «ապա­­­գայ» Համ­­­շէ­­­­­­­նի տա­­­րած­­­քը հիմ­­­նա­­­­­­­կանին բնա­­­կեցո­­­ւած էր հայ բնակ­­­չութեամբ, ին­­­չը կը վկա­­­յէ հայ­­­կա­­­­­­­կան թե­­­մի գո­­­յու­­­թեան մա­­­սին Թամ­­­բուր՝ Մանկնոս եպիս­­­կո­­­­­­­պոսի գլխա­­­ւորու­­­թեամբ։ Այդ ժա­­­մանակ քա­­­ղաքը կը գտնո­­­ւէր Մա­­­միկո­­­նեան տոհ­­­մէն Հա­­­մամի գլխա­­­ւորու­­­թեան տակ։ Քա­­­ղաքա­­­կան տա­­­րաձայ­­­նութիւննե­­­րու պատ­­­ճա­­­­­­­ռով Հա­­­մամ Մա­­­միկո­­­նեանը պա­­­տերազ­­­մի մէջ կը մտնէ վրաց իշ­­­խան Վաշ­­­դեանի հետ։ 628թ. Հա­­­մամ Մա­­­միկո­­­նեանը այդ պա­­­տերազ­­­մին կը կրէ պար­­­տութիւն, եւ անոր կը քա­­­ռահա­­­տեն, իսկ քա­­­ղաքը Սուրբ Սիոն եկե­­­ղեց­­­ւոյ հետ միասին հիմ­­­նա­­­­­­­յատակ կը կոր­­­ծա­­­­­­­նեն։

Յե­­­տագա­­­յին տա­­­րեգ­­­րութեան մէջ կը նշո­­­ւի, որ «Այդ քա­­­ղաքը վե­­­րակա­­­ռու­­­ցո­­­­­­­ւած է Հա­­­մամի կող­­­մէ եւ կը կո­­­չուի «Հա­­­մամա­­­շէն»։ Բայց, ինչպէս գի­­­տենք, Հա­­­մամը քա­­­ռահա­­­տուած էր, եւ ըստ երե­­­ւոյ­­­թին, խօս­­­քը կ՚եր­­­թայ «Հա­­­մամ Ամա­­­տու­­­նի»ի մա­­­սին, որ կը յի­­­շատա­­­կուի Ղե­­­ւոնդ Վար­­­դա­­­­­­­պետի «Խա­­­զիֆ­­­նե­­­­­­­րու պատ­­­մութիւն»ի մէջ։ Ըստ աւան­­­դութեան ըն­­­դունո­­­ւած է հա­­­մարել, որ Համ­­­շէ­­­­­­­նի իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան մա­­­սին ամե­­­նաառա­­­ջին տե­­­ղեկու­­­թիւննե­­­րը զե­­­տեղո­­­ւած են հէնց Ղե­­­ւոն­­­դի աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թեան մէջ, 8-րդ դա­­­րու 80-ական թո­­­ւական­­­նե­­­­­­­րուն։ Ղե­­­ւոն­­­դի պատ­­­մութեան մէջ կը խօ­­­սուի12 հա­­­զար հայ գաղ­­­թա­­­­­­­կան­­­նե­­­­­­­րու մա­­­սին, որոնք նա­­­խարար­­­ներ Շա­­­պու­­­հի եւ Հա­­­մամի գլխա­­­ւորու­­­թեամբ գաղ­­­թած են Սեւ ծո­­­վի ափե­­­րը։ Բիւ­­­զանդա­­­կան կայ­­­սեր թոյլտո­­­ւու­­­թեամբ անոնք Տրա­­­պիզո­­­նէն արե­­­ւելք գտնո­­­ւող տա­­­րածքնե­­­րուն հիմ­­­նած են կի­­­սան­­­կախ իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւն։

Այսպէ­­­սով, 8-րդ դա­­­րու երկրորդ կէ­­­սերուն իշ­­­խան Հա­­­մամը հիմ­­­նո­­­­­­­վին աւե­­­րուած քա­­­ղաքի տե­­­ղը կը կա­­­ռու­­­ցէ նոր քա­­­ղաք, անո­­­ւանե­­­լով այն Հա­­­մամա­­­շէն՝ ի պա­­­տիւ Հա­­­մամ իշ­­­խա­­­­­­­նի։ Այստե­­­ղէն ալ կու գայ մար­­­զի անո­­­ւանու­­­մը՝ «Համ­­­շէն» (ժա­­­մանա­­­կակից Թուրքիոյ Հէմ­­­շին)։

Ըստ երե­­­ւոյ­­­թի, այս ամէ­­­նը իրա­­­կանին տե­­­ղի կ՚ու­­­նե­­­­­­­նան, եւ ան կ՚ար­­­տա­­­­­­­ցոլէ հայ­­­կա­­­­­­­կան ընդհան­­­րութեան էթ­­­նիկ կազ­­­մա­­­­­­­ւոր­­­ման հեր­­­թա­­­­­­­կան փու­­­լը տո­­­ւեալ մար­­­զի եւ կը նշէ նո­­­րակա­­­ռոյց հայ­­­կա­­­­­­­կան իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան վե­­­րակազ­­­մա­­­­­­­ւոր­­­ման պատ­­­մութիւ­­­նը՝ Հա­­­մամա­­­շէն անու­­­նով, որ սա­­­կայն, ոչ մի դէպ­­­քին չի նշա­­­նակեր, թէ հա­­­յերը այստեղ սկսած են ապ­­­րիլ առա­­­ջին ան­­­գամ։ Ըստ երե­­­ւոյ­­­թի, այդ հա­­­յերու ար­­­տա­­­­­­­գաղթն էր 8-րդ դա­­­րին Արա­­­րատի շրջան­­­նե­­­­­­­րէն։ Յե­­­տագա­­­յին անոնց կը միանան նաեւ այլ շրջան­­­նե­­­­­­­րու գաղ­­­թա­­­­­­­կան­­­նե­­­­­­­րը։

Հիմ­­­նո­­­­­­­ւելով բար­­­բա­­­­­­­ռագի­­­տու­­­թեան տո­­ւեալ­­­նե­­­­­­­րու եւ յայտնի պատ­­­մա­­­­­­­կան փաս­­­տե­­­­­­­րու վրայ, կա­­­րելի է եզ­­­րա­­­­­­­կաց­­­նել, որ Համ­­­շէ­­­­­­­նի իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան տա­­­րած­­­քին 17-18-րդ դա­­­րերուն հայ­­­կա­­­­­­­կան էթ­­­նո­­­­­­­սի տար­­­բեր խմբա­­­ւորումնե­­­րու ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչնե­­­րէն ձե­­­ւաւո­­­րուած է միաս­­­նա­­­­­­­կան Համ­­­շէ­­­­­­­նա-Հայ­­­կա­­­­­­­կան ընդհան­­­րութիւ­­­նը՝ իր արեւմտա­­­հայե­­­րէն բար­­­բա­­­­­­­ռի տար­­­բե­­­­­­­րակ­­­նե­­­­­­­րով եւ ինքնա­­­գիտակ­­­ցութեամբ՝ օգ­­­տա­­­­­­­գոր­­­ծե­­­­­­­լով ինքն իրա­­­ւունքի անո­ւան­­­ման նոր­­­մե­­­­­­­րը, որ­­­պէս համ­­­շէ­­­­­­­նահա­­­յեր, կամ՝ համ­­­շէնցի հա­­­յեր։

16-րդ դա­­­րի վեր­­­ջե­­­­­­­րուն թրքա­­­կան կա­­­ռավա­­­րու­­­թիւնը Պոն­­­տա­­­­­­­կան քրիս­­­տո­նեանե­­­րու նկատ­­­մամբ սկսաւ վա­­­րել բռնի իս­­­լա­­­­­­­մաց­­­ման քա­­­ղաքա­­­կանու­­­թիւն։ 1629թ. որոշ լազ իշ­­­խաններ եւ ազ­­­նո­­­­­­­ւական­­­ներ իրենց առա­­­ւելու­­­թիւննե­­­րը պահ­­­պա­­­­­­­նելու հա­­­մար ձե­­­ւական ու­­­րա­­­­­­­ցան քրիս­­­տո­­­­­­­նէու­­­թիւնը։ Քրիս­­­տո­­­­­­­նէական աղ­­­բիւրնե­­­րու վկա­­­յու­­­թեամբ այն ժա­­­մանա­­­կուայ Համ­­­շէ­­­­­­­նի հայ բնակ­­­չութիւ­­­նը 1630թ. դե­­­ռեւս լրիւ քրիս­­­տո­­­­­­­նեայ էր։

Մօ­­­տաւո­­­րապէս 17-րդ դա­­­րու կէ­­­սերուն Համ­­­շէ­­­­­­­նի բնակ­­­չութեան մի մա­­­սը, զաւ­­­թիչնե­­­րու ճնշման ներ­­­քոյ, ըն­­­դունե­­­ցին իս­­­լա­­­­­­­մը։ Միւս մա­­­սը լքեց հայ­­­րե­­­­­­­նի եր­­­կի­­­­­­­րը եւ բնա­­­կու­­­թիւն հաս­­­տա­­­­­­­տեց Պոն­­­թա­­­­­­­կան մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին գօ­­­տիի ամ­­­բողջ տա­­­րած­­­քին։ Այդ Գա­­­րատե­­­րէի շրջանն էր, Տրա­­­պիզոն քա­­­ղաքը, Օր­­­տուն, Սամ­­­սունը (Ճա­­­նիկ)։ 18-19-րդ դա­­­րերու ըն­­­թացքին ձե­­­ւաւո­­­րուե­­­ցան համ­­­շէ­­­­­­­նահա­­­յերու նոր ազ­­­գագրա­­­կան խմբա­­­ւորումներ՝ որ­­­պէս գա­­­րատե­­­րէցի­­­ներ, սե­­­ւագետ­­­ցի­­­­­­­ներ, տրա­­­պիզոն­­­ցի­­­­­­­ներ, օր­­­տուցի­­­ներ, ճա­­­նիկ­­­ցի­­­­­­­ներ։

Նոյ­­­նա­­­­­­­կանա­­­ցու­­­մը բա­­­ռիս ամե­­­նալայն իմաս­­­տով կը նշա­­­նակէ հե­­­տեւեալ հար­­­ցի պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նը՝ «Ո՞վ եմ ես»։ Ու­­­շադրու­­­թիւն դարձնենք հար­­­ցի վրայ՝ «Ո՞վ», ոչ թէ՝ «ինչպէ՞ս»։ Մար­­­դու ինքնա­­­ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­ման բա­­­ղադ­­­րի­­­­­­­չը ճիշդ կը հան­­­դի­­­­­­­սանայ ինքնագ­­­նա­­­­­­­հատու­­­մը եւ իր են­­­թամշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին գոր­­­ծունէու­­­թեան հետ ան­­­մի­­­­­­­ջական կապ չու­­­նի։

Իր հո­­­գեբա­­­նական զար­­­գացման ըն­­­թացքին իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւր մարդ ինք կը որո­­­շէ իր առ­­­ջեւ դրո­­­ւած եր­­­կու կա­­­րեւոր խնդիր։ Առա­­­ջինը, ան կը ձգտի ցոյց տալ իր նման չըլ­­­լա­­­­­­­լը ու­­­րիշնե­­­րուն, տար­­­բե­­­­­­­րու­­­թիւնը անոնցմէ։ Երկրոր­­­դը, անոր անհրա­­­ժեշտ գտած է իր տե­­­ղը հան­­­րութեան մէջ, տար­­­բեր մե­­­ծաքա­­­նակ սո­­­ցիալա­­­կան խմբա­­­ւորումնե­­­րու մէջ ընտրել այն տե­­­ղը, որ պի­­­տի պատ­­­կա­­­­­­­նի միայն իրեն։

Սո­­­ցիալա­­­կան նոյ­­­նա­­­­­­­կանաց­­­ման տա­­­րատե­­­սակ­­­նե­­­­­­­րէն մէ­­­կը կը հան­­­դի­­­­­­­սանայ էթ­­­նի­­­­­­­կակա­­­նը, որ­­­պէս որո­­­շակի ժո­­­ղովուրդի, էթ­­­նո­­­­­­­սի գի­­­տակից անձ։ Ինչպէս օրի­­­նակ՝ ռուս, թուրք, հայ, վրա­­­ցի։ Այս բո­­­լորը էթ­­­նի­­­­­­­կական նոյ­­­նա­­­­­­­կանաց­­­ման տար­­­բե­­­­­­­րակ­­­ներ են։

Դե­­­ռեւս վաղ միջ­­­նա­­­­­­­դարին Տիար­­­պե­­­­­­­քիրը կը հա­­­մարո­­­ւէր որ­­­պէս յայտնի հայ­­­կա­­­­­­­կան քա­­­ղաք, Հայ­­­քի հնա­­­գոյն մայ­­­րա­­­­­­­քաղաք։ Հար­­­ցի էթ­­­նի­­­­­­­կական նոյ­­­նա­­­­­­­կանաց­­­ման դրո­ւած­­­քին ան այ­­­սօր ալ կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ գրա­­­ւել բա­­­ւակա­­­նին տե­­­սանե­­­լի տեղ։

Դե­­­ռեւս հա­­­միդեան կո­­­տորած­­­նե­­­­­­­րու ժա­­­մանակ, 1894-96 թթ. Տիար­­­պե­­­­­­­քիրի մէջ բռնի կեր­­­պով իս­­­լա­­­­­­­մացո­­­ւած է մօտ 25 հա­­­զար հայ։ Ճիշդ է անոնցմէ մէկ մա­­­սը յե­­­տագա­­­յին կրկին դար­­­ձած է քրիս­­­տո­­­­­­­նեայ, բայց որո­­­շակի մա­­­սը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կած է ապ­­­րիլ եւ ներ­­­կա­­­­­­­յանալ որ­­­պէս մուսլու­­­ման։

1915թ. եղեռ­­­նի ժա­­­մանակ Տիար­­­պե­­­­­­­քիր կրկին տեղ կը գտնէ հա­­­յերու բռնի կրօ­­­նափո­­­խու­­­մը, ին­­­չը կ՚աւար­­­տո­­­­­­­ւի քրդա­­­կանաց­­­մամբ։ Տար­­­բեր աղ­­­բիւրնե­­­րուն կը հան­­­դի­­­­­­­պինք փաս­­­տե­­­­­­­րու, որոնք կը վկա­­­յեն այն մա­­­սին, որ մին­­­չեւ այ­­­սօր մու­­­մուսուլմա­­­նական հան­­­րութիւ­­­նը Տիար­­­պե­­­­­­­քիրի մէջ յստա­­­կօրէն կը տար­­­բե­­­­­­­րուի կրօ­­­նափո­­­խուած հա­­­յերու յետ­­­նորդնե­­­րուն, անո­­­ւանե­­­լով անոնց «ֆի­­­լա» (հայ)։

Վեր­­­ջին ժա­­­մանակ­­­նե­­­­­­­րուն հա­­­յերը կը հա­­­մար­­­ձա­­­­­­­կուին յայ­­­տա­­­­­­­րարել իրենց մա­­­սին թրքա­­­կան մա­­­մու­­­լի մէջ եւ ակ­­­տի­­­­­­­ւաց­­­նել էթ­­­նիկ նոյ­­­նա­­­­­­­կանաց­­­ման քննար­­­կումնե­­­րը, առաջ քա­­­շելով այդ խնդրի նոր տե­­­սակ­­­ներ։

Թրքե­րէնով տպագ­­­րո­­­­­­­ւած էր հա­­­յի մը պատ­­­մութիւն, որ տի­­­յար­­­պե­­­­­­­քիր­­­ցի էր։ Ներ­­­կա­­­­­­­յիս Իս­­­թանպուլ ապ­­­րող մի ոմն Մա­­­րի կը պատ­­­մէ իրենց կեան­­­քի առանձնա­­­յատ­­­կութիւննե­­­րու մա­­­սին։ «Մենք յա­­­ճախ ստի­­­պուած էինք ապ­­­րիլ եւ ներ­­­կա­­­­­­­յանալ որ­­­պէս մու­­­սուլման­­­ներ։ Աղօ­­­թելու եւ խա­­­չակնքե­­­լու հա­­­մար ստի­­­պուած էինք իջ­­­նել նկուղնե­­­րը»։ Անոր պատ­­­մածնե­­­րէն պարզ կը դառ­­­նայ, որ հա­­­յերը կը պահ­­­պա­­­­­­­նէին հա­­­յոց լե­­­զուն եւ կը հա­­­ղոր­­­դակցո­­­ւէին իրար հետ հա­­­յերէն՝ մայ­­­րե­­­­­­­նի լե­­­զուով։ Այ­­­սօր ալ կա­­­րելի է հան­­­դի­­­­­­­պիլ բազ­­­մա­­­­­­­թիւ վկա­­­յու­­­թիւննե­­­րու, փաս­­­տե­­­­­­­րու, որոնք կ՚ապա­­­ցու­­­ցեն Մեծ եղեռ­­­նէն փրկո­­­ւած եւ Թուրքիոյ ապ­­­րող հա­­­յերու բռնի իս­­­լա­­­­­­­մացո­­­ւած ըլ­­­լա­­­­­­­լու փաս­­­տը, նոյ­­­նիսկ 20-րդ դա­­­րի կէ­­­սերուն։

19-րդ դա­­­րի կէ­­­սէն մին­­­չեւ 20-րդ դար, փրկո­­­ւելով թրքա­­­կան իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւննե­­­րու դա­­­ժանու­­­թիւննե­­­րէն եւ եղեռ­­­նէն, համ­­­շէ­­­­­­­նահա­­­յերը կը գաղ­­­թեն դէ­­­պի Կով­­­կա­­­­­­­սի հիւ­­­սիս-արեւ­­­մուտք։ Համ­­­շէ­­­­­­­նի գաղ­­­թա­­­­­­­կան­­­նե­­­­­­­րը, որ­­­պէս կա­­­նոն, իրենց բնա­­­կավայ­­­րե­­­­­­­րը կը հիմ­­­նեն Սեւ­­­ծո­­­­­­­վեան ափա­­­մերձ գիւ­­­ղե­­­­­­­րը ու քա­­­ղաք­­­նե­­­­­­­րը, նաեւ նա­­­խալեռ­­­նա­­­­­­­յին շրջան­­­նե­­­­­­­րը։ Առա­­­ջին հեր­­­թին Սու­­­խում քա­­­ղաքն էր՝ իր գիւ­­­ղե­­­­­­­րով, Սո­­­չին, Տո­­­ւապ­­­սեն, Անա­­­պան, Մայ­­­կո­­­­­­­պը։ Ներ­­­կա­­­­­­­յիս համ­­­շէ­­­­­­­նահա­­­յերու հիմ­­­նա­­­­­­­կան մա­­­սը (մօտ 150 հա­­­զար) կ՚ապ­­­րի Կրաս­­­նո­­­­­­­տարի մար­­­զը։ Այդ Մեծ Սո­­­չիի շրջան­­­ներն են (Ատ­­­լե­­­­­­­րի, Խոս­­­տա­­­­­­­յի, Կեդ­­­րո­­­­­­­նական, Լա­­­զարեւսկի), Տո­­­ւապ­­­սէի, Ապ­­­շե­­­­­­­րոնեան, Գո­­­րեաչեկ­­­լիւչե­­ւեան, Պե­­­լորե­­­չենսկի, Անա­­­պայի եւ Մայ­­­կո­­­­­­­պի շրջան­­­նե­­­­­­­րը։ Աբ­­­խա­­­­­­­զիայի տա­­­րած­­­քը 1970թ. մար­­­դա­­­­­­­համա­­­րի տո­­­ւեալ­­­նե­­­­­­­րով կ՚ապ­­­րէր 75 հա­­­զար հայ։

Բնա­­­կեցու­­­թեան ամե­­­նամեծ տո­­­կոսը կ՚ընկնէր Սու­­­խումի, Գագ­­­րա­­­­­­­յի եւ Գու­­­տաու­­­թա­­­­­­­յի շրջան­­­նե­­­­­­­րու վրայ։ Աբ­­­խա­­­­­­­զա-վրա­­­ցական հա­­­կամար­­­տութե­­­նէ ետք 80-հա­­­զարա­­­նոց հայ­­­կա­­­­­­­կան բնակ­­­չութիւ­­­նը կրճա­­­տուեց մօ­­­տաւո­­­րապէս 50%-ով։ Գաղ­­­թա­­­­­­­կան­­­նե­­­­­­­րու մե­­­ծամաս­­­նութիւ­­­նը ստի­­­պուե­­­ցաւ բնա­­­կու­­­թիւն հաս­­­տա­­­­­­­տել Կրաս­­­նո­­­­­­­տարի մարզ եւ Ռու­­­սաստա­­­նի տար­­­բեր վայ­­­րեր։ Մօտ 10 հա­­­զար համ­­­շէ­­­­­­­նահայ կ՚ապ­­­րի Հա­­­յաս­­­տան, մի փոք­­­րա­­­­­­­թիւ մաս ալ կ՚ապ­­­րին Մօ­­­տաւոր Արե­­­ւելք, Ֆրան­­­սա եւ ԱՄՆ։ Այ­­­սօր համ­­­շէ­­­­­­­նահա­­­յերը կը հան­­­դի­­­­­­­սանան հնա­­­գոյն եւ ամե­­­նահին հայ­­­կա­­­­­­­կան ազ­­­գա­­­­­­­յին խմբա­­­ւորումնե­­­րը Կրաս­­­նո­­­­­­­տարի մար­­­զին, Ատի­­­կիա ե Աբ­­­խա­­­­­­­զիա։

Մին­­­չեւ 20-րդ դա­­­րի երկրորդ կէ­­­սը այդ ազ­­­գագրա­­­կան խմբա­­­ւորումնե­­­րը չու­­­նէին ընդհա­­­նուր ինքնա­­­գիտակ­­­ցութիւն, սա­­­կայն աս­­­տի­­­­­­­ճանա­­­բար այս իրա­­­վիճա­­­կը սկսաւ փո­­­խուիլ։ Վեր­­­ջին մի քա­­­նի տաս­­­նա­­­­­­­մեակ­­­նե­­­­­­­րուն կը նկա­­­տուի համ­­­շէ­­­­­­­նահա­­­յերու ինքնա­­­զար­­­գացման եւ ինքնա­­­գիտակ­­­ցութեան բար­­­գա­­­­­­­ւաճում։

Համ­­­շէ­­­­­­­նահա­­­յերու պատ­­­մութեան նկատ­­­մամբ հե­­­տաքրքրու­­­թիւնը ծա­­­գեցաւ 19-րդ դա­­­րի երկրորդ կէ­­­սէն եւ ու­­­ժե­­­­­­­ղացաւ 20-րդ դա­­­րուն։ Այս շրջա­­­նին ի յայտ եկան հե­­­տազօ­­­տող­­­նե­­­­­­­րու եւ լու­­­սա­­­­­­­ւորիչ­­­նե­­­­­­­րու յօ­դուած­­­նե­­­­­­­րը (Ին­­­ճի­­­­­­­ճեան, Բժիշ­­­կեան, Թու­­­մա­­­­­­­նեան, Աճա­­­ռեան, Հայ­­­կունի եւ ու­­­րիշներ), որոնք որո­­­շեցին տո­ւեալ ընդհան­­­րութեան ար­­­մատնե­­­րը։ Բար­­­բա­­­­­­­ռային ձե­­­ւերու եւ բա­­­նահիւ­­­սութեան ընդհան­­­րութե­­­նէն բա­­­ցի հե­­­տազօ­­­տող­­­նե­­­­­­­րը նշե­­­ցին համ­­­շէ­­­­­­­նահա­­­յերու պատ­­­մա­­­­­­­կան ճա­­­կատագ­­­րե­­­­­­­րու, ազ­­­գագրա­­­կան խմբա­­­ւորումնե­­­րու նմա­­­նու­­­թիւննե­­­րը։

20-րդ դա­­­րի առա­­­ջին կէ­­­սին լոյս կը տես­­­նեն ման­­­րա­­­­­­­մաս­­­նօ­­­­­­­րէն բա­­­նահիւ­­­սութիւ­­­նը ու­­­սումնա­­­սիրող աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թիւններ, բա­­­նահիւ­­­սութիւն (Մու­­­րա­­­­­­­տեան Հ.—1901թ.), բար­­­բառ (Աճա­­­ռեան Հ.-1911թ.) եւ ու­­­րիշներ։ Այդ աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րուն ազ­­­գագրա­­­կան խմբե­­­րը կը միաւո­­­րուին մէկ ընդհա­­­նուր անո­­­ւան տակ՝ համ­­­շէ­­­­­­­նահա­­­յեր։

20-րդ դա­­­րի երկրորդ կէ­­­սերէն սկսած է մեծ­­­նալ համ­­­շէ­­­­­­­նահա­­­յերու հա­­­մայնքը Երե­­­ւանի մէջ։ Անոնք Աբ­­­խա­­­­­­­զիայէն եւ Կրաս­­­նո­­­­­­­տարի մար­­­զէն եկող­­­ներն էին։ 1947թ-էն սկսած այստեղ (Երե­­­ւան) տե­­­ղի կ՚ու­­­նե­­­­­­­նային համ­­­շէ­­­­­­­նահա­­­յերու մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին ժո­­­ղով­­­ներ։ Օրի­­­նակ, 1967թ. Մար­­­տի 8-ին համ­­­շէ­­­­­­­նահա­­­յերու հայ­­­րե­­­­­­­նակ­­­ցա­­­­­­­կան միու­­­թիւնը կը կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պէ խնջոյք, որուն կը մաս­­­նակցէին 69 մարդ, հիմ­­­նա­­­­­­­կան մտա­­­ւորա­­­կանու­­­թեան ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչներ։ Ու­­­շագրաւ էր այն հան­­­գա­­­­­­­ման­­­քը, որ կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պիչներն ու մաս­­­նա­­­­­­­կից­­­նե­­­­­­­րը իրենց կը հա­­­մարէին «հայ-համ­­­շէնցի­­­ներ», իսկ իրենց հայ­­­րե­­­­­­­նակ­­­ցա­­­­­­­կան միու­­­թիւնը՝ «համ­­­շէ­­­­­­­նական»։ Նշո­­­ւած վկա­­­յու­­­թիւնը կը հան­­­դի­­­­­­­սանայ հե­­­ղինա­­­կի յայտնի առա­­­ջին գրա­­­ւոր յի­­­շատա­­­կումնե­­­րէն, որ­­­տեղ համ­­­շենցի­­­ներու տար­­­բեր ազ­­­գագրա­­­կան խումբե­­­րու ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչնե­­­րը իրար կը միաւո­­­րէին մէկ ընդհա­­­նուր ինքնա­­­գիտակ­­­ցութիւն, այն է՝ համ­­­շէնցի հա­յեր։

Սկսած ան­ցեալ դա­րի 60-ական թո­ւական­նե­րէն համ­շէնցի­ներու պատ­մութեան ու­սումնա­սիրու­թեամբ կը զբա­ղուին համ­շէնցի ազ­գագրա­գէտ­ներ Բ. Թոռ­լա­քեանը, Մ. Մի­նոսեանը, Պ. Զէյ­թունեանը, Մ. Քոչ­կո­նեանը, Գ. Վար­դա­նեանը եւ շատ ու­րիշներ։

Տուեալ գա­ղափա­րախօ­սու­թիւնը գտաւ իր շա­րու­նա­կու­թիւնը 20-րդ դա­րի 90-ական թո­ւական­նե­րուն։ Մօ­տաւո­րապէս այդ նոյն ժա­մանակ կազ­մա­կեր­պո­ւեցաւ բա­րեգոր­ծա­կան, մշա­կու­թա­յին, լու­սա­ւոր­չա­կան «Համ­շէն» հան­րութիւ­նը (Տո­ւապ­սէ), հայ­կա­կան եր­գի-պա­րի, երաժշտու­թեան «Համ­շէն» հա­մոյ­թը (Լա­զարեւսկի շրջան), շրջա­նային հայ­կա­կան թերթ «Համ­շէն» (Տո­ւապ­սէ), Կրաս­նո­տարի մար­զի հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւն АНИК-կեդ­րոն «Համ­շէն» (Կրաս­նո­տար) եւ շատ ու­րիշ կազ­մա­կեր­պութիւններ, որոնք կ՚ընդգծէին իրենց համ­շէ­նահայ­կա­կան ծա­գու­մը։

Թարգմա­նու­թիւնը՝ Ան­նա Ար­տա­շէսի Յա­կոբեան, Աբ­խա­զիայի վաս­տա­կաւոր ու­սուցչու­հի, հա­յոց լե­զուի եւ գրա­կանու­թեան ու­սուցչու­հի։


(*) Քու­պա­նի պե­տական հա­մալ­սա­րանի հնաբա­նու­թեան, ազ­գագրու­թեան, հին եւ միջ­նա­դարեան պատ­մութեան ամ­պիոնի աս­պի­րանտ։ Ռու­սաստան, Կրաս­նո­տար (uzunyan -1982 @mail.ru)։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ