Երէք տարուայ կամքէ անկախ ընդհատումէ ետք, այս տարի 9-րդ անգամ կը կազմակերպուի Քրիստին Սալերիի յիշատակին ձօնուած միջվարժարանային նկարչական մրցումը։
Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի ալ մրցումը պիտի կայանայ նախակրթարաններու եւ երկրորդական վարժարաններու ուսանողներուն համար երկու անջատ բաժանումով։ Մրցման համար ճշտուած է 27 Ապրիլ 2024 թուականը։ Այդ օր նախակրթարանի սաներ 11։00-
13։00-ին, իսկ երկրորդական վարժարանի աշակերտներ 14։00-16։00 ժամերու միջեւ պիտի արտադրեն իրենց աշխատանքները, որոնք պիտի գնահատուին դատակազմի կողմէ եւ 11 Մայիսին ալ դարձեալ Փանկալթիի Մխիթարեան Վարժարանի մէջ պիտի կայանայ մրցանակաբաշխութիւնը։
Դատակազմը կը բաղկանայ հետեւեալ անուններէ՝ Քրիստին Սալերիի Հիմնադրամի ներկայացուցիչ Ռեհան Սարըպայ, արուեստաբան Մայտա Սարիս եւ նկարիչներ Արդին Տեմիրճի, Ռուբէն Էրոլ Քիւրքչիւօղլու՝ Ժպիտ Պերպերօղլու եւ Էտա Գահրաման։