Քաղաքիս հայ վարժարաններու հետզհետէ սովորական երեւոյթներէն դարձած է աշակերտական խումբերով արտերկրի այցելութիւնները։ Այս ծիրէն ներս օգտուելով տարեմիջեան արձակուրդի առիթէն Ս. Խաչ Դպրեվանքի սաները այցելած էին Ֆրանսա եւ այնտեղ ունեցած էին շահեկան հանդիպումներ մանաւանդ աշխարհահռչակ Սորպոնի համալսարանը այցելելով։
Նման սկզբունքով Բանկալթըի Մխիթարեան Վարժարանի սաներն ալ շուրջ 70 հոգիէ բաղկացող բազմանդամ խումով մը այցելեցին Աւստրիոյ մայրաքաղաք
Վիեննա եւ Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափէշթ։
Եթէ նկատի ունենանք մօտ անցեալի պատմութիւնը, երկու անջատ պետութիւններ ըլլալով ներկայացող այս երկիրները տակաւին մօտ՝ անցեալին կը կազմէին միացեալ կայսրութիւն մը։ Բնականաբար կայսերական երկրի պատմամշակութային ժառանգութիւնը շահեկան է եւ աշակերտները յատկապէս ալ արհիապատիւ Լեւոն Արք. Զէքիեանի ներկայութեան պատճառաւ լի ու լի ըմբոշխնեցին գոյացած առիթը։
Վարժարանի տնօրէնութիւնը այս շրջագայութիւնը նկարագրող գրութիւնը առաքեց պոլսահայ մամուլին եւ մենք ալ այս բոլորը կը կիսենք մեր ընթերցողներուն հետ։
***
Բանկալթըի Մխիթարեան Վարժարանէն 70 աշակերտ եւ ուսուցիչէ բաղկացեալ խումբ մը տնօրէնուհի Եւա Օրագեանի կազմակերպութեամբ 15-18 Ապրիլ թուականներու միջեւ կատարեց շրջապտոյտ մը դէպի Վիեննա եւ Պուտափէշթ։ Պտոյտի տեւողութեան խումբին կ՚ընկերակցէին Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Վիճակաւոր Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան եւ վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Դոկտ. Սարգիս Սիրոբ։
Վիեննայի մէջ իր կեցութեան առաջին օրը խումբը այցելեց Մխիթարեան Մայրավանքը, ուր տղաքը առիթը ունեցան մօտէն ծանօթանալու Միաբանութեան մշակութային հսկայ ժառանգութեան։ Մայրավանքին մէջ ի պահ դրուած հնաբոյր մատեաններուն, անգին հնութիւններուն, թանկարժէք իրեղէններուն, ձեռակերտ հրաշալիքներուն, եկեղեցական անօթներուն, մշակութային նիւթական թէ աննիւթական գանձերուն եւ հայկական դրամներու լիակատար հաւաքածոյին ականատես դառնալը ի հարկէ ա՛լ աւելի սրեց տղոց հետաքրքրութիւնն ու հիացումը։ Սակայն եւ այնպէս վանքին պատմականին, եկեղեցիին, թանգարանին եւ մատենադարանին մասին Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի կողմէ խումբին փոխանցուած սպառիչ տեղեկութիւնները յագուրդ տուին տղոց հետաքրքրութեան եւ ներքին ծարաւին։
Իսկ շրջապտոյտին յաջորդող օրերը յատկացուած էին տեսարժան այլ վայրերու եւ պատմա-մշակութային կոթողներու այցելութիւններուն։ Ուղեցոյցի մը առաջնորդութեամբ աշակերտները Վիեննայի մէջ այցելեցին Հոֆպուրկ պալատը եւ Սիսի թանգարանը։ Յաջորդաբար անոնք այցելեցին քաղաքի խորհրդանիշ Ս. Ստեփանոս տաճարը, Ռաթհաուս հրապարակը, Ծերակոյտի եւ Օփէրայի շէնքերը։ Վիեննայի մասին բաւական ծանօթութիւն ամբարելէ ետք խումբը անցաւ Պուտափէշթ, որ երկար տարիներ որպէս մայրաքաղաք տանտիրութիւն ըրած էր Աւստրիա-Հունգարիա մեծ կայսրութեան։ Քաղաքին մէջ Ս. Ստեփանոս Մայր տաճարին եւ Ծերակոյտի շէնքին այց մը տալէ ետք խումբը շղթաներով կամուրջէն առաջնորդուեցաւ դէպի Պուտայի պալատը, որուն ընդարձակ պարտէզէն առիթն ունեցան ըմբոշխնելու Պուտայի եւ Փէշթի աննման համայնապատկերը։
Այս հաճելի քառօրեայ շրջապտոյտի աւարտին՝ 18 Ապրիլ Հինգշաբթի խումբը վերադարձաւ քաղաքս արտասահմանեան այս երկու պատմական քաղաքներու մասին օգտաշատ ահագին գիտելիքներով եւ ապրումներով հարստացած։
Բանկալթըի Մխիթարեան Վարժարանի համար այլեւս աւանդութեան դարձած այս պտոյտներէն այս տարուանը անշուշտ ունէր իր առանձնայատկութիւնը շնորհիւ ներկայութեան Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի, որ շրջապտոյտի ամէն մէկ փուլին իր անհուն պատմական ու մշակութային մտապաշարէն բաժին հանեց մխիթարեանցի աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն։ Այսպէս՝ դէպի Վիեննա եւ Պուտափէշթ կատարուած այս խիստ ուսուցողական շրջապտոյտը Գերապայծառ Տիրոջ մասնակցութեամբ եւ իր հիւթեղ ու բովանդակալից լուսաբանութիւններու լոյսին տակ դարձաւ ա՛լ աւելի իմաստալից, ա՛լ աւելի շահեկան եւ ա՛լ աւելի հրապուրիչ։